ԶԱՒԱԿ-ԽՈՀԱՆՈՑ-ԵԿԵՂԵՑԻ
Ի տարբերութիւն անցեալի պատկանող համոզումներուն, Խրիմեան Հայրիկ կը հաւատայ, որ տունը կառավարողը ո՛չ թէ տղամարդն է, այլ կինը. Խրիմեան այդ մէկը կը կոչէ «արհեստ». «կնոջ մեծ ու առանձին արհեստն է տան կառավարութիւն, իմաստուն տնտեսութիւն, եւ մայրական դաստիարակութիւն»:
Այս երեք բառերու մէջ կը սահմանէ կնոջ դերը. տունը կառավարել, տնտեսել եւ զաւակներուն դաստիարակութեամբ զբաղիլ: Անշուշտ, միայն այս երեքը չեն կնոջ համար սահմանուածը, սակայն, այս երեքը կարեւորագոյնն է ընտանիք մը կանգուն պահելու համար: Կնոջ նուիրումն ու իմաստութիւնն է, որ տուն մը բարօրութեան եւ կամ թշուառութեան կը տանի. ամուսնոյն բերած գումարներով չէ՛, որ տունը կը հարստանայ. այդ հարստութիւնը լաւագոյնս օգտագործելու համար ան կարիքը ունի տնտեսող իմաստուն կնոջ մը, այդ իսկ պատճառով Խրիմեան զանոնք գործակիցներ կը կոչէ՝ ըսելով. «Իսկ եթէ իրաւապէս կը ճանաչէ, որ կինը իւր կենակից ամուսին է, մինչեւ ցմահ դաշնակից ընկերն է. իւր աշխատութեան հաւասար լծակիցն է, բախտին ու ապերջանկութեան մէջ անբաժանելի կարեկիցն է, իւր մահուան ու շիրմին վերայ լացող ողբերգուն է, իւր թողուցած որբ զաւակներուն խնամատար մայրն է. իւր գերեզմանն օրհնող եւ յիշատակն անմահ պահող ջերմեռանդ այրին է»: Այդ իսկ պատճառով Խրիմեան կ՚ուզէ, որ մարդիկ «հնազանդութիւն» բառին մէջ ստրկութիւն չփնտռեն։ Հնազանդութիւնը երկկողմանի սիրոյ մեծագոյն արտայայտութիւնն ու ապացոյցն է: Հետեւաբար Խրիմեան Հայրիկի տեսակէտը պարզ ու յստակ է. «կին ո՛չ հպատակ է, ո՛չ զինուոր է եւ ոչ ստրուկ ծառայ»:
Ի տարբերութիւն ժամանակուան համոզումին, Խրիմեան Հայրիկ կ՚ուզէր, որ կինը չտեսնենք որպէս «տկար» արարածներ. իր ընտանիքին համար հոգի տուող կին մը տկար ըլլալէ բացի իր զաւակներուն համար, իր ամուսնոյն համար բոց կը դառնայ եւ նոյնիսկ անվախութեամբ դէպի վտանգ կ՚առաջնորդուի. «Ուրեմն պէտք չէ բոլորովին տկար համարել զկին, կարծելով` թէ նա մի հողակերտ ու դիւրաբեկ անօթ է. երբեմն հրացեալ երկաթ կը դառնայ երբ Սուրբ Կրօնին, ամուսնոյն եւ զաւակաց սէր զինքն կը բոցավառէ ու կը մղէ առ ամենայն վտանգ»:
Խրիմեան Հայրիկ կը խօսի նաեւ կնոջ դաստիարակութեան մասին. այդ ժամանակներուն տակաւին շատ մը տեղեր կար այն համոզումը, որ ուսումն ու կրթութիւնը տղամարդոց համար է եւ հետեւաբար աղջիկ զաւակը պէտք չունի դպրոց երթալու. Խրիմեան կը հաւատար, որ կինը հաւասար կարողութիւն ու խելք ունի՝ ինչքան տղամարդը եւ հաւասար ուսման հնարաւորութեամբ կը հաւատար, որ կինը կրնայ զարգանալ ու յառաջդիմել՝ ինչպէս տղամարդը։ Իր ժամանակի համար թէեւ որոշ տեղ անընդունելի, Խմրիեան Հայրիկ իր աշխատութեան մէջ գրի կ՚առնէ հետեւեալ տողը. «Ոչ ոք կը տարակուսի թէ կինն եւս այր մարդուն պէս բանաւոր ու մտաւոր է։ Եթէ մշակուի նորա միտքը` նա կարող է հաւասար յառաջդիմել»: Այս համոզումով է, որ Խրիմեան կը բարձրաձայնէ, թէ «կինը աղախին չէ»:
Այս բոլորին կողքին, Խրիմեան Հայրիկ մեծ տեղ կու տայ մայրութեան՝ դիտել տալով, որ մայրութիւնը պարզ ու դիւրին առաքելութիւն մը չէ. կը պահանջէ զոհողութիւն եւ անձնուիրում։ Հայրիկ մեծ կարեւորութիւն կու տայ մայրութեան եւ կ՚ուզէ, որ կին արարածը իրեն համար առաջնահերթ ու կարեւորագոյնը նկատէ մայրութիւնը՝ որ Երկնաւորէն տրուած շնորհք մըն է: Մայրութեան մէջ առաջնահերթ կը նկատէ սէրը եւ Հայրիկ կը հաւատայ, որ բնութիւնը ինքնին մօր մէջ կը դնէ այդ անսահման սէրը իր զաւակին հանդէպ ու սքանչանալով այդ սիրոյն զօրութենէն կը գրէ. «Ո՜վ, որչա՜փ սքանչելի է բնութեան այս դպրոցը. որ գգուասէր մօր անուշակ գրկարանն է»:
Խրիմեան Հայրիկի այս աշխատութիւնը պէտք է որպէս դասագիրք օգտագործուի մերօրեայ վարժարաններէն ներս, որովհետեւ այդտեղ ճշմարիտ մարդ, ճշմարիտ ընտանիք կազմելու գաղտնիքները կը փոխանցուին: Օրինակ՝ Հայրիկ կը հաւատայ, որ մայր մը պարտաւոր է իր զաւակը իր սեփական կաթով սնուցանել։ Այսօր կը տեսնենք, որ շատ մը մայրեր այդ մէկը իրենց մարմինին «վնաս» նկատելով կը հրաժարին. նման անձերու համար Խրիմեան Հայրիկ կը գրէ. «Մայր մի եթէ մոռնայ այս ծնողական պարտիքը, եթէ այս օրէնքը, այդպիսի մայր, անգորով, գրկիչ եւ պարտազանց է. թող թագուհի լինի, թող իշխանուհի, կամ քաղաքացի եւ շինական, աշխարհիս ո՛ր կարգէն կը լինի թող լինի, նա կարող չէ արդարանալ». նոյնիսկ թագաւորին կինը՝ նիւթական ինչպիսի հարստութեան ալ տէր ըլլայ, պարտաւոր է իր սեփական կաթով սնուցանել զաւակը, որովհետեւ այդ մէկը սնունդէն աւելի վերացական կապ մըն է զաւակին եւ մօր միջեւ։ Խրիմեանի համար անոնք, որոնք իրենց զաւակները սեփական կաթով չեն սնուցաներ՝ «հեղգութիւն, մեղկութիւն, պարապ եւ ունայնախօս» անձեր են: Անոր համոզումով՝ ճշմարիտ մայրը ա՛ն է, որ իր սեփական մարմինը, իր անձը մտածելէ առաջ իր զաւակը կը մտածէ. «ճշմարիտ մայր» ըլլալը այդ մէկը կը պահանջէ:
Այս բոլորը կարեւորութեամբ կը շեշտենք ու կը գրենք, որովհետեւ կը հաւատանք, որ Խրիմեան Հայրիկ եւ իրեն նման ուրիշներ եղած են առաջիններէն, որոնք կարեւորած են կնոջ դերը։ Եւրոպայի մէջ երբ տակաւին նոր սկիզբ կ՚առնէր կնոջական շարժումները, Խրիմեան Հայրիկ անոնցմէ շա՜տ առաջ կը կարեւորէր կնոջ կրթութիւնը:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Աշխարհը ե՞րբ հասկցաւ, որ կինը պէտք է կրթութիւն ստանայ:
Պատասխան. Աշխարհը հիմնականին մէջ 18-19-րդ դարերուն սկսաւ հասկնալ, որ կինը պէտք է կրթութիւն ստանայ. գաղափարը ծնունդ առաւ Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մէջ, որոնք սկսան ընդգծել մարդու իրաւունքները եւ կրթութեան նշանակութիւնը: Այդ ժամանակ սկսան հիմնուիլ աղջկանց վարժարաններ, առաջ եկան կանանց իրաւունքը պաշտպանող շարժումներ եւ հասարակութիւնը սկսաւ կամաց-կամաց հասկնալ, որ կրթուած կինը ո՛չ միայն իր անձնական կեանքին մէջ, այլ նաեւ ընտանեկան կեանքին մէջ դրական ներդրում կ՚ունենայ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան