ՈՂԲԱՄ ԶՔԵԶ ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒ

Այս աշխարհի մէջ տրամաբանութիւն պէտք չէ փնտռել, որովհետեւ այդ մէկը փնտռելը ինքնին անտրամաբանական է, իսկ եթէ այդ մէկը փորձէք փնտռել Հայաստանի մէջ, ապա… ձեր մտային եւ հոգեկան առողջութիւնը քայքայուած է եւ գուցէ անբուժելի ախտով մը կը տառապիք: 

Մենք տրամաբանութիւն չփնտռեցինք, սակայն, ունեցանք տկարամտութիւնը աչքէ անցընելու «հայկական» որոշ լրատուամիջոցներ՝ այն հաւատքով ու ակնկալիքով, որ հայ մամուլը ի՛նքն է հայ լեզուի մշակն ու զինուորը՝ որ պարտաւոր է օր օրի բիւրեղացնել լեզուն. տեսականին մէջ ամէն բան այնքա՜ն անուշ ու ճիշդ է, սակայն, իրականութիւնը ամբողջութեամբ հակառակն է տեսականօրէն սպասուածին. տարբեր երեւոյթ մը չունէր նաեւ մամուլի հայ լեզուի մշակ ու պաշտպան ըլլալու գաղափարը… որ խեղկատակութիւն է պարզապէս: 

Կարելի չէ ակնկալել ժողովուրդէն անաղարտ ու անբիծ հայերէն մը սպասել, երբ հայ մամուլը, երբ իշխանութիւններն ու պետական գործիչները իրենք մաքուր հայերէնով չեն արտայայտուիր։ Երբ երկրի մը նախագահը, երկրի մը վարչապետը չի յաջողիր մաքուր հայերէնով խօսիլ, այդ պարագային նոյնը ժողովուրդէն ակնկալելն ու սպասելը անիմաստ պիտի ըլլայ եւ եթէ պահ մը սերտենք հայաստանեան քաղաքական կեանքը, ապա յստակ պիտի ըլլայ, որ լեզուի պաշտպանութիւն, լեզուի բիւրեղացում… անիմաստ ու ժամանակավրէպ բաներ են: 

Ահաւասիկ, դիմացս ունիմ հայկական մամուլը… որուն մէջ հայերէնը պիտի բիւրեղանայ… (բիւրեղանար): 

Ա.- Լրագրող մը՝ Բելլա Լալայեան անունով (բարեբախտաբար չեմ ճանչնար) կը գրէ. «Պասպորտ պիտի ստուգեն՝ հերիք չի, դեռ խցիկ էլ պիտի մտնենք». մեր ՀԱՅ լրագրողի ստուգման հանդէպ ունեցած գանգատը ինչքանո՞վ տեղին է՝ չեմ գիտեր, սակայն կը կարծենք, որ որպէս լրագրող, նուազագոյն պատասխանատուութիւնը ունենալով շատ պարզ ձեւով կրնար գործածել «անցագիր» հայերէն բառը։ Գուցէ այս սխալը կատարած ըլլար հասարակ քաղաքացի մը, այնքան քննադատելի պիտի չըլլար, սակայն, երբ նման սխալ գործողը լրագրող մըն է՝ որուն տրուած է հայ լեզուն մշակելու սրբազան առաքելութիւնը… վիճակը կը տարբերի: 

Բ. «Հայկական Ժամանակ» թերթը տակաւին մէկ շաբաթ առաջ հրապարակած լրատուութեան մը որպէս խորագիր կը գրէ. «Կանադայի դեսպանն այցելել է ՀՀ-ում ԵՄ դիտորդական առաքելութեան Կապանի օպերատիվ բազա». օպերատիվի փոխարէն «գործող», իսկ բազայի փոխարէն յենակայան գրելը այնքա՞ն դժուար բան է. եթէ ժողովուրդի մօտ տարածուած է «բազա» բառը, այդ չի նշանակեր, որ հայ մամուլը եւս պիտի ենթարկուի այդ սխալին եւ հրաժարի իր մայրենիէն, մա՛նաւանդ մամուլի մը համար՝ որ իր մէջ ունի «Հայկական» անուանումը: Ի դէպ, «բազա» բառը օգտագործած են շատ մը լրատուամիջոցներ. Ինչպէս՝ «new.am», «Առաջին լրատուական ալիք», «Հրապարակ», «ԹԵՐԹ.am» եւ բազմաթիւ ուրիշներ: 

Գ. Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան տակաւին մի քանի օր առաջ ունեցած ասուլիսի ժամանակ գործածեց նման արտայայտութիւն մը. «Մենք ասում ենք, որ պրոցես է սկսուել եւ նա պէտք է գնա այդտեղից»։ Երկրի մը առաջին դէմքին համար «պրոցես» բառին փոխարէն «ընթացք» բառը գործածելը այնքա՞ն դժուար է՝ մանաւանդ նկատի ունենալով, որ լրագրող մըն ալ վարչապետը ի՛նք եղած է: Նոյն ասուլիսին մէջ վարչապետը կը գործածէ «ինստիտուտ» բառը… հիմնարկ կամ հաստատութիւն բառը նուա՞զ նպատակայարմար կ՚ըլլար: 

Դ.- Հայաստանի նախկին նախագահներէն Ռոպերթ Քոչեարեան մօտաւորապէս երկու ամիս առաջ հրապարակ եկաւ յայտարարութեամբ մը. «Մենք կրկին անգամ կոչ ենք անում բոլոր քաղաքական գործիչներին զերծ մնալ սեքսիստական արտայայտութիւններից». այստեղ կարելի չէ՞ր գործածել միթէ «սեռային խտրականութիւն» բառը. շատ աւելի յարմար ու անուշ չէ՞ միթէ: 

Ե. Երեւանի քաղաքապետը կատարած իր յայտարարութիւններէն մէկուն մէջ խօսքը ուղղելով պաշտօնեաներուն՝ կ՚ըսէր. «Էս շաբաթ աւարտէ՛ք, միւս շաբաթ ասուի՝ վսյո, աշխատում ենք…». կ՚աշխատին թէ ոչ՝ չենք գիտեր, սակայն լիայոյս ենք, որ մեր պետական գործիչները իրենց այս ընթացքին «վսյո» մը ըսեն ու վերջ տան հայերէն լեզուն ապականելէ… որովհետեւ իրապէս «վսյո» վիճակ մը սկսած է ունենալ թէ՛ հայ մամուլը եւ թէ մեր մայրենի լեզուն: 

Դ.- Մօտաւորապէս տարի մը առաջ եւ կամ գուցէ երկու տարի առաջ հայկական մամուլի մէջ կը հրատարակուէր հետեւեալ խորագրով լուր մը. ««Կապիտուլյացիան ուղեղումդ է», «դավայ եղի ստեղից, արա՜». իրականութեան մէջ այստեղ մամուլը չէ մեղաւորը, որովհետեւ այս մէկը իշխող քաղաքական ուժի մի քանի ներկայացուցիչներու արտայայտութիւններն են. Արթուր Յովհաննիսեանը Էդկար Ղազարեանին «դավայ եղի»ով կը փորձէր հեռացնել ու վռնտել…»:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Սկզբունքով պէ՞տք է պետական գործիչները վեր ըլլան օրէնքէն:

Պատասխան. Ո՛չ, սկզբունքով պետական գործիչները երբեք չեն կրնար օրէնքէն վեր ըլլալ: Իրենց դիրքն ու իշխանութիւնը կը պարտադրէ պահպանել նոյն օրէնքներն ու կանոնները, որոնք պարտաւոր է պահել ոեւէ քաղաքացի. հակառակ պարագային, անարդարութիւն կը տիրէ եւ անպատժելիութեան կարգ կը հաստատուի: Պետական պաշտօնեայի պարտաւորութիւնն է ո՛չ միայն հետեւիլ օրէնքին, այլ նաեւ որպէս օրինակ ծառայել, վստահ ըլլալով, որ իրենց գործունէութիւնը չի խախտեր քաղաքացիներու իրաւունքներն ու հանրային շահը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 6, 2025