ՊԱՐՐՕ-ԱՐԱՂՉԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարրօ եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի երէկ ունեցան հանդիպում մը։ Փարիզի տեսակցութեան ընթացքին քննարկուեցան Իրանի միջուկային ծրագրի վերաբերեալ հարցեր եւ վերջերս ստեղծուած համապատասխան իրադրութիւնը։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ ի թիւս այլ հարցերու, նախարարները քննարկեցին Մերձաւոր Արեւելքի իրադարձութիւնները, Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութիւնը եւ միջազգային անվտանգութեան վերաբերեալ իրավիճակը։
Ապպաս Արաղչի դիտել տուաւ, որ Թեհրան լրջօրէն տրամադրուած է միջուկային խնդրին վերաբերեալ բանակցութիւններուն մէջ, որովհետեւ կը փափաքի վստահութիւն ձեւաւորել իր ծրագրի բնոյթին նկատմամբ։ Արաղչիի խօսքով՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները պէտք է հրաժարի այս հարցին մէջ իր առաւելապաշտ մօտեցումէն։