ՀԱՔԱՆ ՖԻՏԱՆԻ ՇՓՈՒՄՆԵՐԸ ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Թեհրանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի հետ։ Աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս ան տեսակցեցաւ նաեւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի, խորհրդարանի նախագահ Մուհամմէտ Պաքըր Քալիպաֆի եւ անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ալի Լարիճանիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ քննարկումներու ընթացքին շօշափուեցան Թուրքիա-Իրան համագործակցութեան ամրապնդման հեռանկարները։
Կողմերը ծաւալուն արժեւորման ենթարկեցին տարածաշրջանային կարեւոր անվտանգութեան նիւթերը։ Այս ամբողջին մէջ ուշադրութիւն կեդրոնացուեցաւ Սուրիոյ եւ Կազզէի վերջին իրադրութիւններուն վրայ՝ Իսրայէլի նախայարձակ դիրքորոշումով հանդերձ։ Կողմերը շեշտեցին, որ Անգարա-Թեհրան համակարգումը կարեւորութիւն կը ներկայացնէ՝ տարածաշրջանային տագնապները կառավարելի հունի մէջ պահելու տեսակէտէ։