ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՐՑԻ ՇՈՒՐՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը Ա­թէն­քի մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ ՄԱԿ-ի Սու­րիոյ հար­ցով յա­տուկ պա­տուի­րակ Սթե­ֆան Տը Միս­թու­րա­յի հետ։ Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս, որ Ա­թէն­քի մէջ կը գտնուի մի­ջազ­գա­յին հա­մա­գու­մա­րի մը մաս­նակ­ցե­լու նպա­տա­կով, հան­դի­պում­ներ կ՚ու­նե­նայ նաեւ Յու­նաս­տա­նի պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիին հետ։ Ան­թի­լիա­սի աղ­բիւր­նե­րու հա­ղո­րդում­նե­րով, ան Սթե­ֆան Տը Միս­թու­րա­յի հետ շօ­շա­փեց Սու­րիոյ առ­կայ ընդ­հա­նուր կա­ցու­թեան եւ վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րուն շուրջ խնդիր­ներ։ Տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու եւ տե­սա­կէտ­նե­րու փո­խա­նա­կու­մէն վերջ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը ման­րա­մաս­նօ­րէն ներ­կա­յա­ցուց Սու­րիոյ հար­ցի խա­ղաղ լուծ­ման վե­րա­բե­րեալ իր պատ­կե­րա­ցու­մը։

Ա­ռա­ջին հեր­թին, Նո­րին Սրբու­թիւ­նը շեշ­տեց սու­րիա­կան տագ­նա­պին քա­ղա­քա­կան լու­ծում տա­լու հրա­մա­յա­կան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը՝ յի­շեց­նե­լով, որ նման տագ­նապ­նե­րուն մնա­յուն ու ամ­բող­ջա­կան լու­ծում կա­րե­լի չէ տալ սոսկ զի­նուո­րա­կան մի­ջամ­տու­թեամբ: Քա­ղա­քա­կան լու­ծում կ՚են­թադ­րէ քա­ղա­քա­կան գոր­ծըն­թաց՝ մաս­նակ­ցու­թեամբ խա­ղաղ լուծ­ման յանձ­նա­ռու բո­լոր կող­մե­րուն: Նման գոր­ծըն­թա­ցին պէտք է մաս­նակ­ցին կող­մե­րը ա­ռանց նա­խա­պայ­մա­նի, ո­րով­հե­տեւ վեր­ջին խօս­քը կը պատ­կա­նի ժո­ղո­վուր­դին, ը­սաւ Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս: Ա­պա, Նո­րին Սրբու­թիւ­նը ա­ռա­ջար­կեց Տը Միս­թու­րա­յին, որ կող­մե­րը նման յանձ­նա­ռու­թեան մղող ու քա­ղա­քա­կան գոր­ծըն­թա­ցին յստակ ուղ­ղու­թիւն տուող «ճամ­բու քար­տէ­ս» մը պատ­րաս­տէ՝ յա­տուկ ու­ղե­գի­ծով ու ժա­մա­նա­կա­ցոյ­ցով: Ան նաեւ յի­շե­ցուց Մ­­ԱԿ­-ի պա­տուի­րա­կին, որ բնա­կա­նա­բար նման նա­խա­ձեռ­նու­թեան գծով անհ­րա­ժեշտ է ու­նե­նալ մի­ջազ­գա­յին ու շրջա­նա­յին ու­ժե­րուն օրհ­նու­թիւ­նը: Շա­րու­նա­կե­լով իր պատ­կե­րա­ցու­մը, Նո­րին Սրբու­թիւ­նը ա­ռա­ջար­կեց Տը Միս­թու­րա­յին, որ յի­շեալ ծրագ­րի գոր­ծադ­րու­թիւ­նը ա­ւե­լի հնա­րա­ւոր կրնայ դառ­նալ եր­կու անհ­րա­ժեշտ քայ­լե­րէ մեկ­նե­լով՝ ա­ռա­ջին, ընդ­հա­նուր զի­նա­դուլ եւ ար­տա­քին զի­նուո­րա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւն­նե­րու դա­դա­րե­ցում ու երկ­րորդ՝ հանգ­րուա­նա­յին մօ­տե­ցում թէ՛ «ճամ­բու քար­տէ­ս­»ին մէջ ճշդուած սկզբունք­նե­րու գոր­ծադ­րու­թեան եւ թէ շրջան­նե­րու մէջ ա­պա­հո­վու­թեան հաս­տատ­ման: Այս վեր­ջին կէ­տին գծով, Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս ա­ռա­ջար­կեց սկսիլ Հա­լէ­պէն, նկա­տի ու­նե­նա­լով քա­ղա­քին քրիս­տո­նեայ-իս­լամ նկա­րա­գի­րը ու պատ­մա­կան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը:

Մ­­ԱԿ­-ի պա­տուի­րա­կը ամ­բող­ջու­թեամբ հա­մա­ձայն գտնուե­ցաւ Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սի պատ­կե­րա­ցու­մին ու ա­ռա­ջարկ­նե­րուն, միա­ժա­մա­նակ ան իր մտա­հո­գու­թիւ­նը յայտ­նեց կարգ մը կող­մե­րու մօ­տեց­ման, ինչ­պէս նաեւ ար­տա­քին կող­մե­րու հե­տապն­դած նպա­տակ­նե­րուն գծով: Ան նաեւ հա­մա­ձայն գտնուե­ցաւ, որ Հա­լէ­պը դառ­նայ ա­ռա­ջին հանգ­րուա­նը Սու­րիոյ տագ­նա­պը քա­ղա­քա­կան լուծ­ման ա­ռաջ­նոր­դող գոր­ծըն­թա­ցին: Այս շրջագ­ծէն ներս, Տը Միս­թու­րա յի­շե­ցուց Նո­րին Սրբու­թեան, որ դժբախ­տա­բար ար­տա­քին ո­րոշ կողմ մը պատ­ճառ հան­դի­սա­ցաւ, որ ա­միս­ներ ա­ռաջ Հա­լէ­պի հա­մար պատ­րաս­տած իր ա­պա­հո­վա­կան ծրա­գի­րը ձա­խո­ղու­թեան մատ­նուի:

Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս յի­շեց­նե­լով Տը Միս­թու­րա­յին, որ հայ հա­մայն­քը Սու­րիոյ կա­րե­ւոր քրիս­տո­նեայ հա­մայնք­նե­րէն մէկն է, անհ­րա­ժեշտ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց հայ հա­մայն­քին ու յատ­կա­պէս Հա­լէ­պի մէջ ա­նոր դի­մագ­րա­ւած դժուա­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին:

 

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2015