ԱՆՑԵԱԼԻ ՅՈՒՇԵՐՈՎ ԼԻԱՆԱԼ
Յաճախ կը կրկնենք, թէ կեանքը միայն ներկայ ապրումները եւ ապագայի մասին յոյսերը չէ, այլ կա՛յ նաեւ անցեալ մը՝ որ երեքը միասին կը կազմեն կեանքը։ Մարդ երբ կ՚ապրի ներկան, չի կրնար ուրանալ նաեւ «անցեալ» ժամանակի մը գոյութիւնը, որուն ազդեցութիւնները, թողած հետքերը անտեսել կարելի չէ, քանի որ ներկան պատրաստողը անցեա՛լն է, իր բոլոր երեսակներով կամ դիմայեղումներով։ Ներկան անցեալի հիմերուն վրայ հաստատուած ապագայի յոյսերով շաղախուած շէնք մըն է։ Եւ ամէն շէնքի համար անհրաժեշտ պայմա՛ն է՝ հաստատուած ըլլալ ամուր, հաստատուն եւ տոկուն հի՛մերու վրայ։ Եւ դարձեալ, պէ՛տք է ճանչնալ, գիտնալ շէնքին հիմը, թէ ո՛րքան հաստատուն է եւ ստո՛յգ ու ապահով է, շէնքին ամբողջ ծանրութիւնը կրելու կարողութիւնը եւ տարողութիւնը ունի՞, թէ ոչ։ Ընկերային կեանքի մէջ ալ պարագան նո՛յնն է, անցեալը պէտք է լաւ գիտնալ՝ որպէսզի ներկան ու ապագան ապահով ըլլայ…։
Ապա ուրեմն այս մտածողութեամբ կ՚երթանք մինչեւ 1911 թուական, եւ կը շրջինք Հայ Մամուլի էջերուն մէջ։ Տեսնենք, թէ ի՜նչ դէպքեր, ի՜նչ իրադարձութիւններ կը դիմաւորեն մեզ՝ որոնք կերպով մը ներկայի նախապատրաստական շարժառիթներն են ընդհանրապէս։ Չէ՞ որ պատմութիւնը ամբողջ՝ բնօրինակի մը վրայ, կրկնօրինակ դէպքերու մշտական ու յարատեւ ընթացքն է։ Եւ դարձեալ կ՚ըսուի, որ պատմութիւնը 100 կամ 200 տարիներ վերջ միշտ կը կրկնուի, եւ նոյնատիպ երեւոյթներով հանդէս կու գայ։ Ուրեմն անցեալ դէպքերէն դաս առնել եւ եթէ կան սխալներ՝ սրբագրել զանոնք, պատմութեան մեզի ընծայած ամենաօգտակար առիթն է։
Ահաւասիկ 1911 թուականէն լուրեր։
«Սամաթիոյ Ազգային Վարժարանին Տնօրէն Միսաք Սուրեան արտաքսուեր է իր պաշտօնէն՝ անչափահաս աշակերտուհիներու հանդէպ գործած անբարոյական արարքներուն համար։
«Թաղեցիք, վերջին ծայր յուզուած այս անլուր գայթակղութիւններէն, այս դէպքին վրայ, նամակ գրած են Սկիւտար, Իճատիէի ընտրողներուն՝ որ երեսփոխանութենէ վտարեն Միսաք Սուրեանը, որ նոյն թաղին Ազգային երեսփոխաններէն մէկն է։
«Թաղային Խորհուրդն ու Կրթական Տեսուչ Քալանթարեան էֆէնտի, մի առ մի հարցաքննած են աշակերտուհիները, եւ զարհուրելի յայտնութիւններ երեւան ելած են։ Կը լսուի, թէ Ուսումնական Խորհուրդը Կրթական Նախարարութեան պիտի դիմէ՝ որ Սուրեանի ձեռքը գտնուած վարժարանի արտօնագիրը ետ առնուի» (14 Մայիս 1911)։
***
«Վատիկան, Կաթոլիկ բարեպաշտներու համար արգիլուած գիրքերու ցանկին (էնտէքս) մէջ անցուցեր է Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեանի ֆրանսերէն վերջին գործը՝ L’Eglise Arménienne, Son Histoire, Sa Littérature։
«Ուրախութեամբ կ՚իմանանք, թէ Նորին Սրբազնութիւնն աւարտած է այդ կարեւոր գործին հայերէն թարգմանութեան շքեղ տպագրութիւնը, որ հրատարակուեցաւ շաբթուս» (14 Մայիս 1911)։
***
«Զինուորագրութեան եւ կրթական խընդ-րոց վրայ հինգ Պատրիարքարաններու (Յունաց, Հայոց, Հայ-Հռոմէականաց, Պուլկարաց եւ Քաղդէացւոց) միջեւ համաձայնութիւն մը գոյացած է. Կառավարութեան ըլլալիք դիմումներուն վրայ, եւ իւրաքանչիւրին կողմէ համիմաստ «Թագրիր»ներ մատուցուած են Բ. Դրան։ «Սինին» (նախկին «Թանին»), որ համակիր ոգիով չի դիտեր այդ համաձայնութիւնը, թէեւ գրած էր, որ հողային խնդիրն ալ մէկն է համաձայնութիւն գոյացած կէտերէն, բայց խօսքն անգամ չկայ ատոր։ Միայն զինուորագրութեան եւ կրթական հարցերն եղած են խորհրդակցութեան առարկայ, մատուցուած «Թագրիր»ներով յայտնուած են այն բաղձանքները եւ պահանջները, թէ՛ կրթական եւ թէ զինուորագրական խնդրոց մասին, որոնց վրայ յաճախ խօսուած է Ազգային թերթերուն մէջ» (Մայիս 1911)։
***
(Ծանօթագրութիւն.- «Թագրիր» կամ «թաքրիր» կը նշանակէ՝ խնդրագիր, զեկուցում. ըստ Մարտիրոս Յարութիւնեանցի «Բացատրական բառգիրք-օտարազգի բառերի եւ օտարագիր բառերի ու դարձուածքների - 1912» բառարանի)։
***
(Ծանօթագրութիւն.- ԺԱՄԱՆԱԿ եւ «Թանին» թերթերու բանավէճի շուրջ - 1908-1913, կարդալ՝ «Քասիմ» Միսաք Գօչունեանի «Օրուան մտածումները. 1908-1913» գիրքը»)։
***
«Կրօնական Ժողովը այս Գշ.ի (երեքշաբթի) նիստին մէջ հաստատեց Տ. Հրանտ Վ. Յովասափեանի քարոզչութիւնը՝ Պէշիքթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյն, եւ Նառլը Գափուի քարոզիչ կարգեց Տ. Վարդան Վրդ. Գասպարեանը» (1911)։
***
«Գուրու Չէշմէի Եկեղեցւոյն Տ. Սուքիաս Քհնյ. Պալըգճեան, գոհունակութեամբ կ՚ի-մանանք, թէ աւագերէցութիւն ստացած է Կրօնական Ժողովոյ որոշմամբ։ Մեր շնորհաւորութիւնները» (1911)։
***
«Անգլիոյ թագաւորին թագադրութեան հանդէսին ներկայ գտնուելու համար Եւրոպայի Հայոց Առաջնորդը եւ Լոնտոնի Հոգաբարձութեան Դիւանը ներկայացուցիչ նշանակուած ըլլալով, Պատրիարքական Փոխանորդ Սրբազան Հայրը Անգլիական Դեսպանատունը գնաց, որոշելու համար հայ պատգամաւորութեան ներկայութեան պարագաները։ Դեսպանը յաջորդ օրը պատասխան ղրկեր է, թէ մասնակցողներուն ցանկերը պատրաստուած են արդէն, բայց կը խոստանայ կարգադրութիւն մ՚ընել» (14 Մայիս 1911)։
***
«Բերայի աւագերէց Տ. Ներսէս Քահանայի վախճանմամբ նոյն պաշտօնը բաց մնացած ըլլալով, քահանայից դասը արժանաւոր ընտրութիւն մ՚ըրած է, իրեն աւագերէց նշանակելով Ազգային Երեսփոխան եւ Կրօնական Ժողովոյ անդամ Տ. Խորէն Քհնյ. Յարութիւնեանը՝ պարկեշտ դէմ մը՝ հայ քահանայութեան մէջ։
«Ջերմապէս կը շնորհաւորենք իր պաշտօնը, եւ կար եւ կարողութիւն կը մաղթենք» (14 Մայիս 1911)։
***
«Պայրամի առաջին օրը, Տեղապահ Սրբազան Հայրը միւս Հոգեւոր Պետերուն հետ Կայսեր ներկայացաւ։ Ն. Վեհափառութիւնը ժպտադէմ շնորհակալութիւն յայտնած է Հոգեւոր Պետերուն մաղթանքներուն համար» (17 Սեպտեմբեր 1911)։
***
Ուրեմն սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, ո՜րքան հետաքրքրական է եւ շահեկան, երբեմն թղթատել եւ ուսումնասիրել Մամուլի հին էջերը՝ ուր կը գտնենք անցեալը եւ առիթը կ՚ունենանք զայն բաղդատելու՝ ներկային հետ, որ մեկնակէտը պիտի ըլլայ ապագա՜յին…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 22, 2015, Իսթանպուլ