ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԸ ՄԻՇՏ ՅՍՏԱԿ ԱՆՀԻՄՆ ՊՆԴՈՒՄՆԵՐՈՒ ԴԻՄԱՑ

Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը հանդէս եկաւ հերթական յայտարարութեամբ՝ նկատի ունենալով, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ դէմ առկայ հալածանքներու մթնոլորտը կ՚ուղղորդուի նաեւ սիստեմաթիք ապատեղեկատուութեամբ։ Հայաստանի իշխանութիւնները Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը կը թիրախաւորեն եւ անոր գահակալին՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետին շուրջ օղակը սեղմել կը փորձեն՝ իշխանամէտ լրատուամիջոցներու բովով հրահրելով ապատեղեկատուութեան մեծ արշաւ մը։ Առկայ պայմաններուն ներքեւ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական համակարգը երէկ յայտարարեց հետեւեալը։

*

Վերջերս մամուլով եւ տարբեր անձերու կողմէ դիտաւորեալ շրջանառութեան մէջ դրուած է անհիմն այն պնդումը, թէ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին չունի կանոնադրութիւն։

Հայոց Եկեղեցին դարեր շարունակ առաջնորդուած է եկեղեցական ժողովներու կողմէ ընդունուած կանոններով եւ Հայրապետական կոնդակներով։ Դեռեւս Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գահակալութեան օրօք Հայոց Եկեղեցին ձեռնամուխ եղած է Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ սահմանադրութեան ստեղծման, որու աշխատանքները շարունակուած են Գարեգին Ա. Վեհափառի եւ աւելի լայն թափով՝ ներկայիս Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գահակալութեան շրջանին։

2009 եւ 2014 թուականներուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ գումարուած Եկեղեցական-ներկայացուցչական ժողովներու ընթացքին հաստատուած են՝ Ազգային-եկեղեցական ժողովի, Եկեղեցական-ներկայացուցչական ժողովի, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) կանոնադրութիւնները, ինչպէս նաեւ թեմական, ծխական կանոնադրութիւններու ուղենիշները։ Հաստատուած եւ պատրաստ այս կանոնադրութիւնները գործածելի են մեր եկեղեցւոյ մէջ։ Անոնց վերջնական վաւերացումը պէտք է կատարուի նաեւ Ազգային-եկեղեցական ժողովի կողմէ։

Ուստի, Հայոց Եկեղեցին «կանոնադրութիւն չունի» անհարկի պնդումը ճշմարտութեան եւ իրականութեան հետ որեւէ աղերս չունի։ Աւելին՝ Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ ստեղծուած համապատասխան յանձնախումբերը կը շարունակեն այս ուղղութեամբ աշխատանքները՝ վերջնական տեսքի բերելու Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ սահմանադրութիւնը, որու ընդունումը պիտի դառնայ իսկապէս կարեւոր եւ հանգրուանային իրադարձութիւն մեր եկեղեցւոյ կեանքին մէջ։

Միեւնոյն ժամանակ, ցաւ ի սիրտ պէտք է արձանագրենք, որ կանոնադրութիւններու մշակման յանձնախումբերու աշխատանքները խաթարուած են, որովհետեւ անոնց ատենապետները այժմ ապօրինաբար ազատազրկուած են։

Ինչ կը վերաբերի Ազգային-եկեղեցական ժողովի գումարման, հարկ կը համարենք ընդգծել, որ Ամենայն Հայոց Հայրապետի նախաձեռնութիւնը եղած է եւ է՝ եօթ տարին անգամ մը գումարել Ազգային-եկեղեցական ժողով՝ քննարկելու համար Հայոց Եկեղեցւոյ առջեւ ծառացած խնդիրներն ու մարտահրաւէրները, լուծումներ տալու առկայ հարցերուն եւ նախանշելու մեր եկեղեցւոյ գործունէութեան առաջնահերթութիւնները։ Ցաւօք, ժողովը յետաձգուեցաւ համավարակի եւ Արցախի պատերազմի պատճառներով։ Կը յուսանք, թէ յառաջիկային Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի կ՚ունենայ Ազգային-եկեղեցական ժողով, որ կը պատասխանէ եւ լուծումներ կու տայ առաջադրուած խնդիրներուն ու մտահոգութիւններուն։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 12, 2025