ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՈՒՍՈՒՑԱՉ ՀԻՄՆԱՐԿԻ ԱՏԵՆԱՊԵՏԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Քիւլէկէչը, որուն ընկերացաւ Մարիամ Տրամէրեան։ Զրոյցի ընթացքին հիւրերը Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տեղեկացուցին, որ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկը թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 60-ամեակը եւ այս առթիւ մշակուած է յոբելենական ձեռնարկներու ծրագիր մը։ Անոնք Նորին Ամենապատուութեան բացատրութիւններ տուին նախատեսուած հանդիսութիւններուն շուրջ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յոբելենական արարողութիւններուն ընդառաջ յաջողութեան ու կարողութեան մաղթանքներ յղեց Ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2025