Եզակի հայեայցք
Կեդրոնական վարժարանը վերջին տարիներուն կը կազմակերպէ զանազան ձեռնարկներ, որոնք յոբելեաններու կամ այլ առիթներով կ՚ունենան իրենց պատգամը եւ ազդակ կը հաղորդեն թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին։ Համայնքէն ներս երկար ժամանակէ ի վեր գեղարւեստական ձեռնարկները դպրոցական հանդէսի մակարդակով տեղի կ՚ունենան ու բոլորը կը յօժարին առ ի չգոյէ լաւագոյնին։ Կեդրոնականի կազմակերպածները, ըստ էութեան, թէեւ աշակերտական հանդէսներ կ՚ըլլան, սակայն, դպրոցական մակարդակէ շատ աւելի վեր։
Բոլորը գիտեն, որ աշակերտական մարդուժը յաւակնոտ ծրագրերու հունաւորելու եւ այդ համարձակութիւնը շօշափելի ձեռք բերումի վերածելու երեւոյթին տեսաբանն է Կեդրոնականի բազմամեայ տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան։ Բազմատասնեակ տարիներու փորձառութիւնը զինքը վերածած է իսկական հեղինակութեան մը։ Ան կը հաւատայ իր աշակերտին, կը հաւատայ իր ուսուցիչին, զանոնք կը խրախուսէ խմբային աշխատանքի համար՝ լաւ կշռելով ու չափելով իւրաքանչիւրին ներուժն ու կարողութիւնը։ Որպէս իսկական խմբապետ՝ ան թերութիւնները կամ անբաւարարութիւնները հաւասարակշռելու համար կ՚ապահովէ մասնագէտ մարդոց համագործակցութիւնը։
Սիլվա Գույումճեանի գլխաւորութեամբ, Կեդրոնական վարժարանի կողմէ շաբաթավերջին կազմակերպուած ձեռնարկը ցայսօր տեղի ունեցածներուն թագն ու պսակն էր։
Թրքահայ իրականութեան մէջ ապագայի եւ յարատեւութեան վերաբերեալ ռազմավարութիւնը բոլորովին դպրոցներու վրայ խարսխուած է։ Երկար տասնամեակներէ ի վեր համայնքի միջոցներու առիւծի բաժինը կը յատկացուի կրթական համակարգին, սակայն, մետայլի միւս երեսակին համատարած դժգոհութիւն խնդրոյ առարկայ է ընդհանուր արդիւնքէն։ Այս պատկերին վրայ Կեդրոնականի կազմակերպած ձեռնարկը ձեւով մը եղաւ կրթական համակարգի յետադարձ աշխատանքը։ Դպրոցի մը կողմէ կազմակերպուած հանդիսութիւնը եկաւ նոյնաժամանակ մատը դնել համայնքի բազում հիմնախնդիրներու վրայ։ Հինգ հաստատութիւններու հարցը ուղղակի կապ ունի թէ՛ համայնքի ներքին նախընթացներուն եւ թէ պետական պատկան մարմիններու վերաբերմունքին հետ։ Այսպիսի ամբողջի մը մէջ Կեդրոնականի ձեռնարկը եկաւ ցոլացնել թէ՛ համայնքի յաւակնոտ երազները եւ թէ անոնց ձգտելու ժամանակին տեսլականի առկայ պակասը։
Թէ՛ հինգ հաստատութիւնները եւ թէ ընդհանրապէս համայնքային կառոյցները պատմական առաքելութեան եւ ցայսօր ծաւալուած բազմակողմանի գործունէութեան առումով, ըստ էութեան, կրնան արդարացուիլ։ Այժմու վիճակի կիզակէտին է ճկունութեան հարցը։ Համայնքէն ներս կայ բաւական հասունցած բարեփոխման սպասում մը, սակայն, այդ մէկուն ընթացք տալու տեսակէտէ բաւարար չափով ճկուն չէ համայնքի ընդհանուր համակարգը, որպէսզի կարենայ քայլ յարմարցնել նոր ժամանակներու ու կարենայ վերաբանաձեւել համայնքային կառոյցներու գործունէութիւնը։
Սիլվա Գույումճեանի գլխաւորութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկը առիթ դարձաւ այս բոլորը նոյնաժամանակ յիշեցնել բոլորին՝ այդ ալ հաճելի ժամանցի մը մթնոլորտին մէջ։ Բոլորի վառ տպաւորութիւնները արձանագրելու տեսակէտէ կարեւոր էր նաեւ հանդիսատեսի տրամադրութեան տակ դրուած գրքոյկը։
Սիլվա Գույումճեան տասնամեակներու վաստակով կրթական մշակի գործունէութեան մէջ այնպիսի կէտի մը հասած է, որ իր ղեկավարած պատմական դպրոցի դիմագիծը կը պայմանաւորէ միանշանակ եւ այդ հանգամանքով ուրոյն խօսքը կ՚ուղղէ համայնքին։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ