ԶԱՐԿԵՐԱԿԻ ՀԵՏՔՈՎ
Համաշխարհային դրամատունը վերջերս հրապարակեց՝ «Հայաստանի տնտեսական զարկերակը. աւելի արդար շուկաներ յանուն ներառական աճի» խորագրեալ զեկոյց մը, որու շնորհանդէսը շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հաւաքոյթին մասնակցեցան զանազան փորձագէտներ, գործարար աշխարհէ ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի կառավարութեան եւ դիւանակալական շրջանակներէ ներկայացուցիչներ։
Ըստ այս զեկոյցին, Հայաստանի տնտեսութեան պարագային կը նախատեսուի աճի թափի տկարացում։ 2025 թուականի պարագային ենթադրուածը կը կազմէ 5,2 տոկոս, իսկ յաջորդ տարուան վերաբերեալ կանխատեսումն է 4,9 տոկոսը։
Համաշխարհային դրամատան աւագ տնտեսագէտ Վիքի Չեմութայ այս առթիւ ըսաւ. «Զեկոյցին մէջ մենք կը նկատենք, որ Հայաստանի տնտեսական աճի թափը սկսած է դանդաղիլ, չափաւորուիլ, ինչ որ պայմանաւորուած է նախապէս նկատուած ժամանակաւոր գործօններու տկարացմամբ։ Եթէ տակաւին 2022 թուականին կ՚արձանագրուէր 12,6 տոկոս աճ, ապա 2023-ին այդ մէկը իջաւ՝ դառնալով 8,3 տոկոս, 2024-ին՝ 5,9 տոկոս, իսկ այս տարուայ առաջին կէսին՝ 5,6 տոկոս»։
Չեմութայի խօսքով՝ նախորդ տարիներու աճը, ըստ էութեան, ապահովուած էր սպառման աճի շնորհիւ։ Այս տարուայ առաջին կիսամեակին եւս մասնաւոր սպառումը զգալի նպաստ ապահոված է։ Ներդրումներն ալ լուրջ նպաստ եղած են։
Համաշխարհային դրամատան մասնագէտները կը դիտարկեն, որ տնտեսական աճը ներկայիս աւելի ցած է, որովհետեւ արտածումը զգալիօրէն անկում արձանագրած է։ Եթէ տարուայ առաջին կէսին զուտ արտածումը բացասական ազդեցութիւն գործած է 7,1 տոկոսով, ապա այդ նոյն ժամանակահատուածին նկատուած է արտածման 50 տոկոս, իսկ ներածման 30 տոկոս նուազում։ Համաշխարհային դրամատան զեկոյցին մէջ նշուած է, որ Հայաստանի տնտեսութիւնը աւելի շատ ծառայութիւններու վրայ հիմնուած է։ Տնտեսական աճին մեծապէս նպաստած են՝ ծառայութիւններու ոլորտը, շինարարութիւնը, տեղեկատուական հաղորդակցութեան թեքնոլոժիները։ Ըստ նոյն զեկոյցին՝ կ՚ակնկալուի, որ երկրէն ներս գնաճն ալ կը դանդաղի՝ այս տարի կազմելով 3 տոկոս եւ միջնաժամկէտ հեռանկարին կը կայունանայ։ Ըստ կանխատեսումներուն՝ պիւտճէի պակասորդը կը մեծնայ՝ 2025 թուականին կազմելով համախառն ներքին աճի 5 տոկոսը։ Սա պայմանաւորուած է ընկերային, ենթակառուցուածքի եւ պաշտօնական ծախսերով։ Պետական պարտքը մինչեւ 2027 թուականը բարձրանալով կը հասնի համախառն ներքին աճի 55,4 տոկոսին։
Նախատեսուած մաքրոտնտեսական ցուցանիշներուն հասնելու համար Համաշխարհային դրամատան տնտեսագէտները խորհուրդ կու տան՝ մրցակցութեան վերաբերեալ սահմանափակումները կարգաւորել, գիւղատնտեսական ապրանքներու արտադրութիւնը բարձրացնել եւ արտածման բացը հաւասարակշռել։