ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՀԱԼԱԾՈՂՆԵՐՈՒՆ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԼՈՒԾՈՒՄ

Մօտաւորապէս տասներկու տարիներ առաջ՝ 2013-2014 թուականներուն, Լիբանանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրապետն էի. օր մը լաւ ձայն ունեցող կին մը հետեւեալ արտայայտութիւնը ունեցաւ. «Լիբանանի բոլոր դպրապետները կը զանգեն, որպէսզի իրենց մօտ երթամ երգեմ. դուն ինչո՞ւ չես կանչեր». այդ «ինչո՞ւ»ին պատասխանը շատ պարզ ու յստակ էր. մարդ եկեղեցի կը յաճախէ (եւ կամ գուցէ պէտք է յաճախէ) ո՛չ դպրապետին, ո՛չ քահանային եւ ո՛չ ալ այլ անձի մը համար. եկեղեցի կը յաճախեն միայն ու միայն Աստուծոյ համար: 

Այս նիւթին շուրջ սկսայ աւելիով մտածել, երբ անմիտ հայաստանցի մը կը փորձէր պաշտպանել Փաշինեանի նախապէս պատարագներու չմասնակցիլը՝ պատճառաբանելով, որ եկեղեցականներու պահուածքը զինք հեռու պահած էր տաճարէն: Այնպէս ինչպէս վատ վարչապետ մը պատճառ չ՚ըլլար, որ ազգդ եւ պետութիւնդ ատես ու հրաժարիս, նոյնպէս վատ եկեղեցական մը չի կրնար պատճառ ըլլալ մարդը Աստուծոյ ներկայութենէն հեռու պահելու: Բոլորս ալ լաւապէս գիտենք, որ անձերը գնայուն են. թէ՛ վարչապետը, թէ՛ քահանան, թէ՛ կաթողիկոսը՝ ազգը, պետութիւնը կամ եկեղեցին չեն. անոնք ժամանակաւոր առաջնորդներ են, որոնց պարտաւորութիւնն է եկեղեցին ու ազգը առաջնորդել որոշ ժամանակամիջոցի մը համար:

Այսօր կը տեսնենք, թէ խումբ մը մարդիկ (որոնք գուցէ ամբողջ կեանք մը եկեղեցի յաճախած չեն, գուցէ նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Սուրբ Աւազանէն ծնած չեն) շուրջպար բռնողի պէս վարչապետին հետ միասին եկեղեցիէ եկեղեցի կը շրջին՝ զԱստուած փառաբանելու տեղ կեցցէի կոչեր ու ծափեր բարձրացնելով անոր։ Այդպիսիները աղօթքի պահուն պէտք է պահ մը տեսնել. Եսայի մարգարէի այս խօսքերը կը յիշեցնեն. «Ժողովուրդս այս բերանով իւրով, եւ շրթամբք իւրեանց պատուեն զիս. եւ սրտիւք իւրեանց հեռացեալ մեկուսի են յինէն» (Եսայի 29:13). սակայն, այս մէկը խնդիր չէ, որովհետեւ վստահելով Աստուածաշունչին «իւրաքանչիւր ոք ի մէնջ ընդ անձին համարս տացէ Աստուծոյ». ամէ՛ն մարդ ինքն իր արարքներուն համար պատասխանատու եւ հաշուետու է Աստուծոյ դիմաց: Մեր օրերուն եկեղեցին կարծես ոմանց համար Փաշինեանի ներկայութեամբ է, որ կը «սրբանայ», սակայն, Ոսկեբերան Հայրապետ կ՚ըսէ, որ եկեղեցին կը սրբանայ Աստուծոյ ներկայութեամբ եւ ո՛չ մարդոց: 

Կ՚ուզեմ պահ մը ընդունիլ ու հաւատալ, որ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը զաւակ ունի. կ՚ուզեմ պահ մը հաւատալ ու ընդունիլ, որ իր կուսակրօնութեան ուխտին մէջ թերացած է. եթէ մարդիկ իրապէս այդքան «եկեղեցասէր» են, այդքան շո՞ւտ մոռցած են Քրիստոսի «ապաշխարութեան» կոչը. չի՞ կրնար ըլլալ կուսակրօնութեան ուխտը խախտելէ ետք լրջօրէն ապաշխարած ըլլայ ու իր մեղքերուն համար քաւութիւն ստացած ըլլայ Տիրոջմէն. այդքան շո՞ւտ մոռցան մեր «բարեպաշտ» քրիստոնեաները, որ Քրիստոսի կողքը խաչուողները աւազակներ էին. ոճրագործութիւն, գողութիւն եւ ամէ՛ն տեսակ վատութեամբ ապրած մարդիկ. սակայն, խաչի վրայի վերջին ապաշխարութիւնը անոնցմէ մէկը առաջնորդեց դէպի Երկինքի Արքայութիւն: Կաթողիկոսին կուսակրօն ըլլալ չըլլալը վնաս է իր ուխտին, իր անձին ու այդ բոլորին համապատասխան դատաստանը Աստուած արդէն իսկ պիտի կատարէ. անոր զաւակ ունենալը որու ի՞նչ վնաս կը պատճառէ. այո, թերեւս սխալեցաւ, բայց, միւս կողմէ, ապաշխարեց ու դարձի եկաւ. Պօղոս առաքեալ նախքան Պօղոս դառնալը որպէս Սողոս քրիստոնեաները կը հալածէր. այսօր կը ճանչցուի որպէս քրիստոնէութեան մեծագոյն առաքեալներէն մէկը. օրինակ առէք Ս. Օգոստինոսի կեանքը: 

Ո՞ւր է այդ եկեղեցասէրներուն ճշմարիտ քրիստոնէութիւնը. ո՞ւր է սիրոյ եւ քրիստոնէութեան պատուիրանը. վերջապէս կաթողիկոսն ալ եկեղեցական ըլլալէ առաջ մարդ է՝ մարդկային բոլոր յատկութիւններով. ան ալ Քրիստոսով անոնց եղբայրներէն մէկն է եւ սխալեցաւ. իրենք որպէս բարեպաշտ քրիստոնեայ չե՞ն գիտեր, որ Քրիստոս ըսաւ. «Եթէ դուք մարդոց մեղքը ներէք Աստուած ալ ձեր մեղքերը պիտի ներէ» (հմմտ Մատթէոս 6:14-15)։ Ահաւասի՛կ, բոլոր բարեպաշտներուն ոսկի առիթ մը Աստուծմէ ներում ստանալու. թող ներեն իրենց եղբայրը։ Ահաւասի՛կ, սրբազան առիթ ներումի. առիթ՝ Աստուծոյ պատուիրանը կատարելու: Ստեփանոս Նախավկայ զինք քարկոծելով սպաննողները ներեց։ Եթէ կաթողիկոսը ընդամէնը զաւակ մը ունեցած է, որպէս քրիստոնեայ ինչո՞ւ չեն ներեր։ Եթէ իրապէս Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հանդէպ սէր ունին, ապա թող սկիզբը լաւապէս սերտեն Աստուածաշունչը, հասկնան, թէ Սուրբ Գիրքը ինչ կ՚ըսէ անձի մը սխալները բարձրաձայնելու եւ զինք «հրապարակային» պախարակելու մասին. թող եկեղեցին «փրկել»ու անուան տակ իրենց անձերը կորուստի չտանին։ Լաւապէս հասկնան գրուածը, որովհետեւ Սուրբ Գիրքը (եթէ կը հաւատան) աւելի վեհ ու բարձր է՝ քան Նիկոլ Փաշինեանը, քան Վեհափառ Հայրապետը: 

Թող չնմանին այն աղանդաւորներուն, որոնք իրենց հաշւոյն եկած տողերը կը բարձրաձայնեն, սակայն միւսները զանց կ՚ընեն. բոլորս ալ ընդունինք, որ Վեհափառ Հայրապետը զաւակ ունի, սակայն մենք որպէս Քրիստոսի հետեւորդ, որպէս անոր հաւատարիմ զաւակ հնազանդ ըլլալով անոր պատուիրաններուն, մեր եղբայրը չենք մեղադրեր ու զինք կ՚առաջնորդենք դէպի փրկութիւն: 

Անշուշտ՝ եթէ այս բոլորը իրենց սեփական շահերուն կը յարմարի, որովհետեւ սեփական շահը հոգեւոր պատուիրան, Քրիստոս-Աստուած մտիկ չ՚ըներ:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Եղբայր մը մեղանչեց. անոր մեղքին դիմաց ի՞նչ պէտք է ընենք:

Պատասխան. Եղբայր մը եթէ մեղանչեց, ապա քրիստոնէաբար անհրաժեշտ է հասկնալ Աստուածային ներումը. պէտք է աղօթել անոր համար եւ օգնել, որպէսզի ան իր վարքը փոխէ եւ նոյն մեղքին մէջ դարձեալ չյայտնուի: Այս հարցով կարեւոր է խորհրդակցիլ հոգեւոր հովիւին հետ, ընդունիլ անհրաժեշտ զղջումը եւ սիրով ու համբերութեամբ առաջնորդուիլ դէպի բարոյական եւ հոգեւոր վերածնունդ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 22, 2025