ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՒ ԸՆԿԵՐԱԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

«Աստուածաբանական եւ ընկերաբարոյական նիւթեր. Բ. հատոր», Բերիոյ հայոց թեմի բարեջան առաջնորդին՝ Տ. Մակար արք. Աշգարեանի թարգմանական արգասիքի պտուղներէն մէկն է, որ լոյս տեսած է 2025-ին, Հալէպ: 

Գիրքը կը բաղկանայ 328 էջերէ, թղթակազմ: Հրատարակուած է ազնիւ մեկենասութեամբ տիկին Ֆլորա Շահինեան-Յովհաննէսեանի եւ իր սիրասուն զաւակներուն՝ Կարոյի եւ Սէսիլիա-Նայայի, ի յիշատակ իրենց հարազատին՝ ամուսնոյն եւ հօր՝ հանգուցեալ Գէորգ Շահինեանի: 

Մակար սրբազան իր այս թարգմանական աշխատասիրութիւնը ձօնած է՝ 

«Հայ երիտասարդին ու երիտասարդուհիին. մեր ազգին, եկեղեցւոյ ու պատմութեան ղեկն ու ապագայի ընթացքը իր ձեռքերուն մէջ ունեցողին ու վստահելիին, մեր ընկերութեան ու ընտանիքին հոգեմտաւոր ու բարոյական սիւներուն եւ գանձերուն, աւանդոյթներուն ու արժէքներուն արժանահաւատ պահապանին ու զայն յաջորդ սերունդներուն անաղարտ եւ վայելուչ փոխանցողին: Արդ, զօրութեամբ ստեղծագործէ, կուռ հաւատքով պատերազմէ, հրավառ սիրով ծառայէ, եւ աներեր յոյսով սպասէ»:

Գիրքին սկիզբը Մակար սրբազան իր երկու խօսքին մէջ կը գրէ. «Ինչպէս առաջին հատորին «Երկու խօսքին» մէջ յիշած եմ, այս աշխատանքն ալ, որպէս երկրորդ հատոր կը ձօնեմ հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիներուն: Աշխատանքը կը ներառէ քսանհինգ յօդուածներ տարբեր հեղինակներու գործերէն թարգմանուած, արաբերէնէ ու անգլերէնէ: Թեմաները թէեւ իրարմէ կը տարբերին ըստ բովանդակութեան, սակայն մէկ նպատակ կը հետապնդեն՝ Աստուածաշնչական անխարդախ եւ անփոփոխ ճշմարտութեամբ լուսաբանել ընթերցողը» (էջ 5):

Գիրքին մէջ տեղ գտած քսանհին յօդուածներն են.

1) Պատասխան՝ Գալստական շաբաթապահներուն:

2) Ինչո՞ւ խաչը կամ մահը: 

3) Ո՞վ է Յիսուս: 

4) Ինչո՞ւ Քրիստոս մարդացաւ եւ խաչին վրայ մեռաւ:

5) Մեր յարութիւնը:

6) Քրիստոսի աստուածային եւ մարդկային բնութիւններուն միաւորման մասին: 

7) Յիսուս Քրիստոսի տիտղոսներն ու յատկութիւնները Նոր կտակարանին մէջ: 

8) Յիսուս Քրիստոսի մարմինով ծնիլը, աճիլն ու զարգանալը:

9) Ութօրեայ թլփատութեան ուխտը:

10) Աստուած գոյութիւն ունի՞:

11) Մարդիկ ինչո՞ւ անհաւատ են կամ անհաւատ դարձան:

12) Անհաւատութեան պատճառները:

13) Անհաւատութեան տեսակները:

14) Ինչո՞ւ չարը գոյութիւն ունի:

15) Գիտութիւնը կը հակասէ՞ կամ կը հակադրուի՞ Աստուծոյ գոյութեան:

16) Արդեօք լաւ բարոյական կեանք մը զիս երկինք կը տանի՞:

17) Ազատութեան ուղիղ ըմբռնումը:

18) Լեզուի մեղքերը:

19) Կեանքի կողակիցը ընտրելու արժեչափերը:

20) Երիտասարդութիւնն ու մարմինը:

21) Երիտասարդն ու ծխելը:

22) Երիտասարդութիւնն ու զգացումը:

23) Երիտասարդներն ու ընկերութիւնը:

24) Երիտասարդներն ու իրենց ընտրած ուղղութիւնները:

25) Երիտասարդական վարքեր:

Գիրքի վերջաւորութեան տեղադրուած է աղբիւրագիտական ցանկ մը եւ բովանդակութիւնը:

* «Պատասխան՝ Գալստական շաբաթապահներուն» յօդուածին հեղինակը երջանկայիշատակ Պիշոյ Եպիսկոպոսն է, Ղպտի եկեղեցւոյ նորագոյն ժամանակներու ամենէն հզօր աստուածաբաններէն մէկը: Ան իր երկարաշունչ յօդուածը կը փակէ, ներկայացնելով իւրաքանչիւր քրիստոնեայ մարդու հոգեւոր պարտականութիւնը, գրելով. «Իբրեւ քրիստոնեաներ եւ Քրիստոսի եկեղեցւոյ անդամ հաւատացեալներ, մեր պարտականութիւնն է զօրեղ կերպով կառչած մնալ Ուղղափառ հաւատքին եւ Եկեղեցւոյ ուսուցումներուն ու վարդապետութիւններուն:

Մեր հոգեւոր պարտականութիւնն է նաեւ գիտնալ մեր կրօնքին ու հաւատքին վերաբերեալ անհրաժեշտ եւ տարրական ուսուցումները: Այդ պատճառով ալ պէտք է միշտ կարդանք Աստուծոյ Խօսքը, Աստուածաշունչը, սորվինք, խորհրդածենք, ուսումնասիրենք եւ լուսաւորուինք: Որպէսզի ներքնապէս հաւատքով զօրացած աճինք ու զարգանանք, եւ կարենանք, երբ որեւէ սխալ, սուտ, մոլար եւ անուղղայ աղանդաւորական շարժումներու պատկանող մարդոց եւ կամ անոնց ուսուցումներուն եւ վարդպետութիւններուն հանդիպինք, մենք մեզ պաշտպանելգ եւ չխաբուիլ ու չտարուիլ անոնց կեղծ, նենգ, խաբեբայ եւ ճարպիկ խօսելաոճէն եւ կամ համոզող ու թունաւոր լեզուէն:

Եթէ Աստուծոյ խօսքը չենք կարդացած, չենք ուսանած, չենք սերտած եւ ամէնօրեայ օդին, ջուրին եւ ուտելիքին նման անկէ չենք սնուցուած, ապա շատ դիւրաւ պիտի շեղինք, մոլորինք ու կորսուինք: Բայց եթէ լաւ գիտենք Աստուծոյ խօսքը, զայն ամէնօրեայ մեր խորհրդածութեան առարկան դարձուցած ենք, եւ զօրեղ կերպով, համոզումով, հաւատքով եւ հաստատուն յոյսով կառչած ենք անոր խոստումներուն, ապա ոչ մէկ ուժ կրնայ մեզ մոլորեցնել, շեղել կամ խաբել եւ կամ կորուստի մատնել: Որովհետեւ, Աստուած մեզի խոստում տուած է այն՝ ինչ կը վերաբերի Իր Սուրբ Եկեղեցիին, ըսելով՝ «…մահն անգամ իր ամբողջ զօրութեամբ պիտի չկրնայ յաղթահարել» (Մտ 16.18), ինչպէս նաեւ. «Քեզի վնասող որեւէ գործիք ամենեւին պիտի չյաջողի եւ քու դէմ դատաստանի ելլող ամէն լեզու պիտի դատապարտուի» (Ես 54.17):

Փառքը միշտ Աստուծոյ: Ամէն» (էջ 53-54):

* «Ինչո՞ւ Քրիստոս մարդացաւ եւ խաչին վրայ մեռաւ» գրութեան հեղինակը՝ Մուսա Եպիսկոպոսը, այսպէս կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ մեր Տէրը խաչը ընտրեց.

«Տէրը խաչը ընտրեց.

1. Որպէսզի Ինք ըլլայ դէպի երկինք առաջնորդող ճամբան:

Քրիստոսի երկինքի եւ երկրի միջեւ խաչին վրայ կախուիլը մեզի կը յիշեցնէ Յակոբի երազին մէջ տեսած երկրի վրայ հաստատուած սանդուխը, որուն ծայրը կը հասնէր երկինք, իսկ Աստուծոյ հրեշտակները անկէ կ՚ելլէին ու կ՚իջնէին եւ Տէրը կանգնած էր անոր վրայ (տե՛ս Ծն 28.12-13): Տէրը Ինքզինքին համար կ՚ըսէ. «Ես եմ ճամբան, ճշմարտութիւնն ու կեանքը» (Յհ 14.6):

2. Որպէսզի Ինք ըլլայ միաժամանակ թէ՛ Քահանան եւ թէ Զոհը:

Խաչին վրայ Քրիստոս Իր թեւերը տարածած էր եւ դէպի վեր վիճակի մէջ բարձրացած: Ան միաժամանակ վիրաւորուած էր եւ որպէս ընդունելի զոհ՝ համայն մարդկային ցեղի փրկութեան համար արիւն կը հոսէր: Ինչպէս հայրերէն մէկը ըսած է. «Քրիստոս Քահանայապետն էր, որ խորան բարձրացաւ աղօթելու, մինչ Իր անձը որպէս զոհ կ՚ընծայէր: Անիկա պաշտպանեց մեղաւոր մարդկութիւնը, այսինքն՝ բարեխօսեց մեղաւորներուն համար, որպէսզի ապաշխարութեամբ եւ սուրբ մկրտութեամբ անոնք թողութիւն ստանան»:

3. Որպէսզի յաւիտենական եւ բարձրադիրք (ոտքի կանգնած) մորթուած Գառնուկը ըլլայ:

Յովհաննէս առաքեալ իր յայտնութեան մէջ կը տեսնէ Աստուծոյ գահին եւ երէցներուն միջեւ Գառնուկը, որ կարծես մորթուած ըլլար (տե՛ս Յյտ 5.6): Եւ կարելի չէ որ զոհը ոտքի վրայ կանգնած դիրքի վրայ ըլլայ, բացի՝ խաչելութեան պարագային:

4. Որպէսզի (անհրաժեշտ էր) մորթուէր:

Որովհետեւ. «Մեղքերու թողութիւնն ալ առանց արեան հեղումի չ՚ըլլար» (Եբր 9.22): Եթէ երբեք Քրիստոս կախաղան բարձրացուէր կամ խեղդամահ ըլլար եւ կամ կրակով այրուէր, անկարելի պիտի ըլլար, որ Անոր համար ըսուէր. «…Քրիստոս՝ մեր Զատիկին Գառնուկը, մորթուեցաւ» (Ա. Կր 5.7):

Քրիստոսի ոտքերը կամ սրունքները չկոտրեցին խաչին վրայ, ինչպէս պատահեցաւ իր կողքին խաչուող աւազակներուն, եւ անոնք՝ երբ իրենց մարմինին ծանրութիւնը վար ճնշեց եւ իրենց ձեռքերէն կախուած մնացին, անմիջապէս խեղդամահ եղան, մինչ Քրիստոս Իր հոգին աւանդեց խիստ արիւնահոսութեան պատճառով՝ Իր կրած բազմապիսի եւ ահռելի վէրքերուն որպէս հետեւանք:

Այդ պատճառով ալ, երբ զինուորը բոլորէն ետք անոր կողը խոցեց նիզակով, թոքերուն մէջ հաւաքուածը արիւն եւ ջուր էր: Նախ արիւն, ուր հեմոկլոպինը կը հաւաքուի (կարմրագնդիկները) եւ ապա ջուրը, ուր փլազման է եւ ջուրերը՝ որ կը յառաջանան» (էջ 69-70):

* «Յիսուս Քրիստոսի մարմինով ծնիլը, աճիլն ու զարգանալը» գրութեան մէջ, Պիշոյ Եպիսկոպոսը Տէր Յիսուսի մասին այսպէս կը գրէ. «Քրիստոս է սուրբերուն Սուրբը, Քահանայապետը, փրկութեան Իշխանը, խաղաղութեան Իշխանը, բարի եւ քաջ Հովիւը, թագաւորներու Թագաւորը եւ տէրերու Տէրը, սերունդներու Ցանկալին, Աստուծոյ փրկութիւնը (որ համայն մարդկութեան համար պատարագուեցաւ), սակայն ան Իր փրկագործական առաքելութեան չսկսաւ, մինչեւ որ հասնի հասունութեան ընկալեալ երեսուն տարիքը: Այդ տարիքին մէջ էր, որ Յորդանան գետին մէջ մկրտութեան պահուն Աստուած Սուրբ Հոգիով օծեց զԻնք (մարդկային բնութիւնը), որպէսզի ծանուցանէ Քրիստոսի փրկութեան սպասաւոր եւ Աստուծոյ կողմէ կարգուած քահանայապետ ըլլալը՝ ըստ կարգի Մելքիսեդեկի:

Երեսուն տարիքը ամբողջացնելէ ետք միայն Ահարոնի զաւակները վկայութեան խորանին մէջ կը սկսէին իրենց քահանայական ծառայութիւնն ու պաշտօնը: Նոյնպէս ալ ըրաւ Քրիստոս, որուն դիմաց մարդկային միտքը կը շուարի ու կը սքանչանայ, թէ օրէնքը կատարելու համար ինչպէ՛ս երեսուն տարի առանց պաշտօնական ծառայութեան անցուց, համբերութեամբ սպասելով Մովսիսական Օրէնքին սահմանած հասունութեան տարիքին:

Ան ապրեցաւ առաքինի կեանք մը եւ մարդոց հետ ունեցաւ ազնիւ յարաբերութիւն: Ի՜նչ երանելի հաղորդակցական կեանք մը ապրեցաւ Մարիամ Աստուածածինը Իր Միածին Որդիին հետ, որուն մէջ կը բնակի աստուածային բնութեան ամբողջ լիութիւնը (Կղ 2.9): Ո՞վ կրնայ պատմել այդ ապրուած քաղցր օրերուն, ամիսներուն եւ տարիներուն մասին: Եւ թէ՝ մարդկային ո՞ր սիրտը սիրեց զՅիսուս, այնպէս՝ ինչպէս սիրեց Սուրբ Կոյս Մարիամը, ինն ամիս զայն իր կոյս արգանդին մէջ կրելով, ինչպէս նաեւ՝ իր սիրտին, միտքին ու խիղճին: Կը բաւէ որ ան գրեթէ երեսուն երկար տարիներ, ամէն օր եւ ամէն ժամ, տեսաւ զՅիսուս իր աչքերով, սիրտով ու հոգիով:

Քրիստոս ատաղձագործ էր արհեստով եւ բոլորին կարիքներուն ամենայն բարութեամբ կը հասնէր ու կը պատասխանէր: Արդեօք քանի՜-քանի՜ տուներ անոր շինած ձեռագործ իրերով լեցուեցան ու զարդարուեցան, Ան՝ որ «Իր ափով ջուրերը չափեց ու թիզով երկինքը ծրագրեց» (Ես 40.12) եւ ամէն բան Իր ձեռքերուն գործն է:

Ի՜նչ հրաշալի խոնարհութիւն, ո՜վ Տէր, Ատաղձագործ…, որ լռութեանդ, խաղաղութեանդ եւ խոնարհութեանդ մէջ աշխատեցար ու կ՚աշխատիս մարդուն վերականգնումին ի խնդիր, ո՜վ հզօր Ճարտարապետ…» (էջ 142-143):

* Հայր Տաուտ Լամէիին խօսելով անհաւատութեան պատճառներուն մասին, հետեւեալը կ՚ըսէ. «Հպարտութիւնը մարդս կը տանի դէպի ինքնաստուածացումի: Մտաբերեցէք փարաւոնին պատմութիւնը եւ Մովսէսի հետ անոր ունեցած վարմունքը: Մովսէս խոնարհ դասակարգի պատկանող մարդ մըն էր, ան ինչ որ ըսէր՝ կը կատարուէր, որովհետեւ ճշմարտութիւնը իրեն հետ էր: Փարաւոնը իւրաքանչիւր դէպքի աւարտին կը պարտաւորուէր ենթարկուիլ անոր, բայց անմիջապէս յետոյ հպարտութիւնը գլուխը կը ցցէր եւ ան իր սիրտը կը խստացնէր, որովհետեւ ինքզինք աստուած հռչակած էր:

Մովսէս ինչ որ կ՚ընէր, Տիրոջ անունով կը կատարէր: Ան երբեք իրեն համար «ես աստուած եմ» չըսաւ. այլ՝ միշտ ինքզինք իբրեւ Աստուծոյ ծառայ ներկայացուց: Բայց փարաւոնը ինքզինքին համար կ՚ըսէր, որ ինք աստուած է:

Ամէն անգամ, երբ ինքզինքը ենթարկելու եւ գլուխը խոնարհեցնելու ժամանակը հասնէր՝ կ՚ընդդիմանար եւ չէր ենթարկուեր, որովհետեւ հպարտութիւնը իր գլուխը ցցած էր եւ այդ պատճառով ալ կը խստացնէր իր սիրտը: Ան շարունակեց ամբարտաւանօրէն հպարտանալ մինչեւ որ կործանեցաւ: Որովհետեւ, ան մերժեց ընդունիլ ճշմարիտ Աստուծոյ գոյութիւնը, որ Մովսէսի պաշտած Աստուածն էր: Եւ այս մերժումը յառաջ կու գար անձին աստուածացումէն:

Ներկայիս տիրող վիճակը ոչ միայն անձի աստուածացումն է, այլեւ՝ միտքի, տեսութեան եւ գիտութեան աստուածացումը:

Մարդիկ, որ գիտական բարձր ուսում եւ դաստիարակութիւն կը ստանան, կը կարծեն, որ այդ գիտութիւնն է աստուածը: Անոնք գիտութիւնը կը պաշտեն ու կը պատուեն եւ ատիկա ալ իրենց համար կը դառնայ միակ աղբիւրը: Իրենց համար գիտութիւնը այն աստիճանի վստահութեան առարկայի կը վերածուի, որ եթէ գիտութիւնը ըսէ, որ Աստուածաշունչը ճիշդ չէ, ապա անվարան կ՚ընդունին, որ Աստուածաշունչը հաւատքի գիրք չէ: Ուստի, այս պարագային գիտութիւնը ի՛նք կը դառնայ իրաւարարը:

Բայց միւս կողմէ, ինչպէ՞ս կարելի է գիտութիւնը ընդունիլ որպէս բացարձակ, երբ շարունակ տեսութիւնները փոփոխութեան կ՚ենթարկուին:

Ժամանակին, ով որ աշխարհը կլոր է կ՚ըսէր, զայն խենթ կ՚որակէին: Այսօր, ով որ հակառակը կ՚ըսէ՝ խենթ է» (էջ 205-206):

* Մուսա Եպիսոկոպոս իր «Ազատութեան ուղիղ ըմբռնումը» գրութեան մէջ անդրադարձ կատարելով Արեւմուտքի մէջ որդեգրուած ազատութեան հասկացողութեան՝ կը գրէ. «Ազատութի՞ւն է միթէ այն՝ ինչ որ Արեւմուտքի մէջ որպէս ազատութիւն կը քարոզուի: Ընդհակառակը, ատիկա նոյնինքն ստրկութիւնն է: Ճիշդ է, որ մարդ ազատ է հագնելու, ուտելու, գործելու եւ շահելու գծով, բայց միշտ ալ անգիր հակակշռուած օրէնքներ, կանոններ, սկզբունքներ ու սահմաններ կան: Քու ազատութիւնդ կ՚աւարտի հոն՝ երբ ուրիշին կը վնասէ: Օրինակ՝ ազատ սեռային յարաբերութիւնը ո՞ւր տարաւ Արեւմուտքի երիտասարդութիւնը եւ մարդկային ընկերութիւնը (բարոյական անկում, սրբութիւններու եւ արժէքներու ոտնակոխում, ապօրինի ամուսնութիւն, բազմամուսնութիւն եւ ապահարզան առանց ընտանեկան հաստատուն վիճակի, հակասեռային մոլորութիւններ եւ դպրոցներու մէջ զանգուածային առումով ահռելի շեղումներ, ուսուցիչներու, աշակերտ եւ աշակերտուհիներու միջեւ, եւ այլն):

Միթէ կրօնքի հորզիոնը նե՞ղ է, թէ կրօնքը մեզ շատ աւելի վեր կը բարձրացնէ մեր անձերէն ու բնազդներէն: Որովհետեւ մեր բնազդին ենթարկուիլը ինքնին ստրկութիւն է, քանի որ Աստուածաշունչին մէջ յստակ ըսուած է. «Ով որ մեղք կը գործէ՝ ծառայ է մեղքին» (Յհ 8.34):

Մենք շատ յստակ կը տեսնենք Արեւմուտքի սանձարձակութեան եւ քայքայման արդիւնքը: Օրինակի համար, եթէ ընտանիքը առնենք, ապա կը տեսնենք, որ ընկերութեան մեծ բաժինը պատրաստակամ չէ զաւակներ ունենալ եւ անոնց սէր ու գուրգուրանք շնորհել, այն աստիճան, որ կարգ մը տեղեր մեծաթիւ փոքրերու դպրոցները կը փակուին: Ամուսնացողներ չեն ուզեր զաւակ բերել, եւ եթէ բերելու ըլլան՝ մէկ կամ առաւելագոյնը՝ երկու: Այստեղ կը բացայայտուի կեղծ ազատութիւնը, որ կատարեալ եսասիրութիւնն է, նաեւ՝ անձին ու ցանկութիւններուն ծառայելը, ինչպէս նաեւ՝ սիրելու եւ ուրիշին տալու անկարողութիւնը» (էջ 268-269): 

* Նոյն հեղինակը իր «Լեզուին մեղքերը» գրութեան մէջ հարցնելով, թէ ի՞նչ են լեզուի մեղքերը եւ ինչքանո՞վ վտանգաւոր են՝ որ մարդս կը մղեն, աւելի ճիշդ կը պարտաւորեցնեն զղջալու, այսպէս կը պատասխանէ.

«ա.- Լեզուի առաջին վտանգը այն է, որ մեղքերը սիրտէն կը բխին: Մաքուր սիրտը միայն մաքուր խօսքեր կ՚արտաբերէ: Բայց սիրտին մէջ գտնուած մեղքերը լեզուն է, որ կը բացայայտէ: Եւ այս իմաստով է, որ մարդուն բնութիւնը իր արտայայտութիւններէն կը ճանչցուի եւ լեզուն կը յայտնէ իր անձը: Մասնագէտներ եթէ ուզեն գիտնալ մէկու մը ով եւ ինչպիսին ըլլալը, թոյլ կու տան որ ան խօսի. եւ անոր խօսքը կը բացայայտէ իր ով ըլլալը եւ ըստ այդմ ալ կը դատեն զայն:

բ.- Լեզուի երկրորդ վտանգը այն է, որ բերանէն դուրս արտաբերուող խօսքը երբեք ետ չես կրնար առնել: Եթէ պատահի, որ մէկու մը բերանէն տգեղ խօսք մը դուրս գալով՝ վիրաւորէ դիմացինը, անիկա որքան որ ալ զղջայ իր խօսած խօսքին համար, ատիկա իբրեւ կատարուած իրողութիւն հաշուի կ՚առնուի, եւ թերեւս ալ մինչեւ կեանքին վերջը իր ընկերը կամ այդ մարդը չմոռնայ այդ խօսքը:

Եթէ մարդ պէտք է զգուշանայ իր արտայայտութիւններուն եւ խօսքերուն առնչութեամբ: Եւ լաւ կ՚ըլլայ, որ ան իր իւրաքանչիւր խօսքը կշռէ՝ նախքան խօսիլը, եւ ինքզինք իր իսկ խօսքերուն վրայով հաշուետուութեան կանչէ, նախքան ուրիշներուն կողմէ հաշուետուութեան կանչուիլը:

գ.- Երրորդ վտանգը լեզուի առնչութեամբ այն է, որ մենք բոլորս ալ անխտիր վերջին դատաստանի օրը Աստուծոյ առջեւ պիտի կանգնինք եւ հաշիւ պիտի տանք մեր բերանէն արտաբերուած իւրաքանչիւր անհիմն խօսքին համար (տե՛ս Բ. Կր 5.10: Մտ 12.36):

Երկինքի Արքայութիւն մուտք գործողներուն վրայ դրուած պայմանը պիտի ըլլայ այն՝ որ անոնք պէտք է յատկանշուած ըլլան մաքրալեզուութեամբ եւ պարկեշտ արտայայտութեամբ: Ուստի, օգտաշատ պիտի չըլլա՞յ, որ մենք մեր անձերը մարզենք մաքրալեզու, քաղցրաբարոյ եւ ազնիւ արտայայտութիւններով արտայայտուելու եւ մենք մեզ քննենք մեր գործածած բառերուն եւ արտայայտութիւններուն կապակցութեամբ եւ մաքրենք իւրաքանչիւր խօսք, որ անյարիր է մեր նկարագիրին» (էջ 272-273): Եւ՝ «լեզուի մեղքերը կը վնասեն նախ խօսողին եւ ապա լսողին: Այս պատճառով ալ իմաստունները նախընտրեցին լռութիւնը, եւ ի՜նչ գեղեցիկ ու դաստիարակիչ է Սողոմոն Իմաստունին սա խօսքը. «Յիմարն անգամ եթէ լուռ կենայ՝ իմաստուն, ու իր շրթունքները գոցողը՝ հանճարեղ կը սեպուի» (Առ 17.28)» (էջ 275):

* Դարձեալ նոյն հեղինակը իր «Կեանքի կողակիցը ընտրելու արժեչափերը» գրութեան մէջ այսպէս կը ներկայացնէ այդ ընտրութեան արժեչափերը. «Ա. Ներքին արժեչափեր

1.- Երկուքին միջեւ նուազագոյն բնաւորութեան փոխադարձ հոգեկան զգացում ու քաշողականութիւն ըլլայ:

2.- Զոյգերուն միջեւ նուազագոյն բնաւորութեան յարմարութիւն կամ հասարակաց կէտեր պէտք է ըլլան:

3.- Թեկնածու զոյգերը նուազագոյն համաձայնութիւն պէտք է ունենան կամ գոյացնեն առ այն՝ ինչ կը վերաբերի բարոյական հիմնական սկզբունքներու շուրջ:

4.- Անոնք նաեւ նուազագոյն համաձայնութիւն պէտք է ունենան կեանքի հասարակաց նպատակներու գծով:

5.- Եւ անոնց մէջ պէտք է նուազագոյն հոգեկան ներդաշնակութիւնն ու համաձայնութիւնը գտնուի:

Բ. Արտաքին արժեչափեր

1.- Ֆիզիքական յատկութիւններ:

2.- Տարիքի յարմարութիւն:

3.- Ուսումնական ու մշակութային մակարդակի յարմարութիւն:

4.- Ընկերային մակարդակի յարմարութիւն:

5.- Ամուսնութիւն կատարելու անհրաժեշտ տնտեսական կարելիութիւններ:

Նկատի պէտք է առնենք, որ կողակիցը ընտրելու կապակցութեամբ յարմար եւ առողջ որոշումը կը յառաջանայ վերոյիշեալ արժեչափերէն կայացած արդիւնքին իբրեւ պատասխան» (էջ 276-277): Եւ՝ «եզրակացնելու համար, ըսենք որ յաջող ամուսնութիւն մը ունենալու համար անհրաժեշտ պայման է, որ թեկնածուները արտաքին արժեչափերու մեծամասնութեան կողքին, նկատի ունենան նաեւ ներքին արժեչափերու առկայութիւնը: Եւ հակառակ անոր, որ սէրը եւ ուրիշը, ինչպէս որ է, ընկալելու եւ ընդունելու պատրաստակամութիւնը կ՚անդրանցնին բացթողումները եւ կը հաշտեցնեն հակասութիւնները, սակայն որոշապէս կը գերադասեն ներքինը արտաքինէն:

Ի վերջոյ, կարեւոր է նաեւ հետեւեալը նկատի ունենաք, որ մեր կեանքի ընկերակիցին ընտրութիւնը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ սկիզբը այն երկար հանգրուանին, որուն ընթացքին ենթական յարատեւ պիտի յայտնաբերէ իր կողակիցին նկարագիրն ու անձնական յատկութիւնները եւ շարունակ պիտի համակերպի անոր բնաւորութեանը՝ փոխադարձ հասկացողութեան եւ զիջումներու ճամբով. այսինքն՝ ուրիշի հանդէպ իր ունեցած այն սիրոյն շնորհիւ, որ ամէն ինչ կը տանի եւ ամէն ինչի կը համբերէ (տե՛ս Ա. Կր 13):

Եւ եթէ ընտրութիւնը, ամուսնական կեանքի ճամբուն վրայ, որպէս կէտ մը նկատի ունենանք, ապա կեանքի ընկերակիցը յայտնաբերելու յարատեւ գործընթացը ամուսնական կեանքի ամբողջական ուղին է, առանց որուն ընտանեկան կեանքը չի յաջողիր» (էջ 279-280):

***

Ընթերցողը ինչպէս նկատեց, «Աստուածաբանական եւ ընկերաբարոյական նիւթեր. Բ. հատոր»ին նիւթերը մէկը միւսէն հետաքրքրական, ուսուցողական, դաստիարակչական եւ մեր հոգիներու փրկութեան ի նպաստ գրութիւններ ու ուսումնասիրութիւններ են: Վարձքը կատար թարգմանիչին՝ Գերշ. Տ. Մակար արքեպիսկոպոս Աշգարեանին, սպասելով նոր աշխատութիւններու լոյս աշխարհ գալուն: Միաժամանակ, սիրելի ընթերցողներ, եկէք աղօթք բարձրացնենք առ Աստուած, ըսելով. «Տէ՜ր, առատացուր ծառայիդ՝ Մակար Սրբազանի շնորհները, լուսաւորէ զինք Քու լոյսովդ, պարուրէ Քու իմաստութեամբ, զինէ Քու համբերութեամբ, պատսպարէ ու պահպանէ Քու սիրովդ, որպէսզի հետեւելով Քու օրինակիդ՝ որպէս քաջ եւ իրաւ հովիւ շարունակէ լուսաւորել Քեզ փնտռողներուն եւ Քեզ փափաքողներուն միտքը, սիրտն ու հոգին: Տէ՜ր, բարեխօսութեամբը Սուրբ Մակար Մեծին կը խնդրենք Քեզմէ: Ամէն»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 6, 2025