ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԸ
Երէկ, համայնքային շրջանակները Գումգաբուի մէջ ժամադրուած էին՝ Գալֆաեան տան ի նպաստ տարեկան հանգանակութեան առթիւ։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ լեցուած էր եկեղեցին, ուր զգալի էր հոգեւոր հրճուանքի մթնոլորտը։
Ս. Պատարագը մատոյց Գերմանիոյ թեմի առաջնորդ Տ. Սերովբէ Եպսկ. Իսախանեան, որուն առընթերակայ էին՝ Տ. Վաղարշ Քհնյ. Իսախանեան եւ Տ. Անդրէաս Քհնյ. Իսախանեան։ Իրաքի թեմի առաջնորդ Տ. Օշական Եպսկ. Կիւլկիւլեան, ինչպէս նաեւ Տ. Շնորհք Վրդ. Տօնիկեան, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեան ներկայ էին արարողութեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Գողթան դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յովսէփ Գույումճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Կարպիս Քըլըճեանի։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ օրուան պատգամը։ Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ հանդիսապետութեամբ Նորին Ամենապատուութեան։ Վերյիշուեցան Գալֆանեան ուխտի հիմնադիր Սրբուհի մայրապետ Գալֆաեանն ու միաբանութեան անդարձ բաժնուած քոյրերը, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնք, որոնք սատարած էին կամ ծառայած դպրոցին։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, յարակից «Պէզճեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Այս փուլին ներկայ հոգեւորականներուն միացաւ նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Հիւրերու շարքին էր նաեւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան։ Գալֆաեան տան խնամակալութեան ատենապետուհի Թամար Մայօղլու եւ գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները, որոնց շարքին էին բազմամեայ բարերարներ, ծանօթ ազգայիններ, համայնքային վարիչներ եւ այլ բազմաթիւ հիւրեր։ Հաւաքոյթի ընթացքին ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն։ Գալֆաեան տան սաները ծափահարութիւններու արժանացան իրենց յաջող ելոյթներով։
Հանդիսութիւնը բոլորովին տարբեր իմաստ մը ունեցաւ Գալֆաեան ընտանիքի նուիրեալներէն Տիանա Գամբարոսեանի տեսակէտէ, որ երկար տարիներ գլխաւորած էր նաեւ խնամակալութիւնը։ Ան Գալֆաեանի պատուոյ ատենապետուհի հռչակուեցաւ եւ համապատասխան յուշանուէրը ստացաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ձեռամբ։ Տիանա Գամբարոսեան այս փուլին բոլորին կողմէ ջերմօրէն շրջապատուեցաւ՝ մինչ սրահը կը դնդար իրեն ի պատիւ որոտընդոտ ծափահարութիւններով։
Սիրոյ սեղանի արդիւնքն ալ եղաւ գոհացուցիչ՝ քանի խնամակալութեան կողմէ յայտարարուած պիւտճէի բացը հաւասարակշռուած էր։
Ձեռնարկը աւարտին հասաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հուսկ բանքով եւ աղօթքով։