ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Սուրիոյ Նախագահ Պեշար Էսատ երէկ հանդիպում մը ունեցան Մոսկուայի մէջ։ Քրեմլինի պաշտօնական աղբիւրները այս առաւօտ արձագանգ հանդիսացան երէկուան տեսակցութեան, որու ընթացքին երկու նախագահները քննարկեցին Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ ռազմական գործողութիւններու շարունակութեան վերաբերեալ հարցեր։ Պեշար Էսատ Վլատիմիր Փութինին ներկայացուց իր երկրին իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ բանակին ծրագրերն ու ռազմական գործողութիւններուն ընթացքը։ Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ Էսատ աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուէր Մոսկուայի մէջ եւ երկարատեւ բանակցութիւններ վարած է Վլատիմիր Փութինի հետ։ Այդ բանակցութիւնները ընթացած են թէ՛ նեղ եւ թէ ընդլայնուած կազմերով, մասնակցութեամբ Ռուսաստանի ղեկավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներու։ Այսպէս, Քրեմլինի բանակցութիւններուն մասնակցեցան Ռուսաստանի Վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւ, Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով, Պաշտպանութեան նախարար Սէրկէյ Շոյկու եւ այլ պաշտօնատարներ։
Պեշար Էսատի խնդրանքով Ռուսաստան Սեպտեմբերի 30-էն ի վեր կը հարուածէ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դիրքերը Սուրիայէ ներս։ Ահաբեկիչներուն դէմ ռազմական գործողութիւններուն ներգրաւուած են աւելի քան յիսուն օդանաւեր եւ ուղղաթիռներ։ Բաց աստի, ահաբեկիչներու դիրքերը կը ռմբակոծուին նաեւ ծովէն։ Ռուսաստանի գործողութիւններու թիրախը կը դառնան նաեւ Սուրիոյ ընդդիմադիրները, որոնք եւս զինեալ պայքար կը մղեն երկրի ղեկավարութեան դէմ։ Այս պայմաններուն ներքեւ է, որ Փութին եւ Էսատ Մոսկուայի մէջ քննարկեցին ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հետագայ քայլերը։ Հարկ է նշել, որ Սուրիոյ ներքին պատերազմի ծագելէն ի վեր, վերջին չորս տարուան ընթացքին առաջին անգամ Պեշար Էսատ իրականացուցած է արտասահմանեան ուղեւորութիւն մը։
Փութին-Էսատ տեսակցութեան շուրջ հաղորդումները առաջին անգամ միջազգային հանրային կարծիքին մատչելի դարձան այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն։ Ըստ նոյն հաղորդումներուն, Էսատի հետ զրուցելու ընթացքին Փութին ընդգծեց, թէ հակառակ Սուրիոյ առկայ ողբերգական իրավիճակին, ան Ռուսաստան այցելած է՝ ընդառաջելով իրենց խնդրանքին։ Ըստ Փութինին, իրենք կը ջանան Սուրիոյ ժողովուրդին ազդու օժանդակութիւն ցուցաբերել՝ միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու ճանապարհին։ Ան համոզուած է, թէ Սուրիոյ ժողովուրդը գրեթէ առանձինն կը պայքարի, միջազգային ահաբեկչութեան կը դիմադրէ ու լուրջ կորուստներ կու տայ։ Բայց եւ այնպէս, վերջին շրջանին այդ պայքարը դրական լուրջ արդիւնքներ կ՚ունենայ։ Միջազգային ահաբեկչութեան Մերձաւոր Արեւելքը հակակշռի տակ առնելու ուղղեալ ջանքերը, տարածքաշրջանի կայունութիւնը խանգարելու ուղղեալ քայլերը մտահոգութիւն կը յառաջացնեն բազմաթիւ երկիրներու մօտ։
Փութինի համոզմամբ, Սուրիոյ մէջ առկայ ճգնաժամը երկարաժամկէտ ձեւով կարելի է կարգաւորել բոլոր քաղաքական ուժերուն եւ կրօնական խմբաւորումներուն մասնակցութեամբ։ Բնականաբար, վերջին խօսքը պիտի վիճակի Սուրիոյ ժողովուրդին։ «Սուրիա մեր բարեկամն է։ Մենք ոչ միայն ահաբեկչութեան դէմ պայքարի շրջագծով զինուորական գործողութիւններու ժամանակ, այլ նաեւ քաղաքական գործընթացին ալ նպաստ բերելու պատրաստ ենք», ըսաւ Փութին։
Իր կարգին, Պեշար Էսատն ալ նախ եւ առաջ երախտագիտութիւն յայտնեց Ռուսաստանի Դաշնակցութեան ղեկավարութեան եւ ռուս ժողովուրդին՝ Սուրիոյ ցուցաբերուած օժանդակութեան, անոր անկախութեան ու միութեան բերուած զօրակցութեան համար։ Էսատ կարեւորեց, թէ այս բոլորը միջազգային իրաւունքի շրջագծով կը կատարուի։ Ճգնաժամի սկիզբէն ի վեր Ռուսաստանի կողմէ առնուած քաղաքական քայլերը կանխած են Սուրիոյ մէջ առաւել եւս ողբերգական դէպքերու ապրուիլը։
Էսատի համոզմամբ ահաբեկչութեան դէմ հարուածները պէտք է տրուին ամէն բանէ առաջ յանուն ահաբեկչութեան դէմ պայքարի։ Մնաց որ, ահաբեկչութիւնը լրջօրէն կը խոչընդոտէ նաեւ քաղաքական ճանապարհով խաղաղութեան հաստատուիլը։