ԱՐՈՒԵՍՏՆ ՈՒ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԵԱՆ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ

Արուեստը մարդկային հոգեկան կեանքի այն եզակի դրսեւորումն է, որ երբեմն բառերէն ալ աւելի բարձր ու աւելի խոր ձեւով կը խօսի իր շրջապատին հետ։ Ան մէկ կողմէ շնորհք է, միւս կողմէ՝ յիշողութիւն, երազ եւ ըմբոստութիւն։ Արուեստագէտը իր ստեղծագործութեան ընդմէջէն կը փորձէ խզել լռութիւնը, լուսաւորել անյայտը եւ երբեմն ալ ցնցել ընկալումները՝ մարդը ստիպելով մտածել իր շուրջը դարձող աշխարհի մասին։ Ահա՛, այս պատճառով է, որ արտայայտութեան ազատութիւնը՝ իբրեւ հիմնական մարդկային իրաւունք, կենսական նշանակութիւն ունի ո՛չ միայն անհատի, այլեւ հասարակութեան առողջութեան համար։

Արուեստը մարդկային քաղաքակրթութեան ամենահին դրսեւորումներէն ու արտայայտչաձեւերէն մէկն է։ Մարդկային պատմութեան ընթացքին պատերու, քարայրներու եւ խաւար հոլովոյթներու մէջ միշտ գոյութիւն ունի գիծ մը, նշան մը, ձայն մը, որ կ՚ուղենշէ մտածողութիւն, ցաւ, ուրախութիւն, աղօթք կամ ընդվզում։ Այդ գիծը կը շարունակէ մինչեւ մեր ժամանակները՝ բազմացեալ հազարաւոր ձեւերով, բայց նոյն արմատով։ Արուեստը մարդ արարածին ձեւն է խօսելու այնպիսի բաներու մասին, որոնք երբեմն ոչ մէկ լեզուի մէջ ամբողջովին կը տեղաւորուին։

Այս համատեքստին վրայ է որ, արտայայտութեան ազատութիւնը ո՛չ միայն իրաւաբանական դրոյթ մըն է, այլ՝ ստեղծագործ գոյութեան հողը, շունչը, կենսական տարրը։ Առանց այդ ազատութեան մարդը կը վերածուի լուռ ներկայութեան, իսկ հասարակութիւնը՝ ապիկար զանգուածի։

Արուեստը երբեք չէ բաւարարուած պարզ կեանքի պատճէն դառնալով։ Ան մշտապէս որոնած է ճշմարտութեան խորքերը, անտեսանելի շարժումները, հակասութիւնները եւ անարդարութիւնները։ Այդ պատճառով է, որ պատմութեան ամբողջ ընթացքին իշխանութիւններ, կրօնական կամ գաղափարական համակարգեր յաճախ փորձած են սահմանափակել, վերահսկել կամ ուղղորդել ստեղծագործողը։

Արուեստի պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ երբ ստեղծագործ միտքը ճնշուած է, ժողովուրդները կամ կը ժայռանան, կամ կը հիւծին։ Երբ արգելքներ կը դրուին գեղարուեստական արտայայտութեան վրայ, նախ կը տուժէ ճշմարտութիւնը, որովհետեւ ան յաճախ կը ծնի բախումէն՝ անյարմարող հարցումներուն, յանդուգն տեսակէտներուն, կամ չլսուած ձայներուն բացայայտումէն։ Արուեստը չի՛ կրնար բարգաւաճիլ այնտեղ, ուր վախը կը լուծարուի մարդու ներսը եւ ուր գրաքննութիւնը կը դառնայ հասարակական մթնոլորտի անտեսանելի շղթան։

Արտայայտութեան ազատութիւնը բացարձակ արժէք մը չէ. ան պատասխանատուութիւն կը պարտադրէ։ Սակայն այդ պատասխանատուութիւնը չի նշանակեր, որ հանրութիւնը ուզէ «սրբագրել» կամ «կարգադրել» ստեղծագործողին միտքը։ Ընդհակառակը, պատասխանատուութիւնը կը դրսեւորուի այն ժամանակ, երբ ստեղծագործողը գիտակցաբար կը ձգտի իր ազատութիւնը ծառայեցնել մարդկային արժանապատուութեան, հասարակական երկխօսութեան եւ մտային զարգացման։ Իսկ հասարակութիւնը՝ իր հերթին, կը դրսեւորէ իր պատասխանատուութիւնը այն ժամանակ, երբ բաց կը մնայ բազմաձայնութեան՝ առանց վախով խեղդելու իրեն անծանօթը կամ անյարմարողը։

Արտայայտութեան ազատութիւնը կ՚ընդգրկէ նաեւ քննադատութեան ազատութիւնը։ Առանց քննադատութեան՝ ո՛չ արուեստը կը զարգանայ, ո՛չ ալ հասարակութիւնը։ Քննադատել չի նշանակեր մերժել, այլ կը նշանակէ հասկնալու, քննարկելու, վերարժեւորելու ընթացք։ Արուեստի գործը երբեմն կը բախէ հասարակութեան ամենազգայուն ջիղերը, բայց ճիշդ այդ ճնշման տակ կը ծնին նոր հասկացողութիւններ եւ մարդը կը սորվի իր թերութիւնները տեսնելու՝ առանց փախուստի դիմելու։

Ժամանակակից աշխարհը՝ իր արագ փոփոխութիւններով ու բազմաշերտ մշակութային խաչմերուկներով, արտայայտութեան ազատութիւնը դարձուցած է աւելի բարդ, բայց նոյնքան անհրաժեշտ նիւթ մը։ Թէ՛ աւանդութիւնները, թէ՛ նորարարութիւնը, թէ՛ վիրաւորանքի սահմանները շարունակ կը քննարկուին։ Բայց որքան ալ այս հարցերը խճճուած ըլլան, անհրաժեշտ է յիշել, որ ստեղծագործողին ազատութիւնը խլելը՝ հասարակութեան հոգեւոր շունչը խլել է։ Ազատութիւնը երբեք վերջնականութեամբ տրուած չէ անշուշտ. ան մշտական պաշտպանութեան եւ վերահաստատման կարիք ունի։

Արուեստը կը գոյատեւէ եւ կը ծաղկի այն վայրերուն մէջ, ուր մարդը իր մտածումները, վախերը, երազները եւ պայքարները կրնայ ազատօրէն արտայայտել։ Իսկ ազատութիւնը՝ իր բոլոր թերութիւններով հանդերձ, միակ պայմանն է, որ ճանապարհ կը բանայ դէպի ստեղծագործական պայծառութիւն։ Ուստի, երբ կը խօսինք արուեստի եւ արտայայտութեան ազատութեան մասին, իրականութեան մէջ կը խօսինք հասարակութեան ներքին ուժի, մարդու արժանապատուութեան եւ հոգեւոր դիմադրութեան մասին։

Արդէն նախնական հասարակութիւններու մէջ կը տեսնենք նկարներու ջնջումներ, արձաններու քանդումներ, երգիչներու աքսորներ։ Արդի եւ միջին դարերու մէջ գրաքննութիւնը կը դառնայ պետական քաղաքականութիւն եւ բազմաթիւ մեծ մտաւորականներ ստիպուած են ստեղծագործել գաղտնի՝ իրենց երկրէն հեռու կամ ապաստանած երկաթեայ լռութեան մէջ։ Սակայն պատմութիւնը մեզի կը սորվեցնէ հետեւեալ ճշմարտութիւնը.

«Արուեստը երբ կը ճնշուի, ան աւելի խոր կը մտնէ մարդու ներսը, կը համարձակի աւելին ըսել եւ ի վերջոյ անպայման դուրս կը յայտնուի»։

Լռութեան պարտադրումը երբեք չէ յաջողած մարել ստեղծագործական կրակը։ Ընդհակառակը՝ ան դարձած է պայթեցնող ուժ մը:

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 28, 2025