ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Անգարայի մօտ Գերմանիոյ աւագ դեսպան Սիպիլ Քաթարինա Սորկը։ Քաղաքավարական այցելութեան ընթացքին գերմանացի դիւանագէտը յայտնեց, որ իր պաշտօնավարութեան շրջանին առաջին անգամ առիթը կ՚ունենար հայոց պատրիարքութեան մթնոլորտը շնչելու։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմօրէն ողջունեց գերմանացի դիւանագէտին այցելութիւնը։ Զրոյցի տեւողութեան Նորին Ամենապատուութիւնը անդրադարձաւ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի պատմութեան, առաքելութեան, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ամբողջէն ներս դիրքին՝ որպէս Նուիրապետական Աթոռ, ինչպէս նաեւ խօսեցաւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս անոր դերակատարութեան շուրջ։

Հուսկ, զրուցակիցները բարեմաղթանքներ փոխանակեցին հրաժեշտի փուլին։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2025