Ուրբաթ 29, Նոյեմբեր 2024
ՓԱԹՐԻՔ ՎԻԱԼ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ տարածքաշրջանային բաժանմունքի տնօրէն Փաթրիք Վիալ այս օրերուն շփումներ կ՚ունենայ Երեւանի մէջ։ Այս առաւօտ տարածքաշրջանային տնօրէնը հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի կողմէ։
Հարկ է նշել, որ Հայաստանի շփումներէն առաջ Փաթրիք Վիալ այցելեց նաեւ Արցախ։ Ստեփանակերտի մէջ ան հանդիպումներ ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի, Արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ։
Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2015