ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ
Սուրբ Լեւոն Մեծ կ՚ըսէ. «Քրիստոնեա՛, ճանչցի՛ր քու արժանապատուութիւնդ։ Քանի որ հիմա մասնակից ես աստուածային Բնութեան, մի՛ վատասերիր վերադառնալով անցեալ կեանքիդ ստորնացումներուն։ Յիշէ՛, թէ խաւարին իշխանութենէն խլեցին քեզ, որպէսզի փոխադրուիս Աստուծոյ լոյսին եւ Արքայութեան». (Սուրբ Լեւոն Մեծ. 390-461)։
Մարդուն մարմինը կը մասնակցի «Աստուծոյ պատկերին» արժանապատուութեան։ Ան «մարդկային մարմին» է՝ ճիշդ անոր համար, որ շնչաւորուած է աննիւթական հոգիով, իսկ ամբողջ «մարդկային անձ»ը իր հերթին սահմանուած է ըլլալու «Հոգիին Տաճարը Քրիստոսի Մարմինին մէջ»։ Թէեւ մարմինէ եւ հոգիէ բաղկացած բայց ճշմարտապէս «մի՛» եղող մարդը, իր մարմնաւոր հանգամանքով, իր մէջ կը համադրէ նիւթական աշխարհին տարրերը՝ որոնք անոր մէջ իրենց գագաթնակէտը կը գտնեն եւ կարող կը դառնան ազատօրէն գովաբանելու իրենց Արարիչը։ Հետեւաբար արգիլուա՛ծ է մարդուն արհամարհել մարմնաւոր կեանքը՝ վիաւորել անոր արժանապատուութիւնը։ Ընդհակառակը ան պարտի գնահետել եւ յարգել իր մարմինը՝ միշտ վեր պահել արժանապատուութիւնը՝ որ ստեղծուած է Աստուծմէ՝ Արարիչ եւ Նախախնամէ, եւ յարութիւն պիտի առնէ «վերջին օր»ը։
Արդարեւ, հոգիին եւ մարմինին միութիւնը այնքան խոր է, որ հա՛րկ է նկատի առնել հոգին իբրեւ «կերպ»ը մարմինին, այսինքն՝ շնորհիւ հոգեւոր «հոգի»ին է, որ նիւթաշէն մարմինը «մարդկային կենդանի մարմին» կը հանդիսանայ։ Հոգին եւ նիւթը մարդուն մէջ իրարու միացած երկու բնոյթ չեն, այլ անոնց միութիւնը կը կազմէ մէ՛կ բնոյթ։ Ուստի, հաւատացեալին մարմինը եւ հոգին այն օրուան սպասելով՝ արդէն իսկ կը մասնակցին «Քրիստոսի» պատկանելու արժանապատուութեա՛ն։ Ասկէ կը ծագի իր սեփական, ինչպէս նաեւ ուրիշին մարմինին հանդէպ յարգանքի պահանջքը։
«Մարմինը… Տիրո՛ջ համար է եւ Տէրը՝ մարմինին։ Եւ Աստուած, որ յորոյց Տէրը, մե՛զ ալ պիտի յարուցանէ Իր զօրութեամբ։ Չէ՞ք գիտեր, թէ մեր մարմինները անդամներ են Քրիստոսի…։ Դուք ձեզի չէք պատկանիր… ձեր մարմիններուն մէջ Աստուած փառաբանեցէ՛ք». (Ա ԿՈՐՆԹ. Զ 13-15. 19-20)։
Հաւատքի Հանգանակը դաւանեցաւ Աստուծոյ պարգեւներուն մեծութիւնը՝ որոնք մարդուն տրուեցան արարչագործութեան եւ աւելի եւս՝ փրկչագործութեան եւ սրբացումին միջոցով։ Հաւատքին դաւանածը, սուրբ խորհուրդները կը հաղորդեն մեզի. «զիրենք վերստին ծնող սուրբ խորհուրդներ», քրիստոնեաները եղան «Աստուծոյ որդիներ». (Ա ՅՈՎՀ. Գ 1), (ՅՈՎՀ. Ա 12), «մասնակցողներ աստուածային բնութեան». (Բ ՊԵՏ. Ա 4)։
Ուստի, իրենց նոր արժանապատուութիւնը հաւատքին մէջ ճանչնալով՝ քրիստոնեաները այնուհետեւ կը կոչուին «Քրիստոսի Աւետարանին արժանի կեանք մը» վարելու եւ վայելելու։
Սուրբ խորհուրդներուն եւ աղօթքին միջոցով, անոնք կ՚ընդունին Քրիստոսի շնորհքը եւ Սուրբ Հոգիին պարգեւները՝ որոնք զանոնք այս նոր կեանքին ատակ կը դարձնեն։
Քրիստոս Յիսուս միշտ կատարեց ի՛նչ որ հաճելի էր Հայր Աստուծոյ։ Ան միշտ ապրեցաւ կատարեալ հաղորդութեան մէջ Անոր հետ։
Մարդուս մարմինը՝ Աստուծոյ շունչով հոգի ստացած՝ դարձած է «Տաճար Սուրբ Հոգիին», եւ այս պատճառով պէտք է պահպանուի մարդուն արժանապատուութիւնը։ Մարդուն հանգամանքը՝ Աստուծոյ որդիներուն վայելած ազատութեան արժանապատուութիւնը կ՚ենթադրէ, անոնց սրտերուն մէջ կը բնակի Սուրբ Հոգին իբրեւ տաճարի մը մէջ։
Քրիստոնեային համար «թագաւորել» Քրիստոսի ծառայել է, յատկապէս աղքատներուն եւ տառապեալներուն՝ որոնց մէջ Եկեղեցին իր «աղքատ» եւ «տառապեալ» Հիմնադրին պատկերը կը ճանչնայ։ Մարդը իր «թագաւորական արժանապատուութիւն»ը կ՚իրականացնէ Քրիստոսի հետ ծառայելու այս կոչումը ապրելով։
Ուստի արժանապատուութիւնը մարդուն հանգամանքն է եւ հա՛րկ է պահպանել եւ խուսափիլ զայն վիրաւորելէ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 17, 2025, Իսթանպուլ