«ՀԱՍԿՆԱԼ ԱՐԱՆ»…

Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած «Ֆո­թոիս­թան­պուլ 2015» ձեռ­նար­կին շրջագ­ծով ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Բե­րա­յի թան­գա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Հասկ­նալ Ա­րան» խո­րագ­րեալ հա­ւա­քոյթ մը։ Աշ­խար­հահռ­չակ լու­սան­կա­րիչ Ա­րա Կիւ­լէ­րին ձօ­նուած ձեռ­նարկ մըն էր այս մէ­կը, որ ար­ժա­նա­ցաւ գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րու ան­մի­ջա­կան հե­տաքրք­րու­թեան։

Հարկ է նշել, որ Պէ­շիկ­թա­շի հրա­պա­րա­կին վրայ «Ֆո­թոիս­թան­պուլ 2015»ի շրջագ­ծով լու­սան­կար­չա­կան մեծ շար­ժում մը ստեղ­ծուած է վեր­ջին շա­բաթ­նե­րուն։ Վիթ­խա­րի ցու­ցա­հան­դէ­սին մէջ պատ­կա­ռե­լի բա­ժին մը յատ­կա­ցուած է Ա­րա Կիւ­լէ­րի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն։ Բազ­մա­թիւ այլ լու­սան­կա­րիչ­ներ եւս մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րեն այս ծրագ­րին, ո­րու պա­տուոյ հիւրն է աշ­խար­հահռ­չակ վար­պե­տը։

Մինչ «Ֆո­թոիս­թան­պուլ» պի­տի շա­րու­նա­կուի մին­չեւ Նո­յեմ­բե­րի 8-ը, ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ա­նոր ծի­րէն ներս կազ­մա­կեր­պուած հա­ւա­քոյ­թը ու­նէր ե­զա­կի նշա­նա­կու­թիւն։ Պա­տուոյ հիւր հռչա­կուած մե­ծա­նուն վար­պե­տին ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ժա­ռան­գու­թիւ­նը վե­րար­ժե­ւո­րե­լու, ա­նոր նկատ­մամբ հեր­թա­կան ան­գամ յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցե­լու եւ ի վեր­ջոյ հա­մա­կիր­նե­րուն հետ զին­քը մէկ­տե­ղե­լու տե­սան­կիւ­նէն կա­րե­ւոր հա­ւա­քոյթ մըն էր այս մէ­կը։ Բե­րա­յի թան­գա­րա­նին դահ­լի­ճը ամ­բող­ջու­թեամբ լե­ցուած էր Ա­րա Կիւ­լէ­րի հա­մա­կիր­նե­րուն կող­մէ. այն աս­տի­ճան, որ վե­րի սրահ­նե­րէն մէ­կուն մէջ ալ հե­տաքր­քիր­նե­րուն հնա­րա­ւո­րու­թիւն ըն­ձե­ռուե­ցաւ պաս­տա­ռի մի­ջո­ցաւ նոյ­նա­ժա­մա­նակ հե­տե­ւե­լու այս ձեռ­նար­կին։

Ե­րե­կոյ­թը սկսաւ «Ֆո­թոիս­թան­պուլ»ի հա­մա­կար­գող Ա­թիլ­լա Տու­րա­քի ող­ջոյ­նի խօս­քով։ Ա­րա Կիւ­լէ­րի լու­սան­կար­չու­թեան մա­սին խօ­սե­ցան նոյն բնա­գա­ւա­ռէն շարք մը յայտ­նի ա­նուն­ներ՝ Ճոշ­քուն Ա­րալ, Սիմ­պէր Ա­թայ, Էօզ­ճան Եուր­տա­լան եւ Փոլ Մաք­մի­լըն, ո­րոնք խո­րա­ցան ա­նոր ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան աշ­խա­տան­քի ծալ­քե­րուն մէջ։ Ա­տե­նա­խօս­նե­րու խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րուն եւ վկա­յու­թիւն­նե­րուն ա­ռըն­թեր հա­ւա­քոյ­թի մաս­նա­կից­ներն ալ ա­ռիթն ու­նե­ցան Ա­րա Կիւ­լէ­րի գոր­ծե­րուն մա­սին ի­րենց տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը յայտ­նե­լու։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ Թուր­քիոյ մէջ լու­սան­կար­չա­կան կա­լուա­ծի թիւ մէկ ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը Ա­րա Կիւ­լէրն է ան­վի­ճե­լիօ­րէն, հա­ւա­քոյ­թի տե­ւո­ղու­թեան շեշ­տուե­ցաւ նաեւ Թուր­քիոյ եւ մա­նա­ւանդ Իս­թան­պու­լի վե­րա­բե­րեալ ա­նոր տե­սո­ղա­կան վկա­յու­թիւն­նե­րուն ան­մի­ջա­կան ա­ռըն­չու­թիւ­նը՝ մշա­կոյ­թի եւ գե­ղա­րուես­տի զա­նա­զան ճիւ­ղե­րուն հետ։ Ա­րա Կիւ­լէր ինք­զինք յա­ճախ կը բնո­րո­շէ պատ­մա­գիր մը, որ իր լու­սան­կար­չա­կան գոր­ծի­քով պատ­մու­թիւն կը գրէ։ Սա­կայն ան միեւ­նոյն ժա­մա­նակ կ՚ա­ռըն­չուի թէ՛ ա­րուեստ­նե­րուն եւ թէ գի­տու­թեան ճիւ­ղե­րուն հետ։

Ա­րա Կիւ­լէր կը հա­ւա­տայ, թէ լու­սան­կա­րը կեան­քի մէկ պա­հը բռնե­լով զայն ա­պա­գայ ժա­մա­նակ­նե­րուն փո­խան­ցե­լու կա­խար­դանք մըն է։ Հե­տե­ւա­բար, ե­րէ­կուան ե­րե­կոյ­թին ըն­թաց­քին ալ ներ­կա­նե­րը փոր­ձե­ցին ներ­թա­փան­ցել այդ տե­սո­ղա­կան կա­խար­դան­քի բա­ղադ­րիչ­նե­րուն։

Բե­րա­յի թան­գա­րա­նին մէջ ստեղ­ծուած յու­զու­մը բազ­մա­պատ­կուե­ցաւ շնոր­հիւ Ա­րա Կիւ­լէ­րի ներ­կա­յու­թեան։ Ան ջեր­մօ­րէն շրջա­պա­տուե­ցաւ իր հա­մա­կիր­նե­րուն կող­մէ, ո­րոնց տե­սան­կիւ­նէն իր հետ ի մի գա­լը կը պար­փա­կէր մաս­նա­ւոր պատ­գամ մը, իսկ Ա­րա Կիւ­լէր այդ մթնո­լոր­տին մէջ հեր­թա­կան ան­գամ յա­ջո­ղե­ցաւ բո­լո­րին հե­տաքրք­րու­թիւ­նը յա­գեց­նել եւ իր խո­հե­րէն բա­ժին դուրս բե­րե­լով գրա­ւել ա­նոնց թէ՛ ու­շադ­րու­թիւ­նը եւ թէ սիր­տը։ 

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 23, 2015