ԳՈՂ ԿԱՅ ԱՆՄԵՂ Է, ԳՈՂ ԿԱՅ ԴԱՏԱՒՈՐ

Աշխարհի մէջ՝ ուր անասունները նոյնիսկ հաւասար չեն, ինչպէ՞ս կարելի է հաւասարութիւն ակնկալել. հազարաւոր դարեր մարդը պայքարեցաւ, որպէսզի հաւասարութիւն ստեղծէ, սակայն մնաց ապարդիւն. ես ու դուն ո՞վ ենք, որ կարենանք դարաւոր այդ վէրքին բուժում տալ, մա՛նաւանդ՝ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ հաւասարութեան գաղափարը ինքնին անհաւասարութեան մէջ է՝ նկատի ունենալով, որ բոլոր անոնք, որոնք հաւասարութիւն ստեղծել կը փորձեն, պետութիւններու մէջ նոյնինքն անհաւասար ապրող անձերն են: 

Այսօր մեր յօդուածին որպէս նիւթ ունինք գողութիւնը, որովհետեւ այնպէս ինչպէս ամէ՛ն բանի մէջ՝ նոյնպէս գողութեան պարագային գոյութիւն ունի անհաւասարութիւնը. գողութիւնը որպէս ընդհանուր երեւոյթ պէտք չէ ընդունիլ, որովհետեւ գոյութիւն ունին մի քանի տարբեր տեսակի գողեր, որոնց մէջ կայ յստակ անհաւասարութիւն մը, որ իրականութեան մէջ զաւեշտալի բնոյթ ունի: 

Աշխարհի երեսին կան գողեր, որոնք հացի փշրանքներ գողցած ըլլալու պատճառով կորսնցուցած են ամենէն կարեւորը՝ իրենց ազատութիւնը, իսկ անդին կան գողեր, որոնք ամբողջ «հացի փուռ» մը գողցած ըլլալով պատուով եւ հպարտութեամբ ազատութեան մէջ են, որովհետեւ նոյնիսկ հաւասարութիւն քարոզող արդարադատութեան մօտ պատիժը ո՛չ թէ իր տեսակով կամ քանակով կը դատուի, այլ անձով ու պաշտօնով, դիրքով ու հանգամանքով: Հաւատացէ՛ք, որ այսօր բանտերու մէջ իրենց պատիժը կրող գողերուն մեծամասնութիւնը «փոքր» գողեր են, որոնք այդտեղ կը գտնուին հացի փշրանքներ գողցած ըլլալու պատճառով, մինչ ամբողջ ազգ մը, ամբողջ «փուռ» մը գողցող անձինք այսօր կը շարունակեն ազատութեան մէջ շրջիլ՝ նոյնիսկ պաշտօն ու ծափեր ստանալ, որովհետեւ աշխարհի արդարադատութեան խնդիրը գողութիւնը չէ, այլ որո՞ւ գողնալն է: 

Այսօր ես կամ դուն կատարած մեղքի մը համար շատ աւելի լուրջ պատասխանատուութեան կրնանք ենթարկուիլ, քան քաղաքական գործիչ մը՝ կամ անոր զաւակն ու հարազատները. այս բոլորը աւելի հասկնալի դարձնելու համար տանք օրինակ մը: 

Ներկայի Հայաստանի բաներէն մէկուն մէջ կը գտնուի հայ երիտասարդ մը՝ ընտանիքի հայր մը, որ որոշ գործեր իրականացնելու համար դրամատունէն մեծ վարկ վերցուցած է։ Համաճարակի ժամանակ նկատի ունենալով, որ արգիլուեցաւ մարդոց տունէն դուրս գալ, մարդուն գործերը ձախողութեան մատնուեցան։ Դրամատան պարտքերը կուտակուեցան եւ վերջաւորութեան դրամատունը որոշեց մարդուն ձեռքէն խլել իր տունը՝ առանց մտածելու, որ անտուն ու անօթեւան վիճակի մէջ պիտի յայտնուին ընտանիքն ու զաւակները: Մարդը այս խնդիրէն նեղացած իր ամսուայ պարտքը վճարելու համար մտած է թաղի խանութներէն մէկը եւ գումար «գողցած»՝ իր պարտքը վճարելու եւ պապենական տունը փրկելու համար։ Անձը այսօր արդէն իսկ չորս տարիէ ի վեր իր պատիժը կը կրէ Հայաստանի քրէակատարողական բանտերէն մէկուն մէջ: 

Անդին օրինակ առնենք Հայաստանի որոշ ղեկավարներ. Հայաստանի նախկին նախագահին՝ Ռոպեր՛ Քոչարեանին հարստութիւնը կը գնահատուի աւելի քան 1-2 միլիառ ամերիկեան տոլար։ Նախկին նախագահին կը պատկանի «Արցախ» դրամատունը, «Ունիպանք» դրամատունը, «Արտշինպանք» դրամատունը, «Րենքօ» շինարարական ընկերութիւնը, «ԱրարատՑեմենտ» ընկերութեան մէկ մասը եւ տակաւին շարքը կարելի է շարունակել… Հայաստանի նախագահի աշխատավարձը եթէ ըսենք տարեկան 100 հազար ամերիկեան տոլար է, այդ պարագային նախագահը պէտք է իր նախագահական պաշտօնին վրայ մնայ 10 հազար տարի, որպէսզի յաջողի հասնիլ 1 միլիառ ամերիկեան տոլար հարստութեան։ Հիմա հարց. նման աղքատ երկրի մը մէջ՝ ուր տնտեսական լուրջ խնդիրներ գոյութիւն ունին, նախագահ մը իրապէս կրնա՞ր «ճակտի քրտինք»ով նման հարստութեան տէր դառնալ։ Ի դէպ, այս մէկը պէտք չէ քաղաքականացնել. նոյնն է վիճակը նախորդ եւ յաջորդ նախագահներուն, նոյնն է վիճակը ներկայ իշխանութեան: Ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, որ իր տունն ու ընտանիքը փրկելու համար մի քանի հազար գողցողը աւելի քան չորս տարի կը գտնուի բանտին մէջ, մինչ ամբողջ ազգի հարստութիւնը սեփականացնողները ամենայն հանգստութեամբ կ՚ապրին հայրենիքի եւ կամ Եւրոպայի մէջ: 

Աւելի քան դար մը առաջ հայ աշուղը կը գրէր հետեւեալ տողերը. 

Յանցաւոր հարուստը ուրախ խնդալով,
Մեղքից ազատուել է մեծ գումար տալով, 
Խեղճ մարդը սխալմամբ մի հաւ գողնալով, 
Բանտի մէջ է փտել, խելքի՛ աշեցէք: 

Տողեր՝ որոնք հակառակ ժամանակի հեռաւորութեան կը շարունակեն մնալ ժամանակակից։ Այսօր բանտի մէջ փտողները որպէս խարան ունին «գող» յորջորջումը. հաւատացէ՛ք, որ ազատութեան մէջ գողերը շատ աւելի են՝ քան բանտերուն մէջ. հաւատացէ՛ք, որ անոնք որոնք այսօր ծափահարութիւններ կը ստանան շա՛տ աւելի գող են՝ քան անոնք, որոնք ատեաններու դիմաց որպէս գող կը դատապարտուին:

Տակաւին կը հաւատա՞ք, որ դատարաններն ու արդարադատութեան համակարգը հաւասարութեան ու արդարութեան համաձայն կը գործեն։ Եթէ այո՝ ապա պէտք է անգամ մը եւս մտածել այս մասին:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Որո՞նք աւելիով կը գողնան. ղեկավարնե՞րը, թէ գողերը:

Պատասխան. Գործնական առումով պէտք է նկատի ունենալ, որ գողութիւնը միշտ նիւթականով չի սահմանափակուիր. սովորական գողը կրնայ դրամ, առարկայ կամ սնունդ գողնալ եւ հետեւաբար իր կարողութիւնները սահմանափակ են, մինչ պետական ղեկավարները իշխանութիւնը ունին աւելի մեծածաւալ յափշտակութիւններ կատարելու՝ օրինական թուացող որոշ եղանակներով կամ տարբեր միջոցներով: Հետեւաբար գողութիւնը քանակէն անդին պէտք է չափել նաեւ ազդեցութեամբ ու կարողութեամբ. կրնանք ըսել, որ ղեկավարները կրնան աւելի գողնալ, իսկ հասարակ գողը որոշ սահմանափակումով գողութիւններ կրնայ կատարել:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 4, 2025