ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՆԱՄԱԿԱՆԻՇ

Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբի հիմնադրութեան 100-ամեակին առթիւ նախընթաց օր պատմական ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Այս դարադարձին առթիւ «Հայփոստ» ընկերութեան կողմէ թողարկուած նամականիշը հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ կնքուեցաւ Օփերայի համալիրէն ներս, «Արամ Խաչատուրեան» հանդիսասրահի երդիքին տակ։

Դրոշմաթուղթը կնքեցին Հայաստանի բարձրագոյն թեքնոլոժիներու նախարար Մխիթար Հայրապետեան, կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեան, «Հայփոստ»ի գլխաւոր գործադիր տնօրէն Շուշան Ալեքսանեան, նուագախումբի ղեկավար Նորայր Նազարեան, նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար ու խմբավար Եդուարդ Թոփչեան եւ Հայաստանի Ֆիլաթելիստներու միութեան նախագահ Յովիկ Մուսայէլեան։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, հաւաքոյթի ընթացքին Ժաննա Անդրէասեան նշեց, որ յոբելենական տարին բնորոշուած է եզակի ձեռնարկներով։ Մաէսթրօ Թոփչեան նշեց, որ պահը իրեն համար շատ յուզիչ է՝ քանի իրեն եւ երաժիշտ ընկերներուն բախտ վիճակած է ականատես դառնալ նուագախումբի դարադարձին։ Յովիկ Մուսայէլեան շեշտեց, որ աշխարհի վրայ իսկապէս շատ քիչ են այն երկիրները, որոնք դրոշմաթուղթ թողարկած են իրենց ֆիլհարմոնիք նուագախումբերուն համար։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 17, 2025