ԾՆՈՂՆԵՐ ԵՒ ՈՐԴԻՆԵՐԸ

Ամուսնական սիրոյ բեղնաւորութիւնը չի սահմանափակուիր միայն զաւակներու որդեծնութեամբ, այլ պարտի տարածուիլ մինչեւ անոնց բարոյական դաստիարակութիւնը եւ կրթութիւնը, նաեւ հոգեւոր կազմաւորումը։ Դաստիարակութեան եւ կրթութեան մէջ ծնողներուն դերը եւ ազդեցութիւնը այնքա՜ն կարեւորութիւն ունի, որ գրեթէ անհնար է զանոնք փոխարինել։

Դաստիարակելու եւ կրթելու իրաւունքը եւ պարտականութիւնը ծնողներուն համար առաջնահերթ եւ անժամանցելի կը մնան։ Ուստի, ծնողներ պարտին դիտել իրենց զաւակները իբրեւ «զաւակներ Աստուծոյ» եւ «շնորհներ Աստուծոյ», եւ յարգել զանոնք իբրեւ «մարդկային անձեր»։ Անոնք կը դաստիարակեն եւ կը կրթեն իրենց զաւակները «Աստուծոյ Օրէնք»ը գործադրելու մէջ, անշուշտ, առանց անտեսելու քաղաքական տուեալ օրէնքներու տրամադրութիւնները, նաեւ զիրենք երկնաւոր Հօր կամքին հնազանդ ցոյց տալով։

Ծնողները առաջին պատասխանատուներն են իրենց զաւակներուն դաստիարակութեան եւ կրթութեան։ Այս պատասխանատուութիւնը փաստած կ՚ըլլան նախ ընտանիքի մը ստեղծումովը՝ ուր գորովը, ներումը, յարգանքը, հաւատարմութիւնը, զոհողութիւնը եւ անշահախնդիր ծառայութիւնը կը գործադրուին։

Ընտանիքը մասնայատուկ վայրն է առաքինութիւններու կրթութեան։ Ասիկա կը պահանջէ վարժեցումը անձնուրացութեան, անձնուիրութեան, առողջ դատողութեան, ինքնազսպումի, որոնք պայմաններն են ամէն ճշմարիտ արդար ազատութեան։

Ծնողները իրենց զաւակներուն պիտի ուսուցանեն ֆիզիքական եւ բնազդային տարածքը ստորադասել ներքին եւ հոգեւոր տարածքին։ Ծնողներուն համար ծանրակշիռ պատասխանատուութիւն մըն է իրենց զաւակներուն «բարի օրինակ» տալ։ Իրենց թերութիւնները անոնց առջեւ ճանչնալով, անոնք աւելի ատակ պիտի ըլլան առաջնորդելու անոնց եւ ուղղելու զանոնք.

«Ո՛վ որ կը սիրէ իր որդին, զայն կը ծեծէ։ Ո՛վ որ կը կշտամբէ իր որդին, անկէ օգուտ պիտի քաղէ». (ՍԻՐ. Լ 12)։ «Եւ դուք, հայրե՛ր, մի՛ զայրացնէք ձեր զաւակները, ընդհակառակը կրթեցէ՛ք զանոնք խրատելով եւ յորդորելով ըստ Տիրոջ». (ԵՓՍ. Զ 4)։

Արդարեւ, ընտանիքը մարդ էակին համար բնական միջավայր մըն է նախապատրաստուելու համերաշխութեան եւ կեանքին հասարակական պատասխանատուութիւններուն։ Ծնողները պարտին զաւակներուն ոսուցանել «զգուշանալ սկզբունքի զիջողութիւններէ եւ արժեզրկումներէ», որոնք կը սպառնան մարդկային ընկերութիւններուն։

Ամուսնութեան սուրբ խորհուրդին շնորհքով, ծնողները իրենց զաւակները աւետարանելու պատասխանատուութիւնը եւ առանձնաշնորհը ընդունած են։ Զանոնք մատղաշ տարիքէն պիտի ընտելացնեն հաւատքի խորհուրդներուն հետ, որոնց «առաջին բանբերները» իրենց զաւակներն են։ Անոնք պարտին նաեւ մանաւանդ Եկեղեցւոյ կեանքին մասնակից ընել իրենց զաւակները՝ անոնց մատղաշ մանկութենէն։ Ընտանեկան կենցաղավարութիւնը կրնայ սնուցանել այն զգայական տրամադրութիւնները՝ որոնք ամբողջ կեանքին տեւողութեան կենդանի հաւատքի մը վաւերական նախաքայլերը եւ նեցուկը կը մնան։

Զաւակներուն մանկութեան շրջանին անոնց հանդէպ ծնողներուն յարգանքը եւ սէրը կ՚արտայայտուին նախ այն խնամքով եւ ուշադրութեամբ, զորս ծնողները անոնց կը տածեն՝ մեծցնելու համար զանոնք, հոգալու համար անոնց ֆիզիքական եւ հոգեւոր կարիքները։ Աճումի շրջանին, նոյն յարգանքը եւ նոյն անձնուիրումը կ՚առաջնորդեն ծնողներուն կրթելու իրենց զաւակները այն ձեւով, որ իրենց իմացականութիւնը եւ ազատութիւնը գիտնան ուղիղ գործածել…

Իբր առաջին պատասխանատուները իրենց զաւակներուն կրթութեան՝ ծնողները իրաւունքը ունին անոնց համար ընտրելու այն դպրոցը՝ որ կը համապատսխանէ իրենց սեփական համոզումներուն։ Այս իրաւունքը հիմունքային է։ Ծնողները պարտական են կարելի չափով ընտրել այն դպրոցները՝ որոնք լաւագոյնս պիտի օժանդակեն քրիստոնեայ դաստիարակի իրենց վաստակին՝ զայն ներդաշնակելով այժմէական դաստիարակութեան։ Իսկ չափահաս զաւակներ պարտականութիւնը եւ իրաւունքը ունին իրենց արհեստը եւ իրենց կեանքին ասպարէզը իրենք ընտրելու…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 12, 2025, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2025