21 ՕՐՈՒԱՆ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆ. ԿԵԱՆՔԻ ՆՈՐ ՍԿԻԶԲ

Երբեմն կեանքը կը քաշէ մեզ իր առօրեայ հոսանքին մէջ, մինչդեռ մեր հոգին կը մնայ ծարաւ՝ յիշելով այն պարզ, բայց խոր ու կենարար հաճոյքները, որոնց հետ ժամանակ մը կը շնչէինք։ Իմ պարագայիս՝ այդ հաճոյքներէն մին ընթերցանութիւնն էր։

Վերջին տարիներուն ընկերային ցանցերու թրթռուն եւ անվերջ շարժող աշխարհը, օրուան հեւքն ու երկրի մթնոլորտին տաղտուկը աստիճանաբար խլեցին ինձմէ այն լռութիւնը, որ կը պարգեւէր գիրքը՝ դառնալով ընկեր, աշխարհայեացք եւ ապրելու կերպ։ Ընթերցումս միշտ կը սկսէր ոգեւորութեամբ, բայց կը վերջանար կիսատ՝ ինչպէս կիսատ մնացած խոստում մը։ 

Կեանքի արագահոս, անհամբեր հոսանքին մէջ օրերը կարծես կորսնցուցած ըլլան իրենց ձեւն ու գիծը։ Թուային սարքերը, ձեռքի հեռախօսները, ձայնային ծանուցումները, անընդհատ նորութիւնները՝ ամէն ինչը կը ձուլուի աղմուկի մը մէջ եւ այդ աղմուկին մէջ լուռ կը մարի մարդու հոգին։ 

Ընկերային ցանցերը կը նմանին անկուշտ գազանի մը, որուն միշտ պէտք է կերակրել․ պէտք է անընդհատ սթափ ու լարուած ըլլաս, որպէսզի պատասխանես, արձագանգես, բաժնես․․․ Օրուան վերջաւորութեան կը յայտնուի զգացումը, թէ բաւական շփուեցար աշխարհին հետ, բայց իրականութեան մէջ ինքզինքիդ չես հանդիպած այդ ճանապարհին։

Եւ ահա այս խելայեղ ընթացքին մէջ օր մը որոշեցի կանգ առնել։ Մտածեցի՝ փորձել այն աւանդական եղանակը, որուն մասին շատ կը խօսուի՝ «21 օրուան կանոնը»՝ վերադառնալու ընթերցանութեան։ 

Թէեւ «21 օրուան կանոն»ին շուրջ գոյութիւն ունին տարակարծութիւններ, բայց ես ուզեցի զայն դարձնել անձնական փորձառութիւն մը՝ իմ ընթերցանութեանս վերադառնալու միջոցը։ Իրականութեան մէջ ատիկա միայն ընթերցանութեան վերադառնալու փորձ չէր․ աւելի խոր՝ ինքզինքիս հետ նոր կապ հաստատելու ձեւ մըն էր։

Այս յօդուածը իմ փորձառութիւնս է։ 

21 ՕՐ․ ՄԱՐԴՈՒ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԻ ՆՈՒԱԶԱԳՈՅՆ ՃԱՄԲԱՆ

Մարդու ուղեղը զարմանալիօրէն ճկուն համակարգ մըն է։ Անիկա կը սորվի, կը փոխուի, կը մոռնայ եւ կը վերստեղծուի՝ ըստ այն բանին, թէ մենք ինչի՛ վրայ կը կեդրոնանանք։ Այս յատկութիւնը ծնունդ տուած է հանրաճանաչ համոզումի մը, թէ նոր սովորութիւն մը ձեւաւորելու համար անհրաժեշտ է 21 օր։

Այս գաղափարը սկիզբ առած է 1960-ականներուն՝ ամերիկացի գեղեցկագիտական վիրաբոյժ Մաքսուէլ Մալցի դիտարկումներէն։ Ան նկատած է, որ իր հիւանդները միջինը երեք շաբթուան ընթացքին կը յարմարուին իրենց նոր արտաքինին կամ մարմնական փոփոխութեան։ Այդ մէկը յետագային դարձած է ինքնազարգացման դասական սկզբունքներէն մէկը եւ ներմուծուած է հոգեբանական գրականութեան մէջ։ 

Բայց արդեօք իսկապէս երեք շաբաթը բաւարա՞ր է մարդուն ներսը բան մը փոխելու։ Ժամանակակից գիտութիւնը աւելի նրբօրէն կը բացատրէ՝ սովորութիւնը կը յառաջանայ ո՛չ միայն ժամանակի չափով, այլ՝ յաճախականութեան եւ ներքին շարժառիթի շնորհիւ։ 

Ժամանակակից ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, թէ սովորութիւն ձեւաւորելու տեւողութիւնը կախեալ է մարդուն բնաւորութենէն, գործողութեան բնոյթէն եւ միջավայրին աջակցութենէն։

Լոնտոնի համալսարաններէն մէկուն մէջ կատարուած հետազօտութիւն մը կը փաստէ, որ ատոր համար միջինը կը պահանջուի 66 օր, բայց տատանումը կրնայ ըլլալ 18-էն մինչեւ 254 օր։

Այնուամենայնիւ, գիտնականներն ալ կը հաստատեն, թէ առաջին 21 օրերը ամենակարեւորն են։ Այդ օրերուն ուղեղը կը սկսի ընդունիլ նոր վարքագիծը որպէս բնական, իսկ մարդը կը յաղթահարէ ներքին դիմադրութիւնը՝ այն ներքին ձայնը, որ միշտ կը փորձէ պահել զինք հին սովորութեան մէջ։

21 օրը, ըստ էութեան, սահման է։ Կարճ է, բայց ոչ՝ չափազանց կարճ․ հնարաւո՛ր է գրաւել անոր գագաթը։ Մարդը կը տեսնէ աւարտի հորիզոնը, եւ այդ գիտակցութիւնը կը դարձնէ իր շարժիչ ուժը։ Մարդկային ուղեղը կը գործէ ըստ կրկնութեան սկզբունքին. ամէն գործողութիւն, որ կը կրկնուի գիտակցաբար, կը ձեւաւորէ նեարդներու նմանող ուղիներ, իսկ երբ այդ ուղին կը դառնայ կայուն, սովորութիւնը կը դառնայ բնազդային։

21 օրը կախարդական թիւ մըն չէ, այլ խորհրդանշական ժամանակամիջոց մը, երբ նոր վարքագիծը կը ստանայ իր առաջին արմատը։

Առաջին օրերը կ՚ըլլան ամենադժուարը՝ կամքի պայքար, ուշադրութեան փորձութիւն, խանգարիչներու դէմ դիմադրութիւն։ Բայց երբ կը յաղթահարես այդ սահմանը, մնացեալը կը դառնայ հոսք։

21 օրը նաեւ հոգեբանական հաւաստիացում է․ թիւ մը, որ կարծես կը խոստանայ, թէ փոփոխութիւնը կարելի է եւ այդ հաւատքը, որքան ալ պարզ, կ՚ունենայ իր ուժը։ Որովհետեւ մարդուն ամենամեծ շարժիչ ուժը իր սեփական համոզումն է, թէ ինք կրնա՛յ։

Երբ սկսայ այս 21 օրուան փորձին, նպատակս պարզ էր՝ օրական գոնէ կէս ժամ ընթերցում առանց խափանումի։ Առաջին օրերը դժուար էին․ հեռաձայնս կարծես մշտական ձայն մըն էր՝ կը նեղէր, կը գայթակղեցնէր։ Բայց օրերը անցան, ես հետզհետէ սկսայ ըմբոշխնել այն խաղաղութիւնը, որ միայն գիրքը կրնայ տալ։ Կէս ժամը հանգիստ կերպով կը դառնայ մէկ ժամ․․․

Ինծի համար գիրքը վերադարձաւ իր նախնական դերին, որ ունեցած է՝ հոգեւոր տուն, ուր կրնամ պատսպարուիլ։ Ամէն էջին հետ կը զգաս, թէ որքան տաքուկ եւ ապահով է այդ տունը։ 

Այս ընթացքին սորվեցայ քանի մը պարզ բաներ․

Մեծ բաներու տանող ճանապարհին պէտք է սկսիլ փոքր քայլերով։ 

Պէտք է կարճ նօթերով գրի առնել ամէն օրուայ եղածը, որպէսզի տեսնես, թէ ինչպէ՛ս կը փոխուիս։

Պէտք չէ դատել ինքզինքդ, երբ օր մը կը ձախողիս։

Եւ ամենակարեւորը՝ պէտք է կապել նոր սովորութիւնը հաճոյքի եւ ոչ՝ պարտադրանքի հետ։

Եթէ յաջողիս 21 օր շարունակ ընել նոյն բանը՝ ամբողջական գիտակցութեամբ, ապա արդէն սկսած ես ձեւաւորել նոր ինքնութիւն մը։

Իմ փորձառութիւնս համոզեց զիս, թէ ընթերցանութեան վերադառնալը իրականութեան մէջ թուացեալ կորսուած անցեալէն կտոր մը վերագտնել է։

Հանգստացնող միտք ալ կը ծնի․ երբ օր մը դարձեալ զգաս, թէ կեանքը կը զրկէ քեզ քու սիրած զբաղումէն, արդէն գիտես 21 օրուան կանոնը․․․

21 օրուան կանոնին գաղափարը տարիներ կիրարկուած է աշխարհին մէջ եւ տակաւին կը տարածուի կրթութեան եւ համայնքային ծրագիրներու մէջ։ Արդիւնքը միշտ նոյնն է՝ հոգեկան վերակառուցում։ Մարդը կը սորվի դառնալ գիտակից։ Եթէ մարդը կարողանայ իր առաջին 21 օրը անցընել գիտակցաբար, կը սկսի կեանքը ապրիլ, ոչ թէ յետաձգել։

ՀԵՌԱՑՈՒՄ ԳԻՐՔԷՆ

Երբ մարդը կը հեռանայ գիրքէն, աշխարհը կը կորսնցնէ իր շեշտը։ Լոյսը կը դառնայ աւելի աղօտ, իսկ ձայները կը վերածուին աղմուկի։ Մինչդեռ միակն է գիրքը, որուն մէջ ժամանակը կը նստի քու դիմացդ ու կը սպասէ, մինչեւ որ խօսիս։ 

Այն համբերութիւնը ունի գիրքը, զոր ոչ մէկ արարած ունի։ Յաճախ կը խորհիմ, որ գիրքը կենդանի է, ոչ թէ առարկայ է, այլ՝ շնչող էութիւն։ Երբ կը փակես էջը, ան կը շարունակէ քեզի հետ խօսիլ, բայց՝ լուռ։ Երբ կը քնանաս, ան կը սպասէ։ Երբ տարիներ վերջ կրկին բանաս, ան կարծես տակաւին կը յիշէ, թէ ո՛ւր ձգած էիր աչքերդ։

Գիրքին տուած տարածքը այն հազուագիւտ տեղն է, ուր կարելի է ապրիլ դանդաղ, առանց մեղաւոր զգալու, որ դանդաղ ես։ Այնտեղ բառերը չեն վազեր, այլ կը քալեն քու քովէդ, կը սպասեն, մինչեւ որ պատրաստ ըլլաս լսելու։

Նախքան գիրքը գոյութիւն ունենալը՝ մարդիկ կը պատմէին, կը փոխանցէին, կը յիշէին։ Բայց գիրքը եկաւ պահելու այն, ինչ մարդը չէր կրնար պահել իր մէջ՝ ժամանակը։

Անոր համար գիրքը կը մնայ ամենահին ու միաժամանակ ամենանորարար հրաշքներէն մէկը։ Գիրի նմանող առաջին նշանները խազուեցան Միջագետք՝ կաւէ տախտակներու վրայ, մարդիկ սկսան իրենց մտածումները հողին մէջ ձգել։ Այդ հողը պիտի դառնար մարդկութեան յիշողութիւնը։

Դարե՜ր անցած են ու գիրքը փոխուած է՝ մատեանէն մինչեւ տպագիր էջ, ձեռագիրէն մինչեւ թուային էքրան, ձայնային գիրք․․․ Բայց անոր էութիւնը մնացած է նոյնը՝ պահել մարդուն միտքն ու փոխանցել զայն ուրիշին։ 

Եւ ի վերջոյ, գիրքը եզակի առարկայ մըն է, որ կրնայ ապրիլ հազար տարի՝ առանց հիննալու։ Երբ կը բանաս հին հատոր մը, բառերը տակաւին թարմ են՝ ինչպէս քարի վրայ փորագրուած աղօթք մը։

Գիրքը միայն պարզ ընկեր մը չէ, այլ հայելի մըն է։ Յաճախ կարդալու ժամանակ կը տեսնես ինքզինքդ։ Հեղինակը կը գրէ իր փորձառութիւնը, բայց, ընթերցողը անոր մէջ կը գտնէ ինքզինք։ Ուստի, զայն միշտ զոյգի յարաբերութիւն է՝ գրողի եւ ընթերցողի միջեւ։

Յաճախ կ՚ըսուի․ «Գիրքը ինծի փոխեց»։ Բայց գիրքը ոչինչ կ՚ընէ՝ այն միայն կը բացուի, էջերը քու առջեւդ են, իսկ փոփոխութիւնը տեղի կ՚ունենայ ընթերցողին մէջ, երբ ան կը հանդիպի բառերու ճշմարիտ ձայնին։

ԳԻՐՔԸ ԴԱՐԵՐՈՒ ԸՆԹԱՑՔԻՆ

Դարերու ընթացքին գիրքը եղած է իշխանութիւն եւ ապաստան, կրակ ու լոյս տուող։ Միջնադարեան վանականները ձեռագիր կը պատճէնէին մոմի լոյսին տակ՝ իբրեւ աղօթք։ Աղէտներու ժամանակ մարդիկ ձեռագիրներուն, գիրքերուն միջոցով կը փրկէին իրենց հաւատքն ու մշակոյթը։

Գիրքը եղած է նաեւ յեղափոխութեան գործիք։ Տոսթոեւսքին գրեց խիղճի մասին այնպիսի կերպով, որ ողջ Եւրոպան սկսաւ խորհիլ մեղքի եւ ազատութեան սահմաններուն մասին։ Սիամանթոն, Վարուժանը, Թումանեանը, մեր միւս գրողները իրենց գիրքերով միայն բառ ու բանաստեղծութիւն չկերտեցին, այլ՝ ինքնութիւն։ Եւ ի վերջոյ, գիրքը՝ յիշողութեան վերջին ապաստանն է։ 

Գիրքը կը պահէ այն, ինչ մարդը կը մոռնայ։ Երբ ազգ մը կը կորսնցնէ իր գիրքը, գրաւոր մշակոյթը, կը կորսնցնէ նաեւ իր ձայնը։ Հայ գրականութիւնը ինքնին ապացոյց մըն է, որ գիրքը կրնայ կրել ամբողջ ժողովուրդի մը հաւաքական ոգին։

Եւ այսօր ալ գիրքը ունի նոյն ուժը, նոյն նուրբ, բայց տիրական ազդեցութիւնը։ Թէեւ աշխարհը փոխուած է եւ տպագիր թուղթը շատերուն համար փոխարինուած է զգայուն էքրանով, գիրքը կը մնայ այն տեղը, ուր լոյսը բնական է եւ ոչ՝ արհեստական։

Քիչ չեն այնպիսի մարդիկ, որոնք կը կարծեն, թէ գիրքը կը պատկանի անցեալին։ Գիրքը, որ ժամանակին մարդուն հոգեկան տաճարն էր, այսօր շատերուն համար դարձած է ծանր առարկայ մը՝ աւելորդութիւն դարակին մէջ կամ փոշոտ յուշ։

Բայց իրականութիւնը տարբեր է։ Գիրքը երբեք չի կորսնցներ իր արժէքը, որովհետեւ ան չի ծերանար։ Արհեստագիտութիւնը կը փոխէ ձեւերը, բայց ոչ էութիւնը։ Թէկուզ գիրքը այսօր լսես ձայնային ձեւով, կամ կարդաս էքրանին վրայ՝ այն դեռ գիրք է, որովհետեւ կը պահպանէ իր հիմնական առաքելութիւնը՝ հաղորդել միտք, փոխանցել զգացում, ստեղծել ներքին երկխօսութիւն։

Գիրքը ո՛չ միայն գոյութիւն ունի, այլ կը վերածուի դիմադրութեան ձեւի։ Ընթերցելը այսօր համարձակութիւն է․ համարձակութիւն է՝ դէմ դնելու արագութեան մշակոյթին, մոռացութեան ճնշումին, տեղեկատուութեան բերած աղմուկին։

Երբ երիտասարդ մը այսօր կը վերցնէ գիրք մը՝ հեռաձայնը քիչ մը անդին ձգելով, ան կը կատարէ փոքր յեղափոխութիւն մը։ 

Գիրք կարդալ՝ այս ժամանակաշրջանին, կը նշանակէ ըսել. «Ես յաղթած եմ»։

Եւ այդ միտքը արդէն ինքնին քաղաքական, մշակութային ու հոգեւոր դիրքորոշում է։

ԳԻՐՔԸ՝ ՄԱՐԴՈՒՆ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ

Գիրքը նաեւ ազատութեան տարածք մըն է։ Ան չի դներ սահմաններ, չի պատժեր սխալ կարծիքի համար, չի պահանջեր համակրութիւն։ Գիրքը կը լսէ քեզ՝ առանց դատելու։ Ան կը սորվեցնէ մտածել առանց վախի։

Անշուշտ, գիտենք նաեւ, որ գիրք կարդացող մարդը միշտ վտանգ է բռնապետութեան համար։ Որովհետեւ անոր մէջ կը ծնին հարցումներ, որոնք չեն լռեր։ Դարեր շարունակ գիրքեր այրուեցան, արգիլուեցան, հալածուեցան՝ որովհետեւ անոնք կրնային բանալ միտքի դռներ։ Բայց նոյն դռները ամէն անգամ դարձեալ բացուեցան։ Ոչ մէկ կրակ երբեք կարողացաւ մոխիր դարձնել բառը։

Երբ մարդը կը կտրուի գիրքէն, ան կը կորսնցնէ լեզուին բուրմունքը։ Բառերը կը մաշին, կը կարճանան, կը դառնան գործիքներ միայն։ Բայց առանց գիրքի, մարդը կը կորսնցնէ իր լեզուն, հետն ալ իր ներքին հնչիւնը։

Եւ մինչ աշխարհը կը վազէ արագութիւններու ետեւէն, գիրքը կը մնայ միակ տեղը, ուր կարելի է կանգ առնել։

Երբ կը փակես գիրքը, աշխարհի ձայները դարձեալ կը հնչեն։ Բայց արդէն այլ կերպով․․․

21-ՐԴ ԴԱՐՈՒ ԱՆԳՐԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ

Հայերէնին մէջ բառ մը կայ՝ «անգրագէտ», որ կը նշանակէ անուս, տգէտ։ Բայց այս դարուն ծնած է ուրիշ տեսակ անգրագիտութիւն մը․ մարդիկ կարդալ գիտեն, գրել ալ կը կարողանան, բայց չեն ըմբռներ։ Անոնք գիտեն հեռաձայնին էքրանին վրայ մատով սահել, բայց չեն գիտեր կանգ առնել։ Գիտեն կարդալ վերնագիրները, բայց չեն թափանցեր տողերուն խորքը։ Անգրագիտութիւնը այլեւս գիտելիքի բացակայութիւնը չէ, այլ՝ ուշադրութիւն ունենալու եւ խորքով ըմբռնելու անկարողութիւնը։

Այսօրուան մարդը լեցուն է տեղեկատուութեամբ՝ կը կարդայ տասնեակ լուրեր, հաղորդագրութիւններ, մեկնաբանութիւններ, բայց այդ ամբողջը «կ՚անցնի իր վրայէն․․․»։ Ի վերջոյ կը յայտնուի յոգնածութիւն մը, որուն անունը «հոգեւոր աղքատութիւն» է։ Մարդը կը գիտնայ ամէն ինչէն քիչ մը, բայց ոչինչ կը գիտնայ ամբողջէն։ Լեզուն կը մաշի, երբ չսնիր գրականութենէ։ Այսօրուայ հաղորդակցութիւնը տափակ է՝ առանց խորքի, առանց երանգի։ Երբ մեր խօսակցութիւնները կը սահմանափակուին կարճ պատասխանով, ժպիտի, արցունքի հեռախօսային նշաններով կամ արագ արձագանգով, բառը կը կորսնցնէ իր միսն ու ոսկորը։ Արդիւնքը՝ հոգի մը առանց արտայայտութեան։

Մինչդեռ՝ գիրքը կ՚ապահովէ տարածք մը, ուր բառը կը շնչէ։ Երբ կը կարդաս, կը հանդիպիս լեզուի տարբեր շերտերուն՝ լռութեան, ենթաթեքստի․․․

Ժամանակակից աշխարհը անսահման տեղեկութիւն կը նետէ մեր վրայ՝ ինչպէս ալիքներ, որոնք իրարու կը խառնուին։ Բայց որքան շատ գիտնանք, այնքան քիչ կը հասկնանք։ Գիտելիքը այլեւս չի մարսուիր։ Մենք չենք խորհիր, կը փոխադրենք։ Կը սպառենք ո՛չ թէ միայն սնունդը, այլ նաեւ բառերը։

Աշխարհի բազմաթիւ համալսարաններու մէջ այսօր կը խօսուի «deep reading» հասկացութեան մասին՝ խորքային ընթերցում։ Այդ շարժումը կը փորձէ հակազդել ցանցային թեթեւ ընթերցման մշակոյթին։ «Խոր ընթերցում»ը կը նկատուի այն փորձը, երբ ընթերցողը ո՛չ միայն աչքով կը հետեւի տողերուն, այլեւ միտքով, զգացմունքով եւ զգայարաններով կ՚ընկղմի թեքստին մէջ։ Այս միջոցը կ՚օգնէ բացայայտել ենթաթեքստերը, համեմատել գաղափարները եւ գտնել կապեր թեքստի զանազան շերտերուն միջեւ։ Այսօր նոյնիսկ գիտնականները կը փաստեն, թէ տպագիր գիրք կարդալը աւելի լայն ուղեղային գործունէութեան կը մղէ, քան՝ էքրանին վրայ ընթերցելը։

Ուստի, գիրք կարդալը ժամանակներու լռակեաց նաւարկութիւնն է՝ դանդաղ ու խոր, որ կը բանայ հոգին, կ՚օգնէ կերտել ներքին հոսանքներ, հասկնալ աշխարհն ու ինքդ ձեզ։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2025