ՀԱՄԱՏԵՂ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ Մատ­րի­տի մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ Եւ­րո­պա­կան ժո­ղովր­դա­կան կու­սակ­ցու­թեան (ԵԺԿ) հա­մա­գու­մա­րին։ ԵԺԿ-ի նա­խա­գահ Ժո­զէֆ Տո­լի գլխա­ւո­րու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցան հա­մա­գու­մա­րին աշ­խա­տանք­նե­րը, ո­րոնց մաս­նակ­ցե­ցան նաեւ Եւ­րո­միու­թեան խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Տա­նըլտ Թուսք եւ Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ժան-Քլոտ Եուն­քէր։ ԵՄ-ի ան­դամ եւ ա­նոր Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան մաս­նա­կից եր­կիր­նե­րէն ԵԺԿ-ին ան­դա­մակ­ցող կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը ներ­կա­յաց­նող պե­տու­թիւն­նե­րու եւ կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­ներ եւս ներ­կայ գտնուե­ցան Մատ­րի­տի այս հա­մա­գու­մա­րին։

Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, հա­մա­գու­մա­րի օ­րա­կար­գին վրայ կը գտնուին ԵԺԿ-ի նա­խա­գա­հի ընտ­րու­թիւ­նը, կու­սակ­ցու­թեան նոր ծրագ­րի, նաեւ կա­նո­նադ­րու­թեան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու քննար­կումն ու հաս­տա­տու­մը։ Ե­րէկ սկսած աշ­խա­տանք­նե­րը այ­սօր կ՚եզ­րա­փա­կուին եւ քննար­կում­նե­րուն շրջագ­ծով հա­մա­գու­մա­րի պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րուն ու­շադ­րու­թիւ­նը կեդ­րո­նա­ցաւ հա­մաեւ­րո­պա­կան բնոյ­թով խնդիր­նե­րուն վրայ։ Ար­ծար­ծուե­ցան փախս­տա­կան­նե­րու հար­ցե­րը, տնտե­սա­կան ճգնա­ժա­մի հե­տե­ւանք­ներն ու ա­նոնց յաղ­թա­հար­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։ Անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ Եւ­րո­պա­կան հա­րե­ւա­նու­թեան խնդիր­նե­րուն, Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան ո­լոր­տէն ներս առ­կայ զար­գա­ցում­նե­րուն, մի­ջազ­գա­յին ար­դի մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն։

Մատ­րի­տի մէջ ե­րէկ Սերժ Սարգ­սեանն ալ հան­դէս ե­կաւ ե­լոյ­թով մը։ Այս առ­թիւ ան ը­սաւ. «Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան Ռի­կա­յի գա­գա­թա­ժո­ղո­վը ող­ջու­նեց Հա­յաս­տա­նի եւ ԵՄ-ի մի­ջեւ գոր­ծակ­ցու­թեան ա­պա­գայ շրջա­նա­կին շուրջ սկզբնա­կան պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թեան ձեռք­բե­րու­մը։ Այ­սօր ու­րախ եմ նշե­լու, որ ԵՄ-ի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ մենք հա­սած ենք հեր­թա­կան պա­տաս­խա­նա­տու հանգ­րուա­նի։ Ան­ցեալ շա­բաթ Լիւք­սեմ­պուր­կի մէջ ԵՄ-ի խոր­հուր­դը տրա­մադ­րեց Հա­յաս­տա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու նոր ի­րա­ւա­կան հիմ­քի ձե­ւա­ւոր­ման շուրջ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ սկսե­լու լիա­զօ­րու­թիւ­նը։ Լիա­յոյս եմ, որ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քին մշա­կուե­լիք փաս­տա­թուղ­թը պի­տի ու­րուագ­ծէ փո­խա­դարձ հե­տաքրք­րու­թիւն ներ­կա­յաց­նող բո­լոր ո­լորտ­նե­րէն ներս հա­մա­պար­փակ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը՝ դառ­նա­լով Հա­յաս­տան-ԵՄ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը նոր մա­կար­դա­կի բարձ­րաց­նե­լու հա­մա­տեղ յանձ­նա­ռու­թեան լա­ւա­գոյն ե­րաշ­խիք։ Ան­շուշտ, մեր ճա­նա­պար­հը այդ­քան ալ հարթ պի­տի չըլ­լար, ե­թէ չըլ­լա­յին մեր գոր­ծընկ­եր­նե­րու, նե­րա­ռեալ ԵԺԿ-ի ըն­տա­նի­քի ա­ջակ­ցու­թիւն­նե­րը։ Լիա­յոյս եմ, որ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին եւս ԵԺԿ մեր կող­քին պի­տի ըլ­լայ՝ ա­նոնք հնա­րա­ւո­րինս ա­րագ ա­ւար­տին հասց­նե­լու եւ ար­դէն նոր ի­րա­ւա­կան հիմ­քով մը Հա­յաս­տա­նի եւ­րո­պա­կան օ­րա­կար­գը շա­րու­նա­կե­լու հա­մար»։

Իր ե­լոյ­թի տե­ւո­ղու­թեան Սերժ Սարգ­սեան շեշ­տեց, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ կը շա­րու­նա­կո­ւի զար­գա­ցու­մը ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կա­ռոյց­նե­րու, իշ­խա­նու­թեան ճիւ­ղե­րու հա­ւա­սա­րակշ­ռու­մը, մար­դու ի­րա­ւանց պաշտ­պա­նու­թիւնն ու դա­տա­կան հա­մա­կար­գի ան­կա­խու­թիւ­նը։ Ան այս ուղ­ղու­թեամբ մեծ քայլ մը նկա­տեց՝ սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րու նա­խա­ձեռ­նու­մը, ինչ որ կ՚ի­րա­կա­նա­ցո­ւի Վե­նե­տի­կի յանձ­նա­ժո­ղո­վին հետ սերտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ։ Ե­թէ յա­ռա­ջի­կայ Դեկ­տեմ­բե­րի 6-ին կա­յա­նա­լիք հան­րա­քո­ւէի ար­դիւն­քին ժո­ղո­վուր­դը հա­ւա­նու­թիւն տայ սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րուն, ա­պա Հա­յաս­տան կի­սա­նա­խա­գա­հա­կան կա­ռա­վար­ման դրու­թե­նէն պի­տի անց­նի խորհր­դա­րա­նա­կա­նի, ինչ որ ա­ւե­լի ար­դիւ­նա­ւէտ պի­տի դարձ­նէ իշ­խա­նու­թեան զա­նա­զան թե­ւե­րու գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը, հիմ­քեր պի­տի ստեղ­ծէ տնտե­սու­թեան ա­ւե­լի աշ­խոյժ զար­գաց­ման հա­մար, պի­տի բարձ­րաց­նէ մար­դու ի­րա­ւանց պաշտ­պա­նու­թեան մա­կար­դա­կը, պի­տի ու­ժե­ղաց­նէ ընդ­դի­մու­թեան դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը։ Սարգ­սեան յի­շե­ցուց, որ հան­րա­քո­ւէն դի­տար­կե­լու հա­մար հրա­ւի­րո­ւած են եւ­րո­պա­կան եւ այլ մի­ջազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ «Վստահ եմ, որ ձեր մաս­նակ­ցու­թեամբ ու ձեր լա­ւա­գոյն փոր­ձով ա՛լ ա­ւե­լի պի­տի խթա­նենք Հա­յաս­տա­նի մէջ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան գոր­ծըն­թաց­նե­րուն յա­ռա­ջըն­թա­ցը», ը­սաւ ան Մատ­րի­տի մէջ։

 

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2015