ՈՉ ԵՒՍ Է ՉԵԹԻՆ ԱԼԹԱՆ
Թուրքիա երէկ կորսնցուց իր մտաւորական աշխարհի եզակի դէմքերէն մին։ Ոչ եւս է Չեթին Ալթան, որ 88 տարեկան հասակին աչքերը փակեց կեանքին։ Չեթին Ալթան մահացաւ միջոցէ մը ի վեր դարմանուած հիւանդանոցին մէջ եւ իր յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ արդէն այսօր կէսօրուան ժամերուն Թէշվիքիէի մզկիթին մէջ։
Չեթին Ալթանի մահը իսկապէս անփոխարինելի կորուստ մը կը համարուի Թուրքիոյ տեսակէտէ։ Ան եղած է լրագրող-հրապարակագիր, քաղաքական գործիչ, գրող, հասարակական գործիչ եւ այդ բոլորէն վեր, անտարակոյս, երկրին տեսակէտէ միշտ խորհրդանշած է փարոսի մը կերպարը։ Թուրքիոյ արդի պատմութեան մէջ հասած ամենակարկառուն եւ ինքնուրոյն մտաւորականներէն մին եղած է Չեթին Ալթան, որ երկրի հասարակութեան կողմէ ընկալուած է որպէս պայքարի մարդ, որպէս դատի մարդ՝ անցած ըլլալով ինչ-ինչ փորձութիւններէ եւ ի վերջոյ այդ փորձառութիւններուն լոյսին տակ ձեւաւորած է կեանքի ուրոյն փիլիսոփայութիւն մը. իսկապէս ներշնչող, իսկապէս օրինակելի։ Չեթին Ալթանի գրածները թարգմանուած էին բազում լեզուներու։ Չեթին Ալթան աշխարհի վրայ եղած էր այն սակաւաթիւ սիւնակագիրներէն մին, որ մրցանշային քանակութեամբ յօդուածներ ստորագրած էր իր աշխատակցած զանազան թերթերուն մէջ։
Չեթին Ալթան 1927 թուականին ծնած էր Իսթանպուլի մէջ։ Իր սերած ընտանիքին արմատները կը հասնէին մինչեւ Խրիմ։ Աւարտած էր Կալաթասարայ լիսէն եւ Անգարայի համալսարանի Իրաւաբանութեան ֆաքիւլթէն։ Բազմաթիւ թերթերու եւ պարբերականներու մէջ ստորագրած էր յօդուածներ, գրած էր վէպեր։ 1965-1969 շրջանին երեսփոխան ընտրուած էր Թուրքիոյ Բանուորական կուսակցութենէն։ Խորհրդարանի տարիները, ընդհանրապէս իր քաղաքական գործունէութիւնը ալեկոծումներով լեցուն շրջաններ բերած էին թէ՛ իրեն եւ թէ իր ընտանիքին համար։ «Ֆաթիհ» համալսարանի Բժշկական ֆաքիւլթէի հիւանդանոցին մէջ երէկ մահկանացուն կնքած Չեթին Ալթան երկար տասնամեակներ եղած էր երկրի ձախակողմեան շրջանակներու «կուռք»երէն մին։ Ժողովրդավարութեան իսկական գաղափարապաշտ մըն էր եւ բարձր մտաւորականի ընդունակութիւններով կը հարցաքննէր ամէն տեսակ կաղապար, կանխակալ կարծիք։
Չեթին Ալթանի հարազատներն ալ այսօր հանրային կարծիքին մօտէն ծանօթ դէմքեր կը հանդիսանան։ Այսպէս, իր որդիներն են գրող Ահմէտ Ալթան եւ տնտեսագէտ Մեհմէտ Ալթան։ Իր թոռնուհին է հրապարակագիր Սանեմ Ալթան։
Իր սերունդի բոլոր յառաջատար մտաւորականներուն նման Չեթին Ալթանն ալ ունեցած էր ծանօթութիւն եւ բարեկամութիւն աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրին հետ։ Իր յարաբերաբար աւելի երիտասարդ տարիներուն Չեթին Ալթան զանազան առիթներով հաւաքոյթներու ալ մասնակցած էր իսթանպուլահայ համայնքի միութիւններու մէջ։