ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԵՑԱՒ ՄԱՐՍԷՅԼԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻՆ ԿՈՂՄԷ

Երէկ, դէպի Եւրոպա կարճատեւ ուղեւորութեան ծիրէն ներս, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունուեցաւ Մարսէյլի քաղաքապետ Պենուա Փայայի կողմէ։ Վեհափառ Հայրապետը նախ մեկնեցաւ Ժընեւ, ուր կեցութիւնը տեւեց օր մը։ Զուիցերիայէն Ֆրանսա անցնելով՝ Նորին Սրբութիւնը ժամանեց Մարսէյլ, ուր կը մասնակցի շարք մը արարողութիւններու։

Վեհափառ Հայրապետը քաղաքապետարանին մէջ ընդունելէ վերջ, Մարսէյլի քաղաքապետը հետեւեալ գրառումը կատարեց ընկերային ցանցերու վրայ. «Ես յիշեցուցի այն պատմական, ամուր ու յաւերժական կապերը, որոնք մեր քաղաքը կը միաւորեն հայ ժողովուրդին հետ։ Մարսէյլը չէր ըլլար Մարսէյլ, եթէ չըլլային հայերը»։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 5, 2025