ԵՐԱԶ ԵՒ ՏԵՍԼԱԿԱՆ

Շաբաթավերջին, Պէյօղլուի «Աթլաս» շարժանկարի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ փառաշուք ձեռնարկ մը, որ համախմբեց համայնքային շրջանակները։ Կեդրոնական վարժարանի կողմէ կազմակերպուած՝ «Վերյիշում հինգ հաստատութիւններու» խորագրեալ երեկոյթը խոշորացոյցի տակ բերաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի, Կեդրոնական վարժարանի, Սուրբ Խաչ դպրեվանքի, Գալֆաեան տան եւ Գարակէօզեան տան պատմութիւնն ու գործունէութիւնը։

Հանդիսատեսը բազմակողմանի յայտագրի մը հետեւեցաւ՝ թատերակներով, արդի կամ ժողովրդական պարերով եւ զանազան տեսանիւթերու ցուցադրութեամբ։ Այսպիսի փունջով մը հինգ հաստատութիւններու վերյիշումը մատուցուեցաւ ներկաներուն, որոնց տեսակէտէ հետաքրքրական էր անցեալի զանազան վառ անհատականութիւններու խօսքերու՝ արհեստական բանականութեան միջոցաւ շարժուն ձայնաւորումը։ Հինգ հաստատութիւններու վերաբերեալ տեղեկութիւնները ո՛չ միայն համայնագիտարանէ կամ այլ աղբիւրներէ քաղուած ձեւով մատուցուեցան, այլ անոնց ծառայած կամ անոնցմէ հասած անձերու վկայութիւնները եկան ամբողջացնել հանդիսատեսին մատուցուած պատկերը։

Յայտագիրը ունէր շատ լաւ կշռոյթ մը։ Որոշ փուլերու մէջ կը փոխանցուէին պատգամներ, որոնք դուռ կը բանային զանազան միտքերու եւ այդ փուլերուն վրայ կը հասնէին գեղարուեստական բաժինները, որոնք առիթ կը դառնային ամփոփ մտորումներու։ Այս հոլովոյթը ձեռնարկին յաջողութեան գաղտնիքներէն մին էր, որովհետեւ ճոխութիւններն ու փոփոխութիւնները կանխեցին ընդհանրապէս հանդիսատեսին ծանրաբեռնուիլը։ Այսպէսով թէ՛ բոլորը աւելի ազդու ձեւով հաղորդ դարձան ընդհանուր պատգամին եւ թէ ստուերի տակ չմնաց գեղարուեստը, որ ընտրուած էր՝ որպէս միջոց։

Երեկոյթի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ յայտագրի գործադրութեան աւարտին արտասանեց հուսկ բանքը։ Եզրափակիչ փուլին արտայայտուեցաւ նաեւ Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան, որ համակարգած էր այս վիթխարի աշխատանքը։

Համայնքային հինգ հաստատութիւններու՝ 1960-ականներէն վերջ ձեւաւորուած դրութիւնը գործնականապէս վերացած էր վերջին ընտրութիւններուն ժամանակ գործադրուած կանոնադրութեամբ։ Սա դուռ բացած է որոշ մտահոգութիւններու՝ այն առումով, որ իրաւունքի կորուստ խնդրոյ առարկայ է համայնքին տեսակէտէ։ Կեդրոնականի ձեռնարկը այդ խնդրի վրայ մատը դրաւ երազով մը՝ ուրուագծելով պայմանական պատկեր մը համայնքի 2050 թուականի կացութեան շուրջ։

Ձեռնարկը երկլեզու էր։ Ամբողջ յայտագիրը գործադրուեցաւ հայերէնով, իսկ մեծադիր պաստառի վրայ ամէն ինչ ներկայացուեցաւ նաեւ թրքերէնով։

         

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2025