ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՊԱՇՏՊԱՆԵԼ
Մարդկային ամենէն նուիրական պարտականութիւնն է պահպանել ուրիշներուն անբռնաբարելի իրաւունքները, պաշտպանել զանոնք մարդկային բովանդակ կորովով, բծախնդրութեամբ եւ ուշադրութեամբ։ Արդարեւ, մարդ «մա՛րդ» է այնքան՝ որքան ուրիշը՝ իր նմանը կը խորհի այնքան՝ որքան ինքզինք։ Ինչպէս յաճախ կը յիշենք. մարդ ստեղծուած է եւ կոչուած ընկերային կեանք ապրելու, ինչ որ բնականաբար կը պահանջէ իրերօգնութիւն։ Ասոր համար անհրաժեշտ է ուրիշը հասկնալ, ինչ որ կ՚ենթադրէ համակրական հասկացողութիւն։ Եւ երանի՜ այն մարդուն՝ որ իր ուժերուն անբաւարար եղած ատեն արտաքին ամէն զօրութեամբ կարող կ՚ըլլայ իշխել կեանքի բազմազան զսպանակներուն՝ դժուարութիւններուն եւ արգելքներուն, եւ պահ մը կանգ առնել վտանգաւոր զառիթափերուն վրայ։ Եւ ասիկա կը նշանակէ շարժիլ իր իսկ ուժերուն եւ կարողութեան համեմատ։
Մարդ երբ ասիկա կ՚ընէ հաշուի առնելով ո՛չ միայն իր ուժերը, այլ իր շուրջիններուն կարողութիւնները եւ կարելիութիւնները, այն ատեն ահաւասիկ իր կոչումին հաւատարիմ «մա՛րդ» կ՚ըլլայ։ Ուստի, անոր տեղին կորովի զսպումը սքանչելի երեւոյթ մըն է, զմայլելի եւ անոր յաղթանակը սխրալի եւ ինք յաղթակա՛ն կը հանդիսանայ, քանի որ սորված է անսալ մարդուն մէջ գտնուած աստուածային ձայնին՝ որ վճռական րոպէներուն կը յիշեցնէ կանգ առնել՝ դիտել շուրջը եւ հասնիլ նաեւ ուրիշներուն եւ անդրադառնալ, թէ առանձին չէ՛ այս աշխարհի վրայ եւ ուրիշներ ալ ունին այն բոլոր իրաւունքները՝ որ կը կարծէ թէ միայն ինք ունի։ Այս աշխարհի վրայ ո՛չ մէկը առանձնաշնորհեալ եւ մասնաւոր իրաւունքներ վայելելու արժանի մարդ է. եւ հաւասարութեան սկզբունքային վիճակը ահաւասիկ այս կէտին իր արժէքը յայտնի կ՚ընէ։
Կեանքի մէջ յաճախ պէտք է անդրադառնալ եւ մտիկ ընել այն աստուածային խորհրդաւոր ձայնին, որ կ՚ըսէ. «Կանգ առ…», եւ կը շարունակէ. «շուրջդ նայէ. առանձին չե՛ս»։ Այս խորհրդաւոր անդրադարձումը կը պատահի, եւ պէ՛տք է պատահի կեանքի ամէն վիճակներուն մէջ՝ ուրախութեան եւ տրտմութեան պահերուն։ Եթէ ուրախ եւ երջանիկն է մարդ, պէտք է մտածէ, թէ ուրիշներ ալ ուրախանալու եւ երջանիկ ըլլալու իրաւունք ունին, եւ ըստ այնմ պէտք է բաժնէ եւ բաժին հանէ մարդ իր ուրախութենէն եւ երջանկութենէն ուրիշներու համար ալ։
Իսկ եթէ տխուր է, պէտք է խորհի, թէ կան ուրիշներ ալ որոնք թերեւս իրմէ աւելի տխուր են եւ ցաւ ունին եւ տխուր ըլլալու աւելի շատ եւ մեծ պատճառներ ունին։ Մարդ պէտք չէ կարծէ, թէ միայն ինք ցաւ եւ վիշտ ունի, ուստի ցաւերու, վիշտերու մէջ տխրութեան ալ պէտք է բաժնեկից ըլլալ, քանի որ ցաւեր եւ վիշտեր բաժնելով կը թեթեւնան։
Ուստի, աշխարհի ծանր բեռը մարդիկ պէ՛տք է միասին, հաւասարապէս կրեն։ Հոգեր պէտք է հաւասարապէս բաժնուին, տարուին, ինչպէս նաեւ բարիքներ, ուրախութիւններ… եւ ահաւասիկ, մարդոց միջեւ կայացած անհաւասարութիւնը ճիշդ այս կէտին կը յայտնուի։ Մարդ մարդու հոգերը կրելու չի մօտենար, իսկ բարիքները կարելի չափով միայն իրեն կը պահէ։
Ինքնակեդրոն մարդը հեռո՛ւ է այս զգացումէն. անոր համար միայն ի՛նք գոյութիւն ունի. ամէն բարիք իրեն կը պատկանի, իսկ չարիք՝ ան ալ միայն իրեն կը պատահի, կարծես ուրիշներու պատահած չարիք որեւէ ազդեցութիւն չունի։ Ինքնասիրութիւնը աստիճան մը հասնկալի է, բայց ուրիշը բոլորովին անտեսել՝ անհասկնալի՛ է։ Անձնուիրութիւնը առաքինութիւն մըն է, բայց նաեւ՝ մարդկային պարտաւորութի՛ւն մը։ Առանց մէկուն՝ միւսին կեանքը ապահովել եւ գոյատեւել կարելի չէ, քանի որ «մարդ» ստեղծուած է իրերօգնութեան կոչումով եւ իրերօգնութեան հիմն է՝ սէրը։
Տեւապէս շահելու, բարձրանալու, հարստանալու փափաքը մարդուս համար բնազդային, ընդոծին հոգեվիճակ մըն է. բայց պէտք է զսպել զայն. չափաւորել եւ չչափազանցե՛լ անոր գործածութիւնը, քանի որ այդ բնական տենչանքները մոլուցքներ դառնալու հակամիտութիւնները ունին ընդհանրապէս, եթէ մարդ ասոնցմէ զատ եւ ասոնցմէ վեր ուրիշ բան չտեսնելու կարողութեամբ չէ օժտուած։
Ներքին աստուածային խորհրդաւոր ձայնը պէտք է լսել նաեւ զուարճանալու, ծխելու, խմելու նման, ընդհանրապէս անվնաս, եւ երբեմն ալ պահանջք նկատուած բնական եւ արուեստական կամ ստացական հաճոյքներու մասին, քանի որ ինչպէս ամէն բանի, նաեւ անոնց չափազանցութիւնը եւ սովորական ընթացքը ի վերջոյ աննուաճելի թափի մը կրնայ վերածուիլ, եւ այսպէս ենթական Թոլսթոյի նկարագրած գինովին նման, կ՚անիծէ իր առջեւ գտնուած խմիչքին գաւաթը, առանց կարենալու ազատիլ անոր կաշկանդիչ մահացու ճիրաններէն։
Սիրելի՜ բարեկամներ, թէ՛ ուրախ եւ թէ տխուր պահերուն, չըլլանք ինքնակեդրոն ու խորհինք եւ անդրադառնանք, որ ուրիշներ ալ ուրախ ըլլալու իրաւունք ունին, իսկ տխուր պահերուն՝ գիտնանք, որ մեզմէ աւելի՛ տխուր մարդիկ կան մեր շուրջը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 20, 2025, Իսթանպուլ