«ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ» ՀԻՄՆԱՐԿԸ ՍՏԵՂԾԱԾ Է «ՍՓԻՒՌՔԵԱՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐ» ՀԱՐԹԱԿԸ
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքը այս շրջանին հանդէս կու գայ նոր նախաձեռնութիւնով մը, որով սկիզբ կ՚առնէ «Սփիւռքեան հեռանկարներ» վերլուծական հարթակը։ Այս նախաձեռնութեան նպատակն է՝ անդրադառնալ հայկական հիմնահարցերու։ «Սփիւռքեան հեռանկարներ»ը (Diasporan Perspectives) վերլուծական հարթակ մըն է, որ հիմնուած է 2025 թուականի դրութեամբ։ Անոր կեդրոնացումն է՝ հայկական սփիւռքը եւ Հայաստանը։
Ըստ Լիզպոնէն հրապարակուած հաղորդագրութեան՝ այս նախաձեռնութեան պաշտօնական մեկնարկը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 5 դեկտեմբեր 2025-ին, Լոնտոնի ժամով 17:30-ին: Առցանց միջոցառումին կարելի պիտի ըլլայ հետեւիլ ուղիղ հեռարձակումով։
«Սփիւռքեան հեռանկարներ» հարթակին նպատակն է հասարակական գիտութիւններու ոլորտին մէջ նոր հետազօտութիւններ հրապարակել՝ կեդրոնանալով սփիւռքի եւ Հայաստանի վրայ, միաժամանակ, հանդէս գալով որպէս հիմնական հանդիպումի վայր՝ առաջնորդներու, քաղաքականութիւն մշակողներու եւ փորձագէտներու համար: «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքին կողմէ իրականացուած նախագիծերը պարարտ հող ստեղծեցին այս նախաձեռնութեան համար, իսկ Հայաստանի եւ սփիւռքի իրադարձութիւնները անհրաժեշտ դարձուցին նման վերլուծական հարթակի մը ստեղծումը։
«Սփիւռքեան հեռանկարներ»ը նպատակ ունի հայ իրականութիւնը հասկնալ՝ աւելի լայն միջազգային պարունակի մը մէջ: Սփիւռքի մէջ իսկ հիմնուած այս նախաձեռնութիւնը կը ներկայացնէ սփիւռքեան տեսակէտները ազգային հարցերու վերաբերեալ՝ դուրսէն ներս մօտեցում մը բերելով, միաժամանակ, հայկական սփիւռքին հնարաւորութիւն տալով վերականգնել իր սեփական անկախ մտածողութիւնը ազգային հարցերու շուրջ։ Անոր առաքելութիւնն է «խթանել նորարար հասարակագիտական հետազօտութիւնները, վերլուծութիւնները եւ ռազմավարական մտածողութիւնը, որոնք փոխակերպող են, բաց են աշխարհին եւ որոնց թիրախը հայութիւնն է»։
«Սփիւռքեան հեռանկարներ» նախագիծի պաշտօնական մեկնարկը տեղի պիտի ունենայ քննական զրոյցով մը, որ պիտի անդրադառնայ հիմնական հարցերու. օրինակ՝ ինչո՞ւ հիմա՛ ստեղծել նման վերլուծական հարթակ մը, անիկա ինչո՞վ կը տարբերի նմանատիպ այլ նախաձեռնութիւններէ, որո՞նք են նպատակներն ու խնդիրները, սփիւռքեան հեռանկար մը ունենալը ի՞նչ կ՚ենթադրէ ազգային խնդիրներու վերլուծութեան մէջ, կարելի պիտի ըլլա՞յ հետազօտութիւնները հասցէագրել որոշում կայացնողներու, եւ այլն։ Բանախօսները նաեւ պիտի պատասխանեն լսարանի հարցումներուն։
Առաջին հաւաքի բանախօսները պիտի ըլլան՝ Ռազմիկ Փանոսեան («Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն), Վիգէն Չըթըրեան («Սփիւռքեան հեռանկարներ» նախաձեռնութեան տնօրէն, Ժընեւի համալսարանի դասախօս, Զուիցերիա), Արմինէ Իշխանեան («London School of Economics and Political Science»ի ընկերային քաղաքականութեան բաժնի դասախօս)։
Քննարկումը նախատեսուած է անգլերէնով: