ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ՂԱԶԱԽԻՍՏԱՆ ԿԸ ՁԳՏԻՆ ՆՈՐ ՀԱՐԹՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՎՐԱՅ ԴՆԵԼ ԻՐԵՆՑ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ

Հայաստան եւ Ղազախիստան կը ձգտին նոր հարթութեան մը վրայ դնել իրենց յարաբերութիւնները եւ այս ամբողջին մէջ ներդրումային աշխուժութիւնը նոր թափ պիտի ստանայ։ Երեւան եւ Աստանա կը ձգտին ռազմավարական գործընկերութեան մակարդակի բարձրացնել իրենց համագործակցութիւնը։

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դէպի Աստանա պաշտօնական այցելութեան շրջանակներէն ներս հիւրնկալուեցաւ Ղազախիստանի նախագահ Քասըմ Ճէօմերթ Թոքաեւի կողմէ։ Այս վերջինը նշեց, որ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները բաց են՝ հիմնուած փոխադարձ վստահութեան վրայ։ Երեւանի եւ Աստանայի համագործակցութիւնը սերտ է նաեւ թէ՛ տարածաշրջանային եւ թէ միջազգային հարթակներու վրայ։ «Մեր յարաբերութիւնները առանձնայատուկ են եւ մենք մեծ հնարաւորութիւններ ունինք՝ բազմակողմանիօրէն համագործակցութիւնը զարգացնելու», ըսաւ Թոքաեւ։ Աստանայի մէջ, դիմաւորման պաշտօնական արարողութենէն վերջ, Փաշինեան եւ Թոքաեւ ունեցան առանձնազրոյց մը, որմէ վերջ գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Կը հաղորդուի, որ օրակարգի վրայ են Երեւանի եւ Աստանայի միջեւ ուղիղ թռիչքներ կազմակերպելու ծրագրերը։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 21, 2025