ՄՏԱՀՈԳԻՉ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Եոհան Վատեփուլի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆի հետ։ Քննարկուեցան Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան վերջ դնելու ուղղեալ ջանքերը։

Նկատի ունենալով, որ ԱՄՆ հակամարտութեան կարգաւորման համար նոր առաջարկ մը ներկայացուցած է՝ Գերմանիա շարժման անցած է այս ուղղութեամբ։ Մօտալուտ ձմրան ընդառաջ Պերլին մտահոգ է՝ ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու վրայ յարձակումներու հաւանականութենէն։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 21, 2025