ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ հիւ­րըն­կա­լեց Գալ­ֆաեան Տան խնա­մա­կա­լու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ո­րոնց հետ էր նաեւ հա­մա­նուն ուխ­տէն Քոյր Գա­յիա­նէ Տուլ­քա­տի­րեան։ Ա­տե­նա­պե­տու­հի Տիա­նա Գամ­բա­րո­սեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը Գում­գա­բու այ­ցե­լած էին Նո­յեմ­բե­րի 22-ին նա­խա­տե­սուած Գալ­ֆաեա­նի տա­րե­կան սի­րոյ սե­ղա­նին ըն­դա­ռաջ։ Նոյն թուա­կա­նին Ս. Պա­տա­րա­գի մա­տուց­մամբ եւ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօ­նով պի­տի ո­գե­կո­չուին Գալ­ֆաեան Տան հիմ­նա­դիր Սրբու­հի Մայ­րա­պետ Գալ­ֆաեան եւ ուխ­տի հան­գու­ցեալ միա­բան­նե­րը։ Ա­թո­ռա­նիստ Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից «Պէզ­ճեան» սրա­հին մէջ պի­տի սար­քուի նաեւ սի­րոյ սե­ղան, որ­պէս­զի այս տա­րի եւս հա­ւա­սա­րակշ­ռուի պիւտ­ճէն մեր այս ու­րոյն ա­ռա­քե­լու­թեամբ կրթա­կան հաս­տա­տու­թեան, որ ու­նի 74 ա­շա­կերտ։ Հան­դի­սու­թիւն­նե­րը տե­ղի պի­տի ու­նե­նան Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ։ Զրոյ­ցի ըն­թաց­քին Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան հե­տաքրք­րու­թեամբ հե­տե­ւե­ցաւ ի­րեն ներ­կա­յա­ցուած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն, գնա­հա­տեց Գալ­ֆաեան Տան վա­րիչ­նե­րուն կող­մէ տա­րուած աշ­խա­տան­քը՝ փո­խան­ցե­լով ա­նոնց իր օրհ­նու­թիւն­ներն ու յա­ջո­ղու­թեան մաղ­թան­քը։

Բաց աս­տի, Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը ե­րէկ ըն­դու­նեց նաեւ մեր հա­մայն­քի յայտ­նի եր­գիչ­նե­րէն Պար­թեւ Կա­րեա­նը, ո­րուն կ՚ըն­կե­րա­նար Մա­րի Աք­պաշ։ Զրոյ­ցի ըն­թաց­քին Պար­թեւ Նո­րին Սրբազ­նու­թեան տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց իր մօ­տա­լուտ հա­մեր­գին շուրջ։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան դրուա­տի­քով ար­տա­յայ­տուե­ցաւ յայտ­նի եր­գի­չի գոր­ծու­նէու­թեան շուրջ եւ յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց մօ­տա­լուտ հա­մեր­գի ծրագ­րին հա­մար։

Միւս կող­մէ, Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան Գում­գա­բուի մէջ ե­րէկ մէկ­տե­ղուե­ցաւ նաեւ Գեր­մա­նիա­յէն խումբ մը հա­մալ­սա­րա­նա­կան­նե­րու հետ, ո­րոնք իր հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին տե­ղե­կու­թիւն­ներ քա­ղե­ցին Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ, Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին եւ թրքա­հայ հա­մայն­քին մա­սին։  

 

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 23, 2015