Չորեքշաբթի 3, Դեկտեմբեր 2025
ԱԼԹԸՄԷՐՄԷՐԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԵԱՆ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Ալթըմէրմէրի Գլխադիր Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ տիկնանց խնամատար կազմը՝ գլխաւորութեամբ Սիլվա Ալաչամի։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։ Եկեղեցւոյ կամաւոր տիկինները Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը ստացան՝ տարեկան անուան տօնախմբութեան ընդառաջ։
Նորին Ամենապատուութինը բարձր գնահատեց՝ մեր հաւատացեալներուն կողմէ այնքան սրտամօտիկ այս գողտրիկ եկեղեցւոյ կանթեղը վառ պահելու ուղղեալ ջանքերը։
Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2025