ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Ե­շիլ­գիւ­ղի Ս. Ստե­փա­նոս ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից սրա­հին մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ Իս­թան­պու­լա­հայ տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բե­րու, նաեւ մեր վար­ժա­րան­նե­րու ծնո­ղաց միու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հա­ւա­քը։ 2015-2016 աշ­խա­տան­քա­յին շրջա­նին ըն­դա­ռաջ հա­ւա­քոյ­թի մաս­նա­կից­նե­րը կեդ­րո­նա­ցան յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նի ձեռ­նարկ­նե­րու նա­խա­պատ­րաս­տու­թեան եւ ժա­մա­նա­կա­ցոյ­ցի յստա­կեց­ման վրայ։

Ճա­շա­սե­ղա­նի շուրջ հա­մախմ­բուած ներ­կա­նե­րուն ող­ջոյ­նի խօսք մը ուղ­ղեց Տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բե­րու ընդ­հա­նուր վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի Թա­գու­հի Կիւլ, որ ա­ռա­ջին հեր­թին շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց հիւ­րըն­կալ Ե­շիլ­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քին։ Ա­ւե­լի վերջ ան բա­ցատ­րեց, որ շուրջ քսան տա­րիէ ի վեր մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րէ մեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու տիկ­նանց կազ­մե­րու եւ ծնո­ղաց միու­թիւն­նե­րու աշ­խա­տան­քին, ո­րու հիմ­նա­կան նպա­տակն է հա­մայն­քէ ներս զօ­րակ­ցու­թիւ­նը, հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը եւ հա­մա­կար­գուած աշ­խա­տան­քի մը շնոր­հիւ կազ­մա­կեր­պուած ձեռ­նարկ­նե­րուն ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեան բարձ­րա­ցու­մը։ Ան նշեց, որ այս տա­րի եւս նոյն նպա­տակ­նե­րուն ուղ­ղու­թեամբ գոր­ծու­նէու­թիւն պի­տի ծա­ւա­լուի եւ բո­լո­րին յա­ջո­ղու­թեան մաղ­թանք­ներ յղեց նոր շրջա­նին ըն­դա­ռաջ։

Հա­ւա­քի տե­ւո­ղու­թեան տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բե­րու եւ ծնո­ղաց միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ընդ­հա­նուր հա­մա­ձայ­նու­թեան մը հա­սան յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին կազ­մա­կեր­պուե­լիք կա­նանց ճաշ­կե­րոյթ­նե­րու եւ քէր­մէս­նե­րու ժա­մա­նա­կա­ցոյ­ցին շուրջ։ Յա­ռա­ջի­կայ Մար­տի 8-ին, Հա­մաշ­խար­հա­յին կա­նանց օ­րուան առ­թիւ մաս­նա­ւոր հա­ւա­քոյթ մըն ալ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ՝ Օր­թա­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քին հիւ­րըն­կալ­մամբ։ Ծնո­ղաց միու­թեանց եւ տիկ­նանց կազ­մե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ճշդե­ցին նաեւ յի­շեալ հա­ւա­քոյթ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեան նուի­րա­տուու­թիւն­նե­րու քա­նա­կու­թիւ­նը։

Հարկ է նշել, որ ե­րէ­կուան հա­ւա­քոյ­թին հիւ­րըն­կալ Ե­շիլ­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քին ա­նու­նով ներ­կայ գտնուե­ցաւ նաեւ թա­ղի վար­ժա­րա­նի նո­րան­շա­նակ տնօ­րէն Ա­լէն Պիւ­յիւ­քէր։ 

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2015