ԹՈՓԳԱԲՈՒՑԻՆԵՐՈՒ ԱՄԱՆՈՐԻ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՍԵՂԱՆԸ

Թոփգաբուի ընտանիքը շաբաթավերջին Ամանորի ճաշասեղանի մը շուրջ համախմբուեցաւ։ Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Սուճուեանի եւ ընկերներուն գլխաւորութեամբ բոլոր սեղանակիցները ունեցան հաճելի ժամանց՝ մինչ Ամանորի առթիւ հնչեցին բարեմաղթանքներ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 22, 2025