ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՐԺԵՒՈՐԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՀԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ
Երէկ, մայրաքաղաք Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի հերթական ժողովը։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ նիստը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութեան գործընթացը։
Ժողովէն վերջ հրապարակուած զեկոյցին մէջ նշուեցաւ, որ Երեւան-Պաքու առանցքի հաշտութեան գործընթացէն ներս վերջին շրջանին արձանագրուած են զարգացումներ, որոնց լոյսին տակ շօշափուեցան երկկողմանի եւ տարածաշրջանային համագործակցութեան հնարաւորութիւնները։ Ազգային անվտագնութեան խորհուրդը վերահաստատած է Թուրքիոյ կամքը՝ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան, կայունութեան հաստատման եւ բարգաւաճման ապահովման ուղղութեամբ։
ՊԱՔՈՒԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ
Մինչ այդ, Ատրպէյճանի փոխադրութեան նախարար Ռաշատ Նապիեւ յայտնեց, որ աշխուժօրէն կը շարունակուի «Զանգեզուրի միջանցք»ի շինարարութիւնը։ Այս վերջնոյն տարեկան տարողութիւնը կրնայ հասնիլ մինչեւ 15 միլիոն թոնի։ Ըստ իրեն՝ դէպի Հայաստանի հետ սահմանի Աղպենտ կէտը երկաթուղային հատուածի կառուցումը պիտի աւարտի 2026 թը-ւականին։
«Միեւնոյն ժամանակ, Ատրպէյճան կ՚աշխատի Նախիջեւանով անցնելիք՝ շուրջ 200 քիլօմերթ երկարութեամբ երկաթուղիի մը շինարարութեան վրայ։ Ներկայիս նախագծման աշխատանքը աւարտած է եւ շինարարութիւնը պիտի սկսի շուտով», յայտնեց նախարարը։
ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Միւս կողմէ, երէկ, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդն ալ ժողով մը գումարեց Երեւանի մէջ։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած նիստին մասնակցեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ժողովականները շօշափեցին ռազմավարական բնոյթով հարցեր։