ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասու քսանեօթ անդամներ երէկ հանդէս եկան ուշագրաւ յայտարարութեամբ մը, որով անվերապահ զօրակցութիւն յայտնեցին Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նկատմամբ: Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ակնյայտ թիրախաւորումներու պայմաններուն ներքեւ յառաջիկայ շաբաթ նախատեսուած եպիսկոպոսական ժողովին ընդառաջ հրապարակուած է այս յայտարարութիւնը: Մինչ երկրի իշխանութիւնները կը ջանան հալածել Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին եւ գահընկէց ընել անոր գլուխը՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը, շարք մը եպիսկոպոսներ ալ հերձատիրական դիրքորոշումով մը այցելեցին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, ինչ որ համազօր է Վեհափառ Հայրապետին դէմ դաւաճանութեան: Այս պայմաններու ներքեւ երէկուան յայտարարութիւնը ստորագրած 27 սրբազանները հետեւեալներն են.
Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան, Տ. Նաթան արք. Յովհաննիսեան, Տ. Յակոբ արք. Գլընճեան, Տ. Եզրաս արք. Ներսիսեան, Տ. Վիգէն արք. Այգազեան, Տ. Հայկազուն արք. Նաճարեան, Տ. Միքայէլ արք. Աջապահեան, Տ. Բագրատ արք. Գալստանեան, Տ. Արշակ արք. Խաչատրեան, Տ. Վահան եպսկ. Յովհաննէսեան, Տ. Յովակիմ եպսկ. Մանուկեան, Տ. Տաթեւ եպսկ. Յակոբեան, Տ. Արարատ եպսկ. Գալթագճեան, Տ. Մկրտիչ եպսկ. Պռոշեան, Տ. Աբգար եպսկ. Յովակիմեան, Տ. Մարկոս եպսկ. Յովհաննիսեան, Տ. Մուշեղ եպսկ. Պապայեան, Տ. Նարեկ եպսկ. Պէրպէրեան, Տ. Յովնան եպսկ. Յակոբեան, Տ. Դանիէլ եպսկ. Ֆընտըքեան, Տ. Տիրան եպսկ. Պետրոսեան, Տ. Մեսրոպ եպսկ. Պարսամեան, Տ. Օշական եպսկ. Կիւլկիւլեան, Տ. Առէն եպսկ. Շահէնեան, Տ. Գրիգոր եպսկ. Խաչատրեան, Տ. Կիրակոս եպսկ. Դաւթեան եւ Տ. Մակար եպսկ. Յակոբեան:
Ստորեւ կը ներկայացնենք յայտարարութիւնը:
*
Մենք՝ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ներքոստորագրեալ արքեպիսկոպոսներս եւ եպիսկոպոսներս, որդիական մեր անվերապահ հաւատարամութիւնը կը յայտնենք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին եւ անոր ազգընտիր գահակալին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին:
Անըդնունելի եւ վտանգաւոր կը համարենք եկեղեցական ներքին հարցերը քաղաքական միջամտութեամբ լուծելու որեւէ փորձ՝ անկախ ամէն տեսակ պատճառաբանութենէ: Եկեղեցւոյ կառավարման եւ ներքին կեանքին վերաբերեալ բոլոր խնդիրները անխտիր կարգաւորելի են եղբայրական սիրով, առաքելագործ եպիսկոպոսներու վայել բարձր գիտակցութեամբ, եկեղեցական-ժողովական իրաւասու մարմիններու միջոցով՝ համաձայն մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ գործօն կանոնական ընթացակարգերուն:
Անհանդուրժելի եւ դատապարտելի կը նկատենք Պատարագի սրբազան արարողութեան ընթացքին Ամենայն Հայոց Հայրապետի անուան յիշատակման կամայական զեղչումը՝ որպէս ծիսականոնական կոպտագոյն խախտում, որ եկեղեցաբանութեան տեսանկիւնէ պառակտման տարրեր կը պարունակէ:
Վստահ ենք, թէ մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ միասնութիւնն ու խաղաղութիւնը վեր են անձնական, խմբային կամ այլ շահերէ եւ պիտի ամրապնդուին սիրոյ հաղորդութեան, ճշմարտութեան եւ արդարութեան ճանապարհով՝ առաքելական յորդորով հաստատելի, թէ՝ «Կը խնդրեմ ձեզմէ, եղբայրնե՛ր, հեռո՛ւ մնացէք անոնցմէ, որոնք կը պառակտեն եւ գայթակղութիւն յառաջ կը բերեն՝ հակառակ այն վարդապետութեան, որ դուք սորվեցաք: Հեռո՛ւ մնացէք անոնցմէ» (Հռոմ. ԺԶ 17):
Համոզուած ենք, թէ մեր եպիսկոպոսաց համախումբ ջանքերով արդիւնաւէտ լուծումներ կը գտնենք ի շահ մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ: