ԱՄԱՆՈՐԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՔԷՐՄԷՍ

Կեդրոնական վարժարանի ծնողաց միութիւնը այս տարի եւս քէրմէս մը կազմակերպեց՝ Ամանորի ընդառաջ։ Ծնողաց միութիւնը երկար տարիներէ ի վեր այս աւանդոյթը կը տեւականացնէ՝ աջակցելու համար դպրոցի շարք մը կրթական ծրագրերուն։

Երէկ, Կեդրոնական սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ սկսաւ երկօրեայ քէրմէսը, որու այցելուներու շարքին էին համակիրներ եւ զանազան հիւրեր։ Բոլորն ալ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին տաղաւարներու իրեղէններուն նկատմամբ։ Ծնողաց միութիւնը գոհ էր, որ քէրմէսը արժանացաւ վառ հետաքրքրութեան։ Կեդրոնական վարժարանի ծնողաց միութիւնը կը գլխաւորուի Թանիա Սարեանի կողմէ։

Լուսանկարին մէջ կ՚երեւին (ձախէն)՝ Թալին Պոզթաշ, Գարին Արապաճեան, Պանու Էօզտեմիր, Տէօնիս Թաշհան, Սեդա Էվլիք, Ժանէթ Արծիւեան, Լետա Աղտերէ, Լետա Չիֆճեան, Թանիա Սարեան, Նաթալի Օքթայ, Հիլտա Աւատան, Լիզա Էրչելիք, Հիլտա Աշճը, Թալին Ցնծալ, Թամար Գարագաշ եւ Գարոլին Քեպապճը։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 6, 2025