ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՊԵՏԱԿԱՆ ԿԱՃԱՌԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ ԵՐՐՈՐԴ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՖՈՐՈՒՄԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Երեւանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Մոսկուայի Միջազգային յարաբերութիւններու պետական կաճառի շրջանաւարտներու երրորդ միջազգային ֆորումը։ Աշխարհի շուրջ յիսուն երկիրներէն աւելի քան երեք հարիւր մասնակիցներ ներկայ գտնուեցան այս ֆորումին, որուն ներկայ էր նաեւ յիշեալ կաճառի վերատեսուչը՝ ակադեմիկոս Անաթոլի Թորքունով։ Ֆորումի բացման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան։ Շրջանաւարտներու ֆորումի մասնակիցներուն ողջոյնի խօսքով մըն ալ դիմեց ակադեմիկոս Անաթոլի Թորքունով։
Հարկ է նշել, որ Մոսկուայի Միջազգային յարաբերութիւններու պետական կաճառը շատ կարեւոր կրթական հաստատութիւն մըն է դիւանագէտներու պատրաստութեան բնագաւառէն ներս։ Այդ կաճառի շրջանաւարտներուն միջեւ կը գտնուին աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու ազդու պետական գործիչներ։ Երեւանի ֆորումին ընթացքին քննարկուեցան տարածքաշրջանային եւ համաշխարհային բնոյթով շարք մը հարցեր, որոնք ներկայիս առաջնահերթօրէն կը զբաղեցնեն միջազգային օրակարգը։
Այս ֆորումին զուգահեռ Երեւանի մէջ նշուեցաւ նաեւ շատ յատկանշական յոբելեան մը։ Այսպէս, բացումը կատարուեցաւ Մոսկուայի Արեւելեան լեզուներու «Լազարեան» ճեմարանի հիմնադրութեան 200-ամեակին ձօնուած յոբելենական ցուցահանդէսին բացումը։ Նոյն առթիւ «Հայփոստ»ի կողմէ թողարկուած դրոշմաթուղթերն ալ կնքուեցան հանդիսաւոր արարողութիւնով մը։ Յոբելենական դրոշմաթուղթերուն վրայ կնիքներ դրին Եդուարդ Նալպանտեան, Անաթոլի Թորքունով եւ այլ պաշտօնատարներ։ Հարկ է նշել, որ «Լազարեան» ճեմարանի պատմական փառաւոր շէնքին մէջ ներկայիս խարսխուած է Մոսկուայի մօտ Հայաստանի դեսպանութիւնը։
Մինչ այդ, շրջանաւարտներու ֆորումին ընթացքին ակադեմիկոս Անաթոլի Թորքունով Նախագահ Սերժ Սարգսեանին յանձնեց Մոսկուայի Միջազգային յարաբերութիւններու պետական կաճառի մետայլը։
Հարկ է նշել, որ ֆորումի մասնակիցները յարգանքի այցելութիւն մը տուին նաեւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը։
Միւս կողմէ, Սերժ Սարգսեան երէկ Անաթոլի Թորքունովը առանձնապէս ալ հիւրընկալեց նախագահական ապարանքին մէջ, ուր զինքը պարգեւատրեց Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուոյ շքանշանով։