ՇԱՀԵԿԱՆ ԲԱՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
Հայ Երուսաղէմի մէջ տեղի ունեցաւ յատկանշական ձեռնարկ մը, որ ձօնուած էր անմոռանալի մտաւորական Ռուբէն Սեւակի ծննդեան 140-ամեայ յոբելեանին։ Նահատակ Ռուբէն Սեւակ անջնջելի հետք մը թողած է հայոց արդի սերունդներու յիշողութեան վրայ՝ որպէս բժիշկ ու բանաստեղծ ծաւալած գործունէութեամբ, նաեւ հայրենասիրական զգայնութիւններով։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան «Կիւլպէնկեան» մատենադարանէն ներս, Ռուբէն Սեւակի յիշատակին կազմակերպուած ձեռնարկի բանախօսն էր տքթ. Անուշ Նագգաշեան։ Սաղիմահայ հետաքրքիրները ուշադրութեամբ ունկնդրեցին Անուշ Նագգաշեանին, որ իբրեւ բանասէր ու բանաստեղծուհի՝ պանծացուց Ռուբէն Սեւակի յիշատակն ու ժառանգը։
Մատենադարանի տեսուչ Տ. Ներսեհ Վրդ. Ալոյեանի առընթեր, ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ Տ. Թէոդորոս Եպսկ. Զաքարեան եւ Ս. Յակոբեանց միաբանութենէն այլ անդամներ։
Տքթ. Անուշ Նագգաշեան ձեռնարկի ընթացքին բացատրեց, որ Ռուբէն Սեւակ միայն տաղանդաւոր գրող մը չէր, այլեւ մարդկային արժանապատուութեան պաշտպան մը։ Ռուբէն Սեւակ ուշադրութիւն կը գրաւէր՝ որպէս հոգեբուժական խոր ներըմբռնումով բժիշկ մը՝ մանաւանդ իր ժամանակաշրջանի պայմաններով։ Սեւակ թէ՛ հոգեւոր եւ թէ ազգային նոր ուղիներ բացած էր՝ իր խօսքով ու կեցուածքով։ «Անոր ստեղծագործութեան մէջ կը հանդիպին հայ ցաւի խորքն ու մարդու նկատմամբ անվերծանելի յարգանքը, ազգային յիշողութիւնն ու համամարդկային բարոյական չափանիշները», ըսաւ Անուշ Նագգաշեան։
Բանախօսութեան ընթացքին Նագգաշեան Ռուբէն Սեւակը ներկայացուց ո՛չ միայն որպէս գրական երեւոյթ, այլեւ իբրեւ կեցուածք, բարոյական մարդ, որուն ձայնը ցարդ կը ղօղանջէ հայ մշակոյթով պայմանաւորուած յիշողութեան մէջ։ Բանախօսը մէկ կողմէ Ռուբէն Սեւակի ողբերգական կեանքի դրուագները ներկայացուց, իսկ միւս կողմէ ասմունքեց անոր գործերէն նմոյշներ։ Այդ տարուբերումը իսկապէս յուզիչ էր բոլոր ներկաներու տեսակէտէ, ինչ որ արտասովոր խորք մը վերագրեց ծրագրին։
Ձեռնարկի աւարտին Տ. Ներսեհ Վրդ. Ալոյեան արտասանեց տքթ. Անուշ Նագգաշեանի ուղղեալ գնահատանքի խօսք մը։ Հուսկ բանքը արտասանեց Տ. Թէոդորոս Եպսկ. Զաքարեան, որ եւս դրուատեց բանախօսը։
Յաջորդած ընդունելութեան ընթացքին բոլոր ներկաները ջերմօրէն շրջապատեցին Անուշ Նագգաշեանը, որու հետ կարծիքի փոխանակումներ ունեցան անմոռանալի Ռուբէն Սեւակի ժառանգութեան եւ մերօրեայ սերունդներու տեսակէտէ նշանակութեան շուրջ։
