«ԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ»

Յաճախ ըսած ենք, որ մեր իրականութեան մէջ կան անձեր, որոնք ցաւ ի սիրտ տրուած են մոռացութեան. անկասկած անոնցմէ մէկն է խմբագիր ու մանկավարժ Մարի Պէյլէրեան, որ եղած է նահատակ մտաւորականներու կին ներկայացուցիչներէն մէկը: 

Մտաւորական Մարի Պէյլէրեան 1915 թուականէն իսկ առաջ լաւապէս կը գիտակցէր, որ օտարութեան մէջ ապրող հայ ժողովուրդը տեղ մը իր ինքնութիւնը կորսնցնելու դատապարտուած է. անոր լաւագոյն աշխատութիւններէն մէկը հանդիսացող «Մանկավարժական. Կինը կրթական գործին մէջ» աշխատութեան մէջ Մարի կը խօսի հայու ինքնութիւնը պահելու անհրաժեշտութեան մասին։ Այս աշխատութեան Դ. գլուխին կը գրէ. «Քանի որ օտար դաստիարակութեան միջոցաւ, օտար, խորթ ապրելակերպ մը մեր ազգայնական կեանքին ու բարքերուն մէջ սպրդելու կարելիութիւնը մեզ կը սպառնայ». այն ժամանակ «կը սպառնար», իսկ այսօր արդէն իսկ յաջողած է յաղթանակ արձանագրել աշխարհի շատ մը մասերու մէջ: Մարի կը հաւատար, որ սփիւռքի մէջ հայու ինքնութիւնը պահելու միակ ու ամենէն կարեւոր միջոցը հայ դպրոցն է. անոր խօսքերով՝ «տեղին է, մեր տեսութիւնը վերջացնելէ առաջ, արագ ակնարկ մը նետել մեր վարժարանական ծրագիրներուն վրայ ալ, քանի որ ատոնցմէ կախումն պիտի ունենայ գլխաւորաբար մա՛նաւանդ արտասահմանի Հայ գաղութներուն մէջ, ազգայնական ոգիին անաղարտ պահպանութիւնը»:

Սփիւռքի մէջ գտնուող հայկական դպրոցներ կամայ-ակամայ պարտաւոր են հետեւիլ տեղւոյն պետական կրթական ծրագիրներուն եւ, բնականաբար, այդ մէկը իր մէջ հայեցի դաստիարակութիւն չի ներառեր։ Մայի սակայն իմաստուն կին ըլլալով, լաւապէս կը գիտակցէր, որ հայ դպրոցը օտարութեան մէջ մեծ աշխատանք ունի կատարելիք։ Հակառակ օտարութեան, հակառակ օտար դաստիարակութեան եւ կրթական ծրագրի՝ հայը պէտք է յաջողէր իր ազգայինը, իր սեփականը առաջնահերթ դարձնել՝ որպէսզի յաջողի պահել հայու ինքնութիւնը. Մարի կը գրէ. «Հայ ցեղը բաժան բաժան ցրուած օտար աշխարհներ, թէպէտ տեղական, օտար դաստիարակութիւն մը ընդգրկելու ստիպուած՝ պիտի չմոռնայ նաեւ զարգացնել ազգայնական յատկութիւնները, զօրացնել հայ նկարագիրը, պիտի պահէ ցեղին որոշ գոյնը եւ պիտի չթողու, որ անիկա աղօտանայ, ջնջուի ժամանակի, տեղի, պարագայի, միջավայրի այլազան ազդեցութեանց տակ»։ Այնպէս ինչպէս Եղիայեան կը կարեւորէր, որպէսզի հայը սիրէ իր պատմութիւնը, սիրէ իր ազգն ու ինքնութիւնը, նոյնպէս Մարի կ՚ուզէ եւ կը պահանջէ, որ ամէ՛ն հայ իր մէջ ունենայ հայ ըլլալու հպարտութիւնը, որովհետեւ անոր համոզումով՝ «այն ազգը որ իր ծնող ցեղը պահպանելու մարդավայել հպարտութիւնը չունի. ապրելու արժանի չէ՛»: 

Հայ ժողովուրդը միայն սփիւռքի մէջ չէր, որ այդ պայքարը կը մղէր. դարեր շարունակ օտար պետութիւններու լուծին տակ ըլլալով՝ հայը նոյն պայքարը մղեց երկար ժամանակ եւ յաջողեցաւ ամէն տեսակ հալածանքներու, ամէն տեսակ բռնութեան տակ պահել իր հայու ինքնութիւնը եւ այդ մէկը յաջողած է ըլլալ մանաւանդ ուսուցիչներու զոհողութեամբ. այս առիթով Մառի կը կարեւորէ ուսուցիչներուն դերը՝ ըսելով. «ծանր պատասխանատուութիւնը մեր դաստիարակներուն եւ դաստիարակուհիներուն վրայ կը ծանրանայ մեծ մասամբ, քանի որ անոնք պիտի ըլլան պահպանողն ու զարգացնողը ազգային ոգին մատաղ սրտերու ու մտքերու մէջ, անո՛նք պիտի ըլլան հայ նոր սերունդը առաջնորդողը դէպի պարտականութիւն եւ ցոյց պիտի տան ճշմարիտ ազատութեան ճանապարհը»: 

Մեր սփիւռքահայ դպրոցները կրնան ըսել, որ ունին հայոց պատմութեան դասապահ, ունին մայրենի լեզուի դասապահ, սակայն Մարի, ինչպէս նաեւ այլ մտաւորականներ այդ մէկը բաւարար չեն նկատեր. աշակերտին համար հայերէնը դասապահ ըլլալէ աւելի պէտք է ինքնութեան կեդրոն ըլլայ. ինք նախ հա՛յ է եւ ապա Ամերիկայի, Լիբանանի կամ Սուրիոյ քաղաքացի։ Մարի կ՚ըսէ, ի՞նչ իմաստ ունի աշակերտը թուականներ սորվի, հայոց պատմութենէն դէպքեր ու անուններ սորվի, սակայն «ի՜նչ օգուտ երբ ցեղին ձայնը լուռ է անոնց սրտերուն մէջ, եւ իրենց մազերէն մէկ թել եւ իրենց դրամէն մէկ միլիմ չեն զոհեր ազգային վերածնութեան գործին համար»։ Հայրենասիրութիւնը, ազգային դաստիարակութիւնը, ինչպէս ըսինք, վերացական զգացում մը պէտք չէ ըլլայ. գործն է հայրենասիրութեան:

Կ՚ուզենք այս յօդուածաշարքը վերջացնել Մարի Պէյլէրեանի սքանչելի տողերով. «Արտասահմանի հայ վարժարանաց ծրագիրներուն մէջ ուրեմն, առաջին տեղը տալու է հայ լեզուին, հայ ընկերականութեան ու նկարագրին ուսումնասիրութեանը եւ հին պատմութենէն զատ ու նոյն իսկ աւելի՛ հայ նոր պատմութեան դրուագները ծանօթացնել հայ պատանեկութեան եւ անոր ցոյց տալ նոր հայ հերոսներն ու հերոսուհիները։ Միթէ հին Հայկերու, Արամներու, թէպէտ սիրելի բայց շատ առասպելական պատմութիւններէն աւելի նոր ու իրական Հայկեր Արամներ չունի՞նք… նոր Տիգրաններ, Արտաշէսներ եւ Այծեմնիկներ, որոնք ժամանակակից հայութիւնը փառաւորեցին։ Հինը չի՛ կրնար ալ եւս ոգեւորել, խանդավառել, կը կրկնեմ, այլ նոր, օրը օրին ապրուած հայ կեանքն է որ թեւ ու թռիչք պիտի տայ հայ մանուկ մտքերու ու սրտերու ու պիտի մղէ զանոնք դիւցազնական գործերու»:

•վերջ

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ուսուցիչը ինչքանո՞վ կարեւոր է մարդու կեանքին մէջ:

Պատասխան. Ուսուցիչը մարդուն կեանքին մէջ կարեւոր դեր ունի, որովհետեւ ան միայն գիտելիք չի փոխանցեր, այլ աշակերտին կու տայ բարոյական արժէքներ, որոնցմով կ՚առաջնորդուի: Ուսուցիչը կ՚օգնէ զարգացնել մտաւոր կարողութիւնները, ստեղծագործական կարողութիւնները: Անոր ազդեցութիւնը կը գերազանցէ դասագիրքի սահմանները եւ կը ձեւաւորէ մարդու վարքագիծ: Ուսուցիչը սորվեցնողէն շատ վեր է. առաջնորդ ու օրինակելի իտէալ ու ոգեշնչման աղբիւր է, որու շնորհիւ մարդ կը ստանայ գիտելիք ու վստահութիւն:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 12, 2025