FOTOFEST. ԲԵԿՄԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԸ

Պուրսայի FotoFest՝ լուսանկարչական փառատօնը այս տարի բացառիկ նշանակութիւն ունեցաւ հայ լուսանկարիչներուն համար։ Արդէն 15-րդ անգամ կազմակերպուած այս փառատօնը ունէր՝ «Բեկման ժամանակը» անուանումը։

Դատակազմի որոշումով բացառիկ պատիւի մը արժանացաւ յայտնի լուսանկարիչ Պերճ Արապեան, որու անկրկնելի վարպետութիւնը գրաւած էր կազմակերպիչներու ուշադրութիւնը։ Փառատօնի ծիրէն ներս բացուած անհատական ցուցահանդէսներու շարքին մաս կազմեցին Պերճ Արապեանի լուսանկարները։ Ան փառատօնի միջազգային բաժանմունքի հիւր լուսանկարիչներէն մին էր։ Պերճ Արապեան, որ ծնած է Սուրիոյ մէջ եւ աւելի վերջ Գանատա գաղթած, կ՚որսայ շատ յատկանշական դրուագներ՝ գաղթի, ինքնութեան եւ հասարակական խնդիրներու տեսակէտէ։ Ան իր ոսպնեակը այնպիսի նիւթերու վրայ կ՚ուղղէ, որ մէկ կողմէ արդիւնքը կ՚ըլլայ փայլուն, իսկ միւս կողմէ ակամայ հետաքրքրութիւն կը ստեղծուի իր կեանքի ոդիսականի պարագային։ Պերճ Արապեանի վարպետութեան գաղտնիքներէն մին ալ այն է, որ ան տարբեր աշխարհագրութիւններու միջեւ համադրութիւններ եւ համախմբումներ կ՚ապահովէ իր դրուագներով։

Թէ՛ Թուրքիայէն եւ թէ աշխարհէն լուսանկարչական խումբեր կամ աշխատակազմեր ալ տեղ գտած էին Պուրսայի 15-րդ լուսանկարչութեան փառատօնին մէջ։ Այս անուանակարգէն ներս «Պոլիս լուսատու»ն ալ մասնակցեցաւ ծրագրին՝ արժանանալով բոլորի ուշադրութեան եւ գնահատուելով՝ գործերու որակով։

Պուրսայի՝ պատմամշակութային նշանակութեամբ, փակ կամ բացօթեայ բազմաթիւ վայրերուն մէջ տեղի ունեցաւ FotoFest-ը, որու քիւրաթէօրներն էին փրոֆ. Կիւլպին Էօզտամար եւ Էօզճան Եուրթալան։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 17, 2025