ՍԵՓԱԿԱՆ ԿԱՐԾԻՔԻ ԱՂՔԱՏՈՒԹԻՒՆ
Մարդկային պատմութեան մէջ քաղաքականութիւնը միշտ ալ նկատուած է «վտանգաւոր», որովհետեւ իւրաքանչիւր քայլ ու որոշում կրնայ վիճակագրական ըլլալ եւ հասարակ խօսքն անգամ կրնայ զէնքի վերածուիլ: Բայց հայկական իրականութեան մէջ մենք այդ վտանգը չենք տեսներ՝ հակառակ անոր, որ այդտեղ իւրաքանչիւրին խօսքը արդէն իսկ ինքնին զէնք է: Վտանգաւոր չենք նկատեր հիմնուելով յայտնի փիլիսոփայ Նիցչէի խօսքին. «Իւրաքանչիւր անձ, որ ունի սեփական կարծիք, վաղ թէ ուշ վտանգաւոր կը դառնայ». եթէ մեծ փիլիսոփայի խօսքը ճշմարիտ է, ապա մենք շատ վտանգ չունինք, որովհետեւ մեր մօտ կարծիք ունեցողները ընդհանուր մի քանի հոգի են, իսկ մնացած հազարաւորը այդ կարծիքը (շատ անգամ առանց հասկնալու նոյնիսկ) կրկնողներ են:
Ժողովուրդի մօտ այդ կուրութիւնը կարելի է հասկնալի նկատել. ժողովուրդը յաճախ առանց հասկնալու կը կրկնէ իր նախասիրած ղեկավարի ըսածները՝ նոյնիսկ եթէ սխալ ըլլան այդ բոլորը, սակայն մեզի համար տարօրինակ կը թուի պետական գործիչներու սեփական կարծիք չունենալու հանգամանքը. այժմ մենք կը հպարտանանք, որ ունինք ազատ ու անկախ Հայաստան մը, սակայն կ՚անգիտանանք, որ մենք ազատութեան մէջ չենք, որովհետեւ այլ մտածող մը՝ Շոփենհաուըր իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կ՚ըսէ, թէ մարդու ազատութիւնը կը սկսի այն ժամանակ, երբ կը սկսի մտածել իր սեփական գլուխով՝ այլ խօսքով՝ կ՚ունենայ իր սեփական կարծիքը, որ պարտի հիմնուած ըլլալ տրամաբանութեան վրայ: Մերօրեայ պետական գործիչները կ՚ուզեն հեռու մնալ մտածելու, վերլուծելու եւ պատասխանատուութիւն կրելու պարտաւորութենէն եւ հետեւաբար աւելի ձեռնտու կը նկատեն թութակի պէս արտայայտուած գաղափար մը կրկնելը՝ միեւնոյն ժամանակ հեռու մնալու համար թիրախաւորումէ կամ քննադատութենէ, որովհետեւ կարծես անգիր օրէնք մը կայ, որ կ՚ըսէ, թէ կուսակցութեան գլուխը ինչ որ կ՚ըսէ՝ անսխալ է:
Սակայն այստեղ կ՚ուզենք հակասել Նիցչէի ըսածին. Նիչցէ սեփական կարծիք ունեցողը վտանգաւոր կը նկատէ, սակայն մեր երկրի պարագային սեփական կարծիքի պակասն է, որ վտանգ կը ստեղծէ. սեփական կարծիքի պակասը մարդուն մօտ կ՚արգելափակէ քննադատելու եւ վերլուծելու կարողութիւնը եւ ամբողջ ազգ մը, պետութիւն մը կը սկսի առաջնորդուիլ մի քանի անհատներու ճիշդ կամ սխալ համոզումներով։ Վերջապէս այս մէկը վտանգաւոր է այնքանով, որ սեփական կարծիք չունեցող ժողովուրդը ի՛նք է, որ ընտրութեամբ պաշտօնի կը կոչէ ղեկավարները. սեփական կարծիք չունենալու պարագային այդ մէկը դուրս կը մնայ գիտակից ընտրութենէն: Այդ իսկ պատճառով Հայաստանի մէջ այսքան ձայն հաւաքելը, մեծամասնութիւն դառնալը իրականութեան մէջ իմաստ մը չունի, որովհետեւ առանց համոզումի, սեփական կարծիքի ընտրողներուն թիւը շատ աւելի կը դառնայ՝ քան սեփական կարծիք ունեցողներունը:
Շատեր կը կարծեն, որ ընդդիմութիւն չունենալը, հակառակ կարծիք չունենալը երկրի մը առողջ վիճակը կը ներկայացնէ, սակայն, ճշմարտութիւնը ամբողջութեամբ հակառակն է. հակառակ կարծիքն է, որ հաւասարակշռուած կը պահէ կողմերը։ Ընդդիմութիւնն է, որ կը ստիպէ իշխող ղեկավարութեան աւելի լաւ աշխատանք կատարել. աշխարհի մեծագոյն ստեղծագործութիւնները, յայտնաբերումները՝ քննադատութեան եւ երկկողմանի կարծիքներու փոխանակումով իր իտէալական ու կատարեալ վիճակին կը հասնին:
Անշուշտ, պատմութեան մէջ սեփական կարծիք չունենալու դժբախտ հետեւանքները կրնանք յստակ ձեւով տեսնել ու քննել. օրինակի համար, Հիթլերի քաղաքականութիւնը. Հիթլեր առիթ չէր տար, որպէսզի հասարակութիւնը հարցաքննէ եւ վերլուծէ պետական քարոզչութիւնը. Գերմանիոյ հասարակութիւնը որպէս «ճիշդ» ընդունեց այն բոլորը, որ Հիթլեր ըսաւ ու որոշեց. նոյն երեւոյթը գոյութիւն ունէր Սովետական Միութեան մէջ. ո՞վ կը համարձակէր հարցականի տակ դնել կամ հակառակ ըլլալ տրուած որոշումներուն: Այս բոլորը մեզի պէտք է տան հետեւեալ կարեւորագոյն դասը. իշխանութիւնը հասարակութենէն, ժողովուրդէն շատ աւելի զօրաւոր չէ, սակայն, երբ մարդիկ չունենան սեփական կարծիք, ապա իշխանութիւնը կը ստանայ անսահման ուժ, որովհետեւ մարդիկ մտածելու փոխարէն կը ձգեն, որպէսզի պետութիւնը, իշխանութիւնը ի՛նք մտածէ եւ հոն է, որ կը սկսի բռնապետութիւնը։ Պէտք է լաւապէս գիտնալ, որ բռնապետութիւն չի՛ նշանակեր զէնքերով, գաւազաններով մարդոց բան մը պարտադրել. հիմնական բռնապետութիւնը սկիզբ կ՚առնէ սեփական կարծիքի պակասէն:
Մարդ երբ սեփական կարծիքէն հրաժարի, ինքնաբերաբար հրաժարած կ՚ըլլայ նաեւ իր սեփական ազատութենէն, որովհետեւ ով որ սեփական կարծիք չունի, ապա ուրիշի կեանքը կ՚ապրի, ուրիշի որոշումներուն գործադրումը կը դառնայ: Այս մէկը ազատութեան մէջ տրուած ստրկութիւն մըն է մարդուն:
Այսօր պետութիւնը կ՚ուզէ, որպէսզի մարդիկ սեփական կարծիք չունենան, որովհետեւ ճշմարտութիւնը կ՚ըսէ, թէ մտածող մարդուն կրնաս հակաճառել, սակայն չես կրնար երբեք ղեկավարել եւ մեր պետութեան ղեկավարելու ատակ ժողովուրդ պէտք է։ Փաշինեանը այսօր կը խօսի կաթողիկոսին մասին եւ ամբողջ ժողովուրդը կաթողիկոսի նիւթն է, որ կը ծեծէ. վաղը Փաշինեանը թող խօսի հաւերուն մասին եւ մէկէն ի մէկ բոլորը հաւերով մտահոգ, հաւաբաններ կը դառնան:
Պարզապէս վա՜յ այն ժողովուրդին, որուն ղեկավարները սեփական կարծիքի աղքատութիւնը ունին:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Սեփական կարծիքը ինչքանո՞վ կարեւոր է մարդուն համար:
Պատասխան. Սեփական կարծիքը մարդուն համար հիմնական նշանակութիւն ունի, որովհետեւ այդ մէկը կ՚արտացոլացնէ մարդուն անհատականութիւնը, մտածողութեան կարողութիւնն ու ինքնութիւնը: Մարդ, որ անդադար ուրիշները կ՚ընդօրինակէ եւ առանց սեփական կարծիքի հանրային կարծիքը կ՚ընդունի, կը կորսնցնէ իր ինքնութիւնն ու ազատ կամքը: Սեփական տեսակէտ ունենալը մարդուն առիթ կու տայ պատասխանատուութիւն վերցնել, սեփական ուղին որոշել: Կ՚օգնէ, որպէսզի մարդ հասկնայ աշխարհը եւ անոր հիման վրայ կատարէ իր ընտրութիւնները, որոնք իրապէս կը համապատասխանեն իր արժէքներուն ու սկզբունքներուն:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան