ԱՆՄԱՀԻ ՄԸ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ 80-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԸ ԿԱՄ ԲԻ՜ՒՐ ՅԱՐԳԱՆՔ ՄԵԾՆ ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻՆ

Այ­սօր կը լրա­նայ մա­հուան 80-ա­մեա­կը ե­րախ­տա­ւոր գործ­ի­չի մը, ո­րու ա­նուան հետ կա­պուած է հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գե­ւոր, զգա­ցա­կան կեն­սագ­րու­թեան կա­րե­ւոր մէկ մա­սը: Կո­մի­տասն է ա­նունն այդ, որ ան­մահ է: 1935 թուա­կա­նի 22 Հոկ­տեմ­բե­րին Փա­րի­զի Վիլ-Ժուի­ֆի հի­ւան­դա­նո­ցին մէջ իր վախ­ճա­նը կը կնքէ հայ ե­րաժշ­տու­թեան հան­ճար նկա­տուող Կո­մի­տա­սը՝ Սո­ղո­մոն Գէոր­գի Սո­ղո­մո­նեա­նը: Ան ծնած է 1869 թուա­կա­նի Սեպ­տեմ­բե­րի 26-ին Քիւ­թա­հիա­յի մէջ։

Նախ­նա­կան կրթու­թիւ­նը ստա­ցած է ծննդա­վայ­րի քա­ռա­մեայ դպրո­ցին մէջ, ա­պա յա­ճա­խաճծ է Պուր­սա­յի հայ­կա­կան դպրո­ցը, սա­կայն իր հօր մա­հուան պատ­ճա­ռով թե­րի թո­ղած է զայն։ Վե­րա­դար­ձած է իր ծննդա­վայ­րը, ուր ապ­րած է իր հօ­րեղ­բօր մօտ, ո­րով­հե­տեւ ան մօր­մէն զրկուած էր տա­կա­ւին մէկ տա­րե­կա­նին։ 1881 թուա­կա­նին, տաս­ներ­կու տա­րե­նակ­նին զայն ու­ղար­կած Էջ­միա­ծին, ուր 1881-1893 թուա­կան­նե­րու մի­ջեւ ու­սա­նած է Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նի եր­դի­քին տակ։ Ըն­դու­նած է հո­գե­ւո­րա­կան կո­չում։ Ու­սու­մը ա­ւար­տե­լու տա­րին նշա­նա­կուած է ճե­մա­րա­նի ե­րաժշ­տու­թեան ու­սու­ցիչ։ 1895 թուա­կա­նին դար­ձած է Սուրբ Էջ­միած­նի միա­բա­նու­թեան ան­դամ։ Տա­րի մը Թիֆ­լի­զի մէջ ա­շա­կեր­տած է Մա­կար Եկ­մա­լեա­նին, ա­պա՝ 1896 թուա­կա­նին, Ա­լեք­սանտր Ման­թա­շո­վի օ­ժան­դա­կու­թեամբ ու­ղար­կուած է Պեր­լին՝ մաս­նա­գի­տա­կան բարձ­րա­գոյն կրթու­թիւն ստա­նա­լու հա­մար։ Ան ե­րաժշ­տա­կան ու­սում ստա­ցած է յայտ­նի յօ­րի­նող Ռի­խարտ Շմիտ­թի մաս­նա­ւոր ե­րաժշ­տա­նո­ցին մէջ։ Միա­ժա­մա­նակ հե­տե­ւած է Պեր­լի­նի հա­մալ­սա­րա­նի փի­լի­սո­փա­յու­թեան եւ պատ­մու­թեան դա­սըն­թացք­նե­րուն։ 1899 թուա­կա­նին ա­ւար­տած է ե­րաժշ­տա­նո­ցը. նոյն թուա­կա­նին ըն­դու­նուած է Մի­ջազ­գա­յին ե­րաժշ­տու­թեան ան­դամ։ Նախ­քան հայ­րե­նիք վե­րա­դառ­նա­լը՝ Պեր­լի­նի ե­րաժշտա­նո­ցին մէջ դա­սա­խօ­սած է հայ ե­րաժշ­տու­թեան մա­սին։ Վե­րա­դառ­նա­լով Էջ­միա­ծին, նշա­նա­կուած է Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նի ե­րաժշ­տու­թեան դա­սա­խօս։ Այդ տա­րի­նե­րուն ծրագ­րուած աշ­խա­տանք տա­րած է հայ ժո­ղովր­դա­կան եր­գե­րու հա­ւաք­ման, գրառ­ման եւ մշակ­ման ուղ­ղու­թեամբ։ 1901 թուա­կա­նին մաս­նակ­ցած է Պեր­լի­նի մէջ կա­յա­ցած ե­րաժշ­տա­կան հա­մա­ժո­ղո­վին։ 1905 թուա­կա­նին Թիֆ­լի­զի մէջ ա­րուես­տա­գէտ­նե­րու ըն­կե­րու­թեան դահ­լի­ճի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցած է ա­նոր ա­ռա­ջին հա­մեր­գը։ Յա­ջորդ տա­րի մեկ­նած է Փա­րիզ, ֆրան­սա­կան երգ­չա­խու­մբով՝ տուած է հայ­կա­կան հա­մերգ, որ ար­ժա­նա­ցած է ֆրան­սա­կան մա­մու­լի եւ ա­կա­նա­ւոր ա­րուես­տա­գէտ­նե­րու միա­հա­մուռ հիաց­մուն­քին։ Հա­մեր­գը կրկնուած է նաեւ Զուի­ցե­րիոյ մէջ։ Վե­րա­դառ­նա­լով Էջ­միա­ծին, շա­րու­նա­կած է ու­սուց­չու­թիւ­նը եւ ժո­ղովր­դա­կան եր­գե­րու հա­ւա­քու­մը։ 1910 թուա­կա­նին մեկ­նած է Պո­լիս, ուր հի­մը դրած է «Գու­սան» մեծ երգ­չա­խում­բին՝ բաղ­կա­ցեալ ե­րեք­հա­րիւր հո­գիէ։ Տուած է հա­մերգ­ներ, ո­րոնց մա­սին բա­ցա­ռիկ հիաց­մուն­քով խօ­սած են ինչ­պէս հայ թեր­թե­րը (ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ, «Ա­զա­տա­մարտ», ­«Ա­րե­ւելք», «Բիւ­զան­դիոն» ե­ւայլն), այն­պէս ալ Պոլ­սոյ տե­ղա­կան, գեր­մա­նա­կան, յու­նա­կան թեր­թե­րը։ 1914 թուա­կա­նին Փա­րի­զի հա­մաշ­խար­հա­յին գոնկ­րէ­սին մէջ կար­դա­ցած է ե­րեք դա­սա­խօ­սու­թիւն՝ հայ ե­րաժշ­տու­թեան մա­սին, ստեղ­ծե­լով մի­ջազ­գա­յին հե­տաքրք­րու­թիւն հայ եր­գի նկատ­մամ­բ։

Կո­մի­տա­սի եւ հայ ե­րաժշ­տու­թեան ան­դաս­տա­նէն ներս կա­տա­րած ա­նոր անգ­նա­հա­տե­լի գոր­ծի մա­սին շատ գրուած է: Այս նիւ­թով, մեծ ե­րա­ժիշ­տի, ե­րաժշ­տա­գէ­տի, խմբա­վա­րի, ազ­գագ­րա­գէ­տի, վար­դա­պե­տի եւ ան­զու­գա­կան ու­սուց­ի­չի մա­հուան 80-ա­մեա­կին առ­թիւ անդ­րա­դարձ կը կա­տա­րենք, թէ ինչ­պէ՛ս եւ ի՛նչ մի­ջոց­նե­րով Կո­մի­տա­սի ա­նու­նը եւ ժա­ռան­գու­թիւ­նը պահ­պա­նուած են Հա­յաս­տա­նի մէջ:

Հա­յաս­տա­նի՝ զա­նա­զան տա­րի­նե­րու իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ա­նոր ա­նու­նով կո­չե­լով դպրոց­ներ, ե­րաժշ­տա­նոց, փո­ղոց, պան­թէոն, Մեծն Կո­մի­տա­սի ար­ձան­նե­րը եւ կի­սանդ­րի­նե­րը տե­ղադ­րե­լով մայ­րա­քա­ղա­քի եւ Հա­յաս­տա­նի այլ քա­ղաք­նե­րու կա­րե­ւոր վայ­րե­րուն մէջ եւ վեր­ջա­պէս՝ բա­նա­լով Կո­մի­տաս թան­գա­րան-հիմ­նար­կը՝ ար­ժա­նին մա­տու­ցած են մեծ հա­յուն՝ ա­նով ար­տա­յայ­տե­լով ամ­բողջ հայ ժո­ղո­վուր­դի ե­րախ­տի­քը առ մեծն Հա­յը:

Կո­մի­տա­սի վե­րա­դար­ձը՝ Հա­յաս­տան կա­տա­րուած է տա­կա­ւին 1936 թուա­կա­նին, երբ 26 Մա­յի­սին, իր մա­հէն մէկ տա­րի վերջ, Փա­րի­զէն Ե­րե­ւան տե­ղա­փո­խուե­ցաւ ա­նոր ա­ճիւ­նը եւ ամ­փո­փուե­ցաւ զբօ­սայ­գիի մը մէջ: Այդ զբօ­սայ­գին ալ, նոյն տա­րին հիմք դար­ձաւ կա­ռու­ցե­լու Հա­յոց մե­ծե­րու պան­թէո­նը եւ զայն կո­չե­լու Կո­մի­տա­սի ա­նուամբ: Այն­տեղ ամ­փո­փուած են հայ գրա­կա­նու­թեան, ա­րուես­տի, մշա­կոյ­թի ե­րախ­տա­ւոր­նե­րը:

Կո­մի­տա­սը մայր հո­ղին մէջ ամ­փո­փե­լէ տա­սը տա­րի ետք՝ 1946 թուա­կա­նին ա­նոր ա­նու­նով ա­նուա­նա­կո­չուե­ցաւ 1923 թուա­կա­նին հիմ­նուած Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան ե­րաժշ­տա­նո­ցը (որն ալ հիմ­նուած է 1921 թուա­կա­նին ստեղ­ծուած ե­րաժշ­տա­կան սթու­տիո­յի մը հի­ման վրայ): Կո­մի­տա­սի անուան պե­տա­կան ե­րաժշ­տա­նո­ցը Հա­յաս­տա­նի լա­ւա­գոյն ու­սում­նա­կան հաս­տա­տու­թիւ­ննե­րէն մին է, որ տուած է բա­զում աշ­խար­հահռ­չակ ա­նուն­ներ:

Ե­րաժշ­տա­նո­ցին առ­ջեւ, փոք­րիկ պու­րա­կի մը մէջ Կո­մի­տա­սի ար­ձանն է, որ ա­նոր գլխա­ւոր ար­ձանն է՝ մայ­րա­քա­ղա­քին մէջ: Եւս մէկ ար­ձան կայ պան­թէո­նին մէջ, ի­ր իսկ շիր­մին վրայ:

Այդ եւ ե­րաժշ­տա­նո­ցի առ­ջեւ դրուած ար­ձան­նե­րու հե­ղի­նա­կը հայ նշա­նա­ւոր քան­դա­կա­գործ Ա­րա Յա­րու­թիւ­նեանն է:

Ե­րա­ժիշ­տի ա­նու­նով կը կո­չուի Ե­րե­ւա­նի բա­նուկ պո­ղո­տա­նե­րէն մէ­կը, որ կը գտնուի Ա­րաբ­կիր շրջա­նին մէջ: Կո­մի­տաս պո­ղո­տա­յին վրայ եւս դի­մա­քան­դակ մը կայ Մեծն Կո­մի­տա­սի, որ կը խորհր­դան­շէ ա­նոր ա­նու­նով փո­ղո­ցի ա­նուա­նա­կո­չու­թիւ­նը:

Մեծ ե­րա­ժիշ­տի ա­նու­նը կը կրէ Ե­րե­ւա­նի լա­ւա­գոյն հա­մեր­գա­յին դահ­լիճ­նե­րէն մէ­կը՝ Կա­մե­րա­յին ե­րաժշ­տու­թեան տու­նը, որ մայ­րա­քա­ղա­քի ինք­նա­տիպ սրահ­նե­րէն մէկն է, ուր զա­նա­զան լա­ւա­գոյն հա­մերգ­ներ ու ձեռ­նարկ­ներ տե­ղի կ­­՚ու­նե­նան: Հա­յաս­տա­նի մէջ կը գոր­ծէ նաեւ «Կո­մի­տա­ս» հրա­տա­րակ­չու­թիւ­նը, ո­ր կը հրա­տա­րա­կէ ե­րաժշ­տա­կան գրա­կա­նու­թիւն եւ կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն կ­­ու տայ մա­նա­ւանդ հայ ժո­ղովր­դա­կան, ա­շու­ղա­կան ա­րուես­տին։ Հրա­տա­րակ­չու­թեա­ն կից կը գոր­ծէ նաեւ գրա­դա­րան, ուր կը պա­հուին զա­նա­զան տա­րի­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծած հայ ե­րաժշտա­հան­նե­րու չհրա­տա­րա­կուած ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը։ Կո­մի­տա­սի ա­նուան ա­րուես­տի դպրոց մը կը գոր­ծէ Վա­նա­ձոր քա­ղա­քը, Կո­մի­տա­սի ար­ձան­նե­րը դրուած են նաեւ Հա­յաս­տա­նի այլ վայ­րե­րու մէջ:

ԿՈ­ՄԻ­ՏԱ­ՍԻ Ա­ՆՈՒԱՆ ԼԱ­ՐԱ­ՅԻՆ ՔԱ­ՌԵԱԿ

Կո­մի­տա­սի յի­շա­տա­կի պահ­պան­ման լա­ւա­գոյն մշա­կու­թա­յին կա­ռոյց­նե­րէն մէկն ալ Կո­մի­տա­սի ա­նուան ազ­գա­յին քա­ռեակն է, որ ար­դէն բո­լո­րած է իր հիմ­նադր­ման ինն­սուն տա­րին:

Հայ­կա­կան ե­րաժշ­տա­կան կեան­քին մէջ քիչ են այն խում­բե­րը, ո­րոնց գո­յու­թիւ­նը մօ­տե­ցած է մէկ դա­րու: Ա­նոնց­մէ է 1924 թուա­կա­նին Մոս­կուա­յի ե­րաժշ­տա­նո­ցի հայ ու­սա­նող­ներ Ա­ւետ Գաբ­րիէ­լեա­նի, Լէոն Օ­հան­ջա­նեա­նի, Մի­քա­յէլ Տէ­րեա­նի եւ Սէր­կէյ Աս­լա­մա­զեա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ հիմ­նուած քա­ռեա­կը, որ այ­սօր կը նկա­տուի աշ­խար­հի հնա­գոյն քա­ռեա­կը:

Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան ո­րոշ­մամբ՝ 1932 թուա­կա­նին քա­ռեա­կին շնորհուած է Մեծն Կո­մի­տա­սի ա­նու­նը: Դա­սա­կան, եւ­րո­պա­կան ե­րաժշ­տու­թեան կող­քին, Պե­տա­կան լա­րա­յին քա­ռեա­կը մշտա­պէս կը հնչեց­նէ հայ­կա­կան դա­սա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ, Կո­մի­տա­ս Վարդապետի ան­մահ գոր­ծե­րէն:

ԿՈ­ՄԻ­ՏԱ­ՍԻ ԹԱՆ­ԳԱ­ՐԱՆ

Կո­մի­տա­սի ա­նու­նը կրող եւ ա­նոր ժա­ռան­գու­թիւ­նը լա­ւա­գոյնս ներ­կա­յաց­նող ա­մե­նէն մեծ ու նշա­նա­կա­լից կեդ­րո­նը այս տա­րուան ըն­թաց­քին Ե­րե­ւա­նի մէջ բա­ցուած Կո­մի­տա­սի թան­գա­րան-հիմ­նարկն է: Այն կո­մի­տա­սա­գի­տու­թեան զար­գաց­մա­ն մի­տուած գի­տա­կան լուրջ հիմ­նարկ մըն է, որ նպա­տակ ու­նի ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ տա­րա­ծել հայ մեծ ե­րա­ժիշտ Կո­մի­տա­ս Վար­դա­պե­տի գոր­ծե­րը, ինչ­պէս նաեւ Հա­յաս­տա­նի մէջ դառ­նալ գլխա­ւոր կեդ­րո­նը, ուր լա­ւա­գոյնս կը ներ­կա­յա­ցուի մեծ ե­րա­ժիշ­տը՝ իր ան­ցած ճամ­բով: Տա­ղան­դա­ւոր ճար­տա­րա­պետ Ար­թուր Մես­չեա­նի հե­ղի­նա­կու­թեամբ նա­խագ­ծուած շէն­քը այ­սօր դար­ձած է մայ­րա­քա­ղա­քի լա­ւա­գոյն ճար­տա­րա­պե­տա­կան կա­ռոյց­նե­րէն մին եւ միա­ժա­մա­նակ՝ հա­յու­թեան հո­գե­ւոր-մշա­կու­թա­յին գլխա­ւոր կեդ­րոն­նե­րէն, որ միշտ լե­ցուն է աշ­խար­հի չորս կող­մե­րէն ե­կած հա­յե­րով: Նաեւ բազ­մա­թիւ օ­տար­ներ, այս կեդ­րոն այ­ցե­լե­լով, կը ծա­նօ­թա­նան Մեծն Կո­մի­տա­սի ժա­ռան­գու­թեա­ն եւ իր գոր­ծին նուի­րուած հե­տա­զօ­տա­կան նիւ­թե­րուն:

Եր­կու լայն յար­կա­բա­ժին­նե­րու վրայ, ազ­դու լու­սա­ւո­րու­թիւ­նով մը կա­րե­լի է հա­ղորդ դառ­նալ Կո­մի­տա­սին Վարդապետին։ Պաս­տառ­նե­րու վրայ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ, տե­սա­հո­լո­վակ­ներ, լու­սան­կար­ներ, նուա­գա­րան­ներ, ձե­ռագ­րեր, կեն­ցա­ղա­յին ի­րեր, ձայ­նագ­րու­թիւն­ներ, հա­մերգ­նե­րու հրա­ւէր­ներ կամ գրքոյկ­ներ, դաշ­նակ, իր ներշն­չու­մով ու­րիշ­նե­րու կող­մէ կա­տա­րուած ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ եւ տա­կա­ւին բազմաթիւ իրեր, ո­րոնց միջոցաւ ամէն այցելու կրնայ հաղորդ դառնալ Կո­մի­տա­սին։ Այս շրջագծով կ՚ա­ռանձ­նա­նան իր դաշ­նա­կը, զոր կրցած է ա­պա­հո­վել բա­րե­յի­շա­տակ ազ­գա­յին բա­րե­րար Ալեք­սանտր Ման­թա­շեա­նի զօ­րակ­ցու­թեամբ եւ «Գու­սան» երգ­չա­խում­բին խմբանկա­րը՝ Մեծ Վար­դա­պե­տին գլխա­ւո­րու­թեամբ։

Կո­մի­տա­սի թան­գա­րան-հիմ­նար­կը կը գտնուի Ե­րե­ւա­նի Կո­մի­տա­սի ա­նուան զբօ­սայ­գիին մէջ: Կա­ռուց­ման նիւ­թա­կան ծախ­սե­րը հո­գա­ցած են «Փիւ­նի­կ» եւ «Լոյ­ս» հիմ­նադ­րամ­նե­րը։ Կո­մի­տա­սի թան­գա­րա­նը բա­ցուած է Եղեռնի 100-րդ տա­րե­լի­ցին շրջագ­ծով։

Այ­ցե­լու­նե­րու առ­ջեւ Կո­մի­տա­սի ա­նուան թան­գա­րան-հիմ­նար­կը կը ներ­կա­յա­նայ մշտա­կան հա­րուստ ցու­ցադ­րու­թեամբ, ինչ­պէս նաեւ հիմ­նար­կին մէջ ժա­մա­նա­կա­ւոր ցու­ցադ­րու­թիւն­նե­րու հնա­րա­ւո­րու­թիւն կայ: Թան­գա­րա­նին մէջ կը գոր­ծէ նաեւ հա­մեր­գաս­րահ մը, ուր թան­գա­րա­նի բա­ցու­մին հրա­շա­լի հա­մերգ մը տե­ղի ու­նե­ցաւ: Նա­խա­տե­սուած է նաեւ թան­գա­րա­նի մէջ հիմ­նել ե­րաժշ­տա­կան սթու­տիօ, գրա­դա­րան, հրա­տա­րակ­չու­թիւն: Մշտա­կան ցու­ցադ­րու­թեան կազ­մա­կերպ­ման հա­մար թան­գա­րա­նին ա­ռար­կա­ներ յանձ­նած են Ե­ղի­շէ Չա­րեն­ցի ա­նուան գրա­կա­նու­թեան եւ ա­րուես­տի թան­գա­րա­նի, Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին պատ­կե­րաս­րա­հի եւ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին գրա­դա­րա­նի հա­ւա­քա­ծո­նե­րէն։ Բո­լոր նիւ­թե­րը բաշ­խուած են թան­գա­րան-հիմ­նար­կի ութ սրահ­նե­րուն մէջ: Կազ­մա­կեր­պուած է մի­ջազ­գա­յին չա­փա­նիշ­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան թան­գա­րա­նա­յին գրա­ւիչ ցու­ցադ­րու­թիւն:

Այդ սրահ­նե­րէն ներս այ­ցե­լուն կրնայ ամ­բող­ջա­կան պատ­կե­րա­ցում կազ­մել Կո­մի­տա­սի կեն­սագ­րու­թեան, կեան­քի, բա­նա­հա­ւաք­չա­կան գոր­ծու­նէու­թեան, ա­նոր ըն­կեր­նե­րուն, ժա­մա­նա­կա­կից­նե­րուն, ա­շա­կերտ­նե­րուն, Կո­մի­տա­սը ու­սում­նա­սի­րող­նե­րուն մա­սին:

Բա­ցա­ռիկ ցու­ցադ­րան­մոյշ­ներ կան Կո­մի­տա­սի անձ­նա­կան ի­րե­րէն, վկա­յա­կան­նե­րէն, աշ­խա­տու­թիւն­նե­րէն, Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նի մէջ ու­սա­նե­լու տա­րի­նե­րու ա­նոր նո­թագ­րու­թեան դրուագ­նե­րէն: Կո­մի­տա­սա­գի­տու­թեան կեդ­րո­նը այ­ցե­լու­թեան վայր մըն է բազ­մա­թիւ հա­յաս­տան­ցի­նե­րու, սփիւռ­քա­հա­յե­րու հա­մար:

ԿՈ­ՄԻ­ՏԱ­ՍԸ՝ ՀԱՅ Ա­ՐՈՒԵՍ­ՏԻ ՄԷՋ

Հայ մշա­կոյ­թի, ա­րուես­տի այն ե­րախ­տա­ւոր­նե­րէն է Կո­մի­տաս, ո­րու մա­սին գրուած են բազ­մա­թիւ եր­կեր, գիր­քեր, նկա­րա-­հանուած են շար­ժան­կար­ներ (ո­րոնց­մէ վեր­ջի­նը՝ այս տա­րի ա­ւար­տին հաս­ցու­ցած Վի­գէն Չալտ­րա­նեա­նի «Վար­դա­պե­տի լռու­թիւ­նը» շար­ժան­կա­րը): Բա­նաս­տեղ­ծա­կան մեծ ներշն­չան­քով ծնած է Պա­րոյր Սե­ւա­կի «Անլ­ռե­լի զան­գա­կա­տու­նը», ո­ր հայ քեր­թու­թեան գա­գաթ­նե­րէն կը նկա­տուի:

Ըլ­լա­լով ե­րա­ժիշտ՝ մա­նա­ւանդ ա­նոր կա­տա­րած գոր­ծը, ա­րուես­տը ներշն­չած է մեծ թի­ւով ե­րա­ժիշտ­նե­րու եւ ըն­թացք տուած է հայ­կա­կան ե­րաժշ­տա­կան կեան­քին, որ այ­լեւս ան­պատ­կե­րաց­նե­լի է ա­ռանց Կո­մի­տա­սի ա­րուես­տին:

Մեծն Կո­մի­տա­սի կեր­պա­րը տեղ գտած է նաեւ հայ կեր­պա­րուես­տի մէջ. բա­ցի այն, որ աշ­խար­հի տա­րած­քին, զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու մէջ կեր­տուած են ա­նոր քան­դակ­նե­րը, ար­ձան­նե­րը եւ զե­տե­ղուած հա­յա­շատ քա­ղաք­նե­րու մէջ, նաեւ Կո­մի­տաս ե­ղած է հայ նկա­րիչ­նե­րու ներշն­չում­նե­րու կեր­պար­նե­րէն: Նշա­նա­ւոր են Փա­նոս Թեր­լե­մե­զեա­նի Կո­մի­տա­սի նկար­նե­րը, զորս մեծ նկա­րի­չը նկա­րած է ի­րենց մտեր­մու­թեան տա­րի­նե­րուն:

Իսկ Խորհ­դա­յին Հա­յաս­տա­նի մէջ նոյն­պէս հայ նկա­րիչ­նե­րը անդ­րա­դար­ձած են մեծ ե­րա­ժիշ­տի կեր­պա­րին: Կո­մի­տա­սի նշա­նա­ւոր նկար­ներ ու­նին Գրի­գոր Խանճեան, Մար­տի­րոս Սա­րեան, Ե­րուանդ Քո­չար, Ե­ղի­շէ Թա­դէո­սեան, Ռու­տոլֆ Խա­չատ­րեան, Հրա­չեայ Ռուխ­կեան, Ա­լեք­սանտր Գրի­գո­րեան, Է­տուարտ Արծ­րու­նեան, ինչ­պէս նաեւ այլ նկա­րիչ­ներ:

Տա­ղան­դա­շատ հայ նկա­րիչ Սար­գիս Մու­րա­տեան ե­ղած է 20-րդ դա­րու ա­ռա­ջին հայ նկա­րիչ­նե­րէն մին, որ խորհր­դա­յին տա­րի­նե­րուն անդ­րա­դար­ձած է Կո­մի­տա­սին՝ այլ տե­սան­կիւ­նէ մը: Ա­նոր վրձնած «Կո­մի­տա­սի վեր­ջին գի­շե­րը» կտա­ւը հայ գե­ղան­կար­չու­թեան գլուխ­գոր­ծոց­նե­րէն մին է, ուր Կո­մի­տա­սը կը ներ­կա­յա­նայ իր ողջ տագ­նապ­նե­րու եւ ա­լե­կո­ծում­նե­րու մէջ: Այդ նկա­րին մէջ լա­ւա­գոյնս կ՚ար­տա­ցո­լուի մեծ հա­յուն կեր­պա­րը, որ մէկ պահ ընդ­հա­տած է իր ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու ըն­թաց­քը եւ ամ­բող­ջու­թեամբ սպա­սում եւ տագ­նապ կ՚ար­տա­յայ­տէ:

Հայ ժո­ղո­վուր­դը, սա­կայն, Կո­մի­տա­սի հան­դէպ ինք­նա­մո­ռաց սի­րով, ա­նոր հան­դէպ սրբու­թեան հաս­նող պաշ­տա­մուն­քով մեծ ե­րա­ժիշ­տը հա­նած է այդ տագ­նա­պի եւ սպա­սու­մի ճի­րան­նե­րէն եւ ա­նոր ա­նու­նը, եւ կա­տա­րած գոր­ծը դրած է հա­յոց փառ­քի ա­մե­նէն բարձր գա­գա­թին:

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2015