ԻՍՔԷՆՏԷՐՈՒՆԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆՈՐՈԳՈՒԹԵԱՆ ԱՐՏՕՆՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՍԱԾ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Իսքէնտէրունի Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Եուսուֆ Թապաշեանը, որուն ընկերացաւ հոգեւոր հովիւ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։ Զրոյցի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տեղեկացաւ, որ երկրաշարժի հետեւանքով վնասուած Իսքէնտէրունի եկեղեցւոյ նորոգութեան համար անհրաժեշտ պետական արտօնութիւնը հասած է։ Ատենապետը բացատրութիւններ տուաւ մշակուած ծրագրերուն շուրջ։

Նորին Ամենապատուութինը ուրախութիւն յայտնեց, այս կապակցութեամբ եւ յղեց իր օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքները։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2025