ԼԱՒՐՈՎ-ԱՐԱՂՉԻ ԶՐՈՅՑ

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ բացի երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքէն, նախարարները անդրադարձան տարածաշրջանային իրադարձութիւններուն՝ մանաւանդ անվտանգութեան հարցերուն։

Արաղչի խօսեցաւ Թեհրանի նախաձեռնութիւններուն շուրջ, որոնց նպատակն է խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդումը, նաեւ տարածաշրջանի երկիրներուն հետ դիւանագիտական խորհրդակցութիւնները։ Իր կարգին, Լաւրովն ալ նշեց, որ Մոսկուա միշտ պատրաստակամ է՝ շարունակելու համար այդ հարցերու մէջ Թեհրանի հետ սերտ համակարգումը։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 21, 2025