ԼՈՅՍՈՎ ԵՒ ՅՈՅՍՈՎ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԻԼ

Աստուած մեզի հետ եղաւ Բեթլեհէմի լոյսով եւ յոյսով։ Եւ այդ Լոյսը եւ Յոյսը միշտ մեզի հետ է՝ հոգենորոգ կեանք մը խոստանալով բոլորիս։ Եւ ինչպէս կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ, երբ Աստուած մեզի հետ է, ո՛չ մէկը կրնայ հակառակիլ մեզի։ Արդարեւ Բեթլեհէմի լոյսը եւ յոյսը կեանքի աղբիւր է՝ որով հոգենորոգ կեանք մը կ՚ապրինք։ Այս իմաստով՝ Բեթլեհէմը «վերանորոգուիլ» կը նշանակէ։

Մարդիկ, այս աշխարհի վրայ՝ տարուած զանազան հոգերէ եւ մտահոգութիւններէ, խաւար մտածումներով լեցուած են, այս պատճառով յուսալքուած՝ մթամած, խաւարակուռ կեանք մը կ՚ապրին։ Ահաւասի՛կ, այս յուսալքուած մարդիկ պիտի վերանորոգուին եւ հոգենորոգ կեանք մը պիտի ապրին Լոյսով եւ Յո՛յսով։

Մարդուս միտքը եւ հոգին մտային եւ հոգեկան տագնապներ եւ յուզումներ կը պաշարեն եւ անոնց դէմ կարենալ պայքարելու համար պէ՛տք է լիակամութիւն արտայայտել։ Հաւաքական կամք եւ հաւաքական հաւատք՝ որոնք հասարակաց ներուժ մը կը ստեղծեն՝ ազդակներ են։ Եւ այս կը նշանակէ, թէ Աստուած մեզի հետ է, ապա ուրեմն, ո՞վ կրնայ մեզի հակառակիլ, չարին դէմ մեր պայքարին մէջ մեզի պարտութեան մատնել, ինչպէս կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ։

Ուստի, նորոգենք մեր ուխտը Աստուծոյ հետ ըլլալու մեր խոտումը եւ վերանորոգուինք հոգւով եւ միտքով եւ վայելենք մեր նորոգուած կեանքը։ «Հին մարդը հանեցէ՛ք ձեր վրայէն եւ հագէք նորը՝ գիտութիւնով նորոգուած՝ իր ստեղծողին պատկերին պէս», կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ. (ԿՈՂ. Գ 9-10)։ Ան՝ դարձեալ կ՚ըսէ Եփեսացիներուն գրած նամակով, թէ՝ «Սորվեցաք որ ձեր վրայէն մէկդի հանէք այն ձեր առջի վարմունքին պէս եղած հին մարդը՝ խաբեբայ ցանկութիւններով ապականուածը, եւ ձեր միտքին հոգիովը նորոգուիք եւ նոր մարդը վրանիդ հագնիք, ան որ Աստուծոյ պատկերին պէս ստեղծուած է արդարութիւնով եւ ճշմարիտ սրբութեամբ». (ԵՓԵՍ. Դ 21-24)։ Ուստի, Յիսուս Նիկոդիմոսին մէջ տեսնելով այս ինկած «հին մարդ»ը ըսաւ անոր. «Պէտք է որ դուք նորէն ծնանիք». (ՅՈՎՀ. Գ 7)։

Այս «նոր ծնունդ»ը՝ այս «նոր կեանք»ի փոփոխութիւնը յառաջ պիտի գար միմիայն Քրիստոսի կեանքով եւ Աւետարանի փրկարար եւ նորոգող ազդեցութիւնովը։ Անոր չէ՞ որ եղան խոնարհ, համեստ անձնուէրները՝ ընկերասէր, անգութները՝ գթած, կռուասէրները՝ խաղաղասէր, ոխակալները՝ ներող, վրիժառուները՝ անքինախնդիր եւ անյիշաչար։

Մարդը՝ որ «փոքրիկ տիեզերք» կոչուած է, ինչպէս նախապէս յիշած էինք, իր մէջ կը զգայ սակայն անհունութեան անհպելի սահմաններուն սաւառնող կարողութեան մը թռիչքը, իր միտքին սրաթռիչ թեւերովը մերթ կը խոյանայ դէպի երկինքի բարձրութիւններուն եւ մերթ կը մխրճի երկրի ընդերքներու՝ երկրի՝ գետինի ներքին մասերու մէջ եւ ովկիանոսներու անդնախոր յատակը։

Ան գիտութեան աչքերուն սեւեռումներովը կ՚ընդգրկէ հեռաւորներու անծանօթ աշխարհներու ափունքները, եւ բնութեան թաքուն ուժերը ի վեր հանելով՝ կը գործածէ զանոնք այնպէս՝ ինչպէս որ կ՚ուզէ իր կամքը։ Անոր ձեռքերը երկրիս չորս ծայրերը կը կապեն իրարու հետ այնպէս՝ ինչպէս սարդի ոստայն մը տան մը մէկ անկիւնը։

Եւ այսօր սակայն այս գիտութիւնը կրցած է փոխել «ճակատագիր»ը՝ կեանքի բնական ընթացքը մարդուն եւ կատարելագործել զայն հոգեպէս։ Դժբախտ չէ՞ք գտներ զայն իր բոլոր այս կարծեցեալ զարգացմանը եւ մտաւորական յառաջդիմութեանը մէջ, քանի որ բուն բարոյական մարդը չէ զարգացած իր մէջ եւ կը մնայ տակաւին իր տխուր անկումին մէջ։ Որովհետեւ գիտութիւնը չէ որ կը պակսի մարդուն, այլ բուն ներքին հոգեկան կեանքը՝ սրտի եւ զգացումի ճշմարիտ կեանքը, եւ առանց ներքին կեանքին փոփոխութեան միւս՝ արտաքին կամ մտաւորական փոփոխութիւնները կուտ մըն ալ չեն արժեր։

Այստեղ, փոքր շեղում մը դնելով, հարցնենք, թէ «սիրտ» եւ «սիրել» բառերը արդեօք ստուգաբանական կապ մը ունին, քանի որ սէրը կը բխի սիրտէն, եւ «սիրտ» եւ «սիրել»՝ ձայնական հետաքրքրական մերձաւորութիւն մը ունին։ Կ՚արժէ այս մասին մտածել եւ ուսումնասիրութիւն մը կատարել։ Ո՜րքան ուրախ կ՚ըլլանք, եթէ մեր սիրելի ընթերցող բարեկամներ օգնական ըլլան մեզի…

Յիսուսի ակնարկած փոփոխութիւնը, կամ Նիկոդիմոսէն պահանջած «նոր ծնունդ»ը բոլորովին տարբեր են գիտութեան մեր միտքին վրայ յառաջ բերած փոփոխութիւններէն եւ մարմնոյ ծնունդէն։

Արդարեւ, Յիսուս կը պահանջէ զարմանալի փոփոխութիւն մը, եւ զայն «նոր ծնունդ» եւ «նոր կեանք» կ՚անուանէ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 22, 2025, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2025