ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԸ
«Եկէ՛ք, իջնենք եւ անոնց լեզուն հոն խառնակենք, որպէսզի ոեւէ մէկը իր ընկերին լեզուն չհասնկայ». (ԾՆՆԴ. ԺԱ 7)։
Մարդոց իրարու հետ հաղորդակցելու եւ իրար հասկնալու կարողութիւնը, թէեւ ուրիշ արարածներու նկատմամբ մարդուն յատուկ կարողութիւն մը չէ, բայց տարբեր լեզուներով խօսիլը միայն մարդուն յատուկ իրողութիւն մըն է։ Եւ այս իրողութիւնը մարդոց միջեւ անհամաձայնութիւններու եւ անհաղորդակցութիւններու պատճառ կ՚ըլլայ՝ ինչ որ սկիզբէն իսկ եղած է, ինչպէս կը վկայէ Սուրբ Գիրքը՝ ԾՆՆԴՈՑ ԺԱ 7 համարին մէջ. «… անոնց լեզուն հոն խառնակենք»։
Մարդիկ, ընդհանրապէս, որոշ ժամանակաշրջանէ մը վերջ իրար հասկնալ կը սկսին, բայց լեզուներու տարբերութիւնը արգելք կը հանդիսանայ անոնց իրերհասկացողութեան։
Եւ մարդիկ դարե՜ր այս արգելքը վերցնելու համար աշխատած են։
Թարգմանութիւնը այս արգելքին վերացո՛ւմն է. մտածումին խօսքի վերածուած միջոցին յայտնուած տարբերութիւնը եւ աններդաշնակութիւնը համաձայնեցնելու արուե՛ստը։
Իր լայն առումով, հաւասարութիւնը՝ բոլոր մարդոց, անխտիր ցեղակից ըլլալուն բնական մէկ արտայայտութիւնը եւ հետեւանքն է։ Թէ ի՞նչ կը նշանակէ այս։ Զոր օրինակ, ֆրանսացին երբ «ma mére» կ՚ըսէ՝ անգլիացիին ըսած «my mother»ը, գերմանացիին «meine mutter»ը, թուրքին «annem»ը, հայուն «մայրս»ը՝ ընդհանուր առումով «կին-մարդ»ը, այսինքն թէեւ բառերը տարբեր, բայց ամբողջութեան մէջ «անձ» մը, «կին մարդ»ը կը մտածեն եւ իրենց տեսանկիւնէն կ՚անուանեն զայն։
Եւ այս իմաստով, լեզուի նկատմամբ «հաւասարութիւն»ը նոյն գաղափարին տարբեր ձեւերով արտայայտութեան ստեղծած տարբերութեան ներդաշնակութիւնն է։ Այս կէտին, «հաւասարութիւն»ը իր ամենալայն առումով, ներկայ առիթներէն նոյնչափ օգտուելու կարողութեան արտացոլուած վիճա՛կն է։ Արդարեւ, կան գաղափարներ, ըմբռնումներ եւ զգացումներ՝ որոնք հասարակաց են ամբողջ մարդկութեան։ Ասոնք՝ գութ, սէր եւ մայրական իւրայատուկ զգացումն են։ Հետաքրքիր է, որ այս երեքը ամէն մէկ մարդու հոգիին մէջ ընդոծին են, բայց հետզհետէ ընկերային կեանքի զանազան ազդեցութիւններով կրնան թաքցուիլ կամ նուազիլ։
Ահաւասիկ, թարգմանութեան կարեւորութիւնը ա՛յն է, որ մտածումներու տարբեր արտայայտութիւնները կը ներդաշնակէ եւ հասկնալի կը դարձնէ։
Անշուշտ, այս կէտին, պէտք է ուշադրութիւն ընել «ծուղակ» խաբեբայական-կեղծ նմանութիւններու։ Այս պատճառով որեւէ թարգմանութեան ատեն բառարանը երբեք պէտք չէ՛ բացակայի՝ ուր միայն կարելի է գտնել իսկական-ճշմարիտ նմանութիւնները։
Թարգմանութեան սկզբունքներու մասին հետաքրքիր է Williamowitz համբաւաւոր լեզուաբանի խօսքը. «Ճշմարիտ թարգմանութիւնը հաղորդակցութիւն է»։
Արդարեւ, քննադատութիւնը, ամէն մարզի մէջ բնական եւ անհրաժեշտ գործընթաց մըն է։ Քննադատութեան հանդուրժողութեամբ կարեւորութիւն ընծայել՝ քննադատուողին ինքզինք սրբագրելու եւ յառաջդիմելու բարեպատեհ առիթ մըն է։ Եւ ինչպէս ամէն մարզի մէջ, թարգմանութեան մէջ ալ քննադատութիւնը անհրաժե՛շտ է, քանի որ թարգմանութիւնը արուեստ մըն է՝ արուեստ մը, որ կ՚ամբողջանայ գիտութեամբ։
«Traduttore traditore», այս խօսքը կը նշանակէ՝ թարգմանիչը անվստահելի է, կամ դաւաճան։
Փոխաբերական իմաստով՝ թարգմանիչին թարգմանութեան ընդհանրապէս պէտք չէ վստահիլ, քանի որ կրնայ բնագրին բուն գաղափարը բացատրած, այսինքն թարգմանած չըլլալ, ուրիշ խօսքով՝ շատ անգամ բնագրին բուն գաղափարը արտացոլած չ՚ըլլալ թարգմանութեան մէջ։
Այս պատճառով Սուրբ Գիրքի հայերէն թարգմանութիւնը՝ «Թարգմանութիւններու թագուհին» է…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 20, 2025, Իսթանպուլ