ՅՈՒՇԱՆՈՒԷՐ՝ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻՆ
Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը երէկ շնորհակալութեան այցելութիւն մը տուաւ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Քատիր Թոփպաշին։ Ատենապետ Եսայի Տէմիր եւ իր ընկերները այս առթիւ առ ի երախտագիտութիւն յուշանուէր մը յանձնեցին քաղաքապետին։ Ընդունելութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի փոքրամասնութեանց գծով խորհրդական Նատիա Թաշէլ։
Ինչպէս ծանօթ է, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը այս շրջանին հիմնական բարեկարգման եւ ենթակառուցուածքներու վերականգնման աշխատանքներու ձեռնարկած է Պալըքլըի ազգային գերեզմանատունէն ներս։ Այս ծրագրին շնորհիւ պատմական գերեզմանատունը թէ՛ աւելի կատարելագործուած ֆիզիքական պայմաններ պիտի ունենայ եւ թէ անոր խորհրդանշած ժառանգութիւնը պիտի ցոլանայ իր ամբողջ ճոխութեամբ ու փառքով։ Սամաթիոյ թաղային խորհուրդը այս նախագիծը կ՚իրականացնէ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան աջակցութեամբ։ Բաց աստի, քաղաքապետարանը վերջին շրջաններուն Սամաթիոյ ընտանիքին կ՚աջակցի նաեւ թաղի եկեղեցւոյ եւ վարժարանի շարք մը կարիքներու դիմագրաւման ուղղութեամբ։
Հաշուի առնելով այս բոլոր հանգամանքները Սամաթիոյ թաղային խորհուրդը փափաքած էր իր երախտագիտական տուրքը մատուցել քաղաքապետ Քատիր Թոփպաշին նկատմամբ։ Մօտաւոր անցեալին տեղի ունեցած եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան ընթացքին յուշապնակ մը պատրաստուած էր Քատիր Թոփպաշին համար։ Այդ յուշապնակը քաղաքապետին յանձնել կարելի չէր եղած, որովհետեւ ան տարեկան մատաղօրհնութեան չէր կրցած մասնակցիլ իր ժամանակացոյցի ծանրաբեռնուածութեան հետեւանքով։ Ուստի, Սամաթիոյ թաղային խորհուրդը մասնաւոր ժամադրութիւնով մը փութաց քաղաքապետին մօտ եւ երէկ յանձնեց անոր յուշապնակը։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Սիւթլիւճէի մէջ, քաղաքապետարանի «Չատըր» համալիրէն ներս, ուր Քատիր Թոփպաշի գլխաւորութեամբ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան կողմէ ծաւալուած գործունէութիւնը շատ պատկառելի ձեւով կը ներկայացուի մեծ ցուցահանդէսի մը ձեւաչափին մէջ։
Քատիր Թոփպաշ շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց Սամաթիոյ ընտանիքին ներկայացուցիչները։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն համար նախատեսուած յուշանուէրին համար եւ ընդգծեց իր պատրաստակամութիւնը՝ մեր համայնքի եկեղեցիներուն, դպրոցներուն եւ գերեզմանատուներուն առկայ խնդիրներու կարգաւորման ճանապարհին աջակցութիւն բերելու ուղղութեամբ։ Թոփպաշ նշեց, թէ առանց տատամսումի կարելի է քաղաքապետարան դիմել ամէն տեսակ կարիքի պարագային։ Քաղաքապետարանը միշտ պատրաստ է օժանդակութեան, որովհետեւ սա կը բխի իր առաքելութենէն։
Զրոյցի աւարտին Քատիր Թոփպաշ Եսայի Տէմիրին եւ իր ընկերակիցներուն անձամբ մանրամասնութիւններ հաղորդեց քաղաքապետարանին կողմէ ծաւալուած գործունէութեան շուրջ։ Մեր ազգայինները իրմէ հրաժեշտ առին դրական տպաւորութիւններով։
Թրքահայ կեանք
- 12/23/2024
- 12/23/2024