ԼԵՒՈՆ ԺԴ. ՊԱՊԻ ԼԻԲԱՆԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏՔԵՐՈՎ

Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը այցելեց Լիբանան ու Վատիկանի յատուկ եւ հոգատար վերաբերմունքը ցոյց տուաւ այդ բազմաչարչար ու գեղեցիկ երկրին: Լիբանանի քրիստոնեայ ժողովուրդը իւրայատուկ եւ մոգական կապուածութիւն մը ունի Հռոմի եկեղեցիին՝ բազմաթիւ հանգամանքներէ բխած։

Լիբանան իբրեւ քրիստոնէական ծաղկուն ովասիս արաբական աշխարհին մէջ, կրցած էր նախ ֆրանսական հովանաւորութեամբ կազմաւորել ինքզինքը ու ներկայանալ իբրեւ յատկանշական դերով երկիր: Մինչ այդ, Վատիկանի հետ Լիբանանի՝ թէ՛ ոգեղէն եւ թէ մշակութային պատկանելիութիւնը եւ կապը՝ իրեն աւելի դեր ու թեւ տուին։ Տեղ մը Վատիկանով Լիբանանը Լիբանան է եւ անոր առաքելութիւնը աւելի կը սլանայ վատիկանեան ենթահողով ու պարունակութեամբ: Հաւանաբար, Լիբանանը այն հազուագիւտ երկիրներէն մին է (եթէ չըսենք միակը), ուր Վատիկան այսպէս ըսած՝ առաւելագոյն ոճով կը պատգամանայ: Լիբանանի առաքելութիւնը, ինչպէս Վատիկան բանաձեւած էտ «խաղաղութեան պատգամաբեր» ըլլալն է, ի հեճուկս իր հողին վրայ մղուած անթիւ պատերազմներուն՝ թէ՛ լիբանանցիներու եւ թէ ուրիշ ժողովուրդներու-երկիրներու միջոցաւ: Լիբանանը խաղաղութեան պատգամ է բոլոր Արեւելքին մէջ ու համակեցութեան մեծ օրինակ, իսկ անոր յաջողութիւնն ու ձախողութիւնը Վատիկանինն է նոյնպէս: Ոգեղէն պատկանելիութիւնը մարդկային ամենայուզիչ, կենսանորոգ ու յաւերժ առաքելացնող պատկանելիութիւններէն մէկն է։ Այո՛, այդ մէկը կրօնական տարազով-ծէսերով կը մարմնաւորուի, սակայն, միեւնոյն ատեն հոն ընկերային տիեզերականացած շունչը ամենահուժկուն է՝ թէ՛ անհատական եւ թէ հաւաքական մակարդակներով, անկախ հաւատալիքներէն ու քաղաքական օգտագործումներէն: Հաւանաբար, մարդկային հաւաքական ազնուագոյն ձեւերէն մին է ոգեղէն պատկանելիութեամբ ապրիլը՝ մա՛նաւանդ երբ այդ պատկանելիութիւնը չէ ուղղուած ուրիշին դէմ ու խաղաղասիրական է: Լիբանանը բոլոր վայրագութիւններու, տագնապներու ականատեսը ըլլալով հանդերձ, մնաց ոգեղէն պատկանելիութեան կեդրոն ու ջահակիր:

Լեւոն ԺԴ. Պապին այցելութիւնը՝ բազմաչարչար Լիբանանին դարձեալ յոյս, հաւատք ու սէր փոխանցելու առիթ մըն էր. առիթ մը, երբ զեղօրէն ու ներհակաբար այդ տարածքէն ծագած քրիստոնէութիւնը կը վերընձիւղուի ու կը փոխանցուի հռոմէական, յունական քաղաքակրթութիւններով՝ հիմք դրուած արեւմտեան քաղաքակրթութեամբ նոյն Վատիկանով, որ կեդրոնն ու ղեկավարն է քրիստոնէութեան:

Մարդկային պատմութեան մէջ ամենաերկարն էր Հռոմէական կայսրութիւնը, որ ձգեց մեծ ժառանգութիւն եւ, հաւանաբար, ամենապայծառ ու առաքինի ժառանգութիւններէն մին ալ Վատիկանն էր:

21-րդ դարուն ալ շատ մեծ է Վատիկանի դերը, ինչքան ալ քրիստոնէութիւնը կորսնցուց հաւատամքային իր բովանդակութիւնը եւ արեւմտեան քաղաքակրթութիւնը ուղղուեցաւ դէպի անաստուածութիւն: Կաթողիկէ աշխարհը քրիստոնէական ամեմամեծ աշխարհն է, որ տակաւին կը շարունակէ իր առաքելութիւնը 21-րդ դարուն մէջ, ան հզօրագոյնն է իր կառոյցով ու կատարելիք ծրագիրներով: Պէտք է նկատել, որ քրիստոնէութիւնը կրօնէ մը աւելին է, այն քաղաքակրթութիւն է ու առաքելութիւն, իսկ մարդկային խաղաղութեան, համակեցութեան ու բարօրութեան ամենամեծ քարոզիչներէն է:

Լեւոն ԺԴ. Պապը Լիբանան այցելութեամբ անգամ մը եւս ստանձնեց ու վերահաստատեց Վատիկանի ղեկավարութիւնը քիրստոնէական աշխարհէն ներս։ Այս կէտին պէտք է ըսել, որ արեւելեան բոլոր եկեղեցիները իրենց բոլոր ոգեղէն ու վարչական վաւերականութիւններով՝ չունին Վատիկանի վարչարարութիւնը, կառուցուածութիւնն ու օրինակարգութիւնը: Աներկբայ ու յայտնապէս Վատիկանն է ամենամեծ համադրողը համաշխարհային քրիստոնէական գործունէութեան, էքիւմենիք շարժման ու ուղղուածութիւններուն, ինչքան ալ մենք կ՚ապրինք բաց, անկրօն ու աշխարհիկ հասարակութիւններու մէջ, տակաւին յարաբերաբար Վատիկանի դերը կը մնայ ամենականգունը: 

Այո՛, Լիբանանը պատգամ է եւ անոր քրիստոնէական առաքելութիւնն ալ ուրիշ համ ու հոտ ունի. համ ու հոտ մը, որ ընկալուած է ու սիրուած ուրիշ կրօններու ալ կողմէ, հակառակ դառնութիւններուն, փորձութիւններուն եւ աշխարհաքաղաքական մեծ մարտահրաւէրներուն:

Պապը եկաւ ու գնաց. ան Լիբանանի ժողովուրդին կոչ ըրաւ խաղաղութեան, տոկունութեան, կամքի ու հաւատքի։ Ան փոխանորդն է Պետրոս առաքեալի, որ ամենամօտն էր Քրիստոսին: Մինչ այդ, Լիբանանն ալ այնքան մօտիկ Արեւմուտքին ու արեւմտեան Վատիկանին, նաեւ այնքան մօտիկ Արեւելքին ու Քրիստոսի արեւելեան ճանապարհին:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 6, 2025